1
ԵՐԵՄԵԱՅ 50:34
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Անոնց Փրկիչը զօրաւոր է, Անոր անունը Զօրքերու Տէր է. Անիկա անշուշտ անոնց դատին ջատագով պիտի ըլլայ, Որպէս զի երկրին հանգստութիւն տայ Ու Բաբելոնի բնակիչները խռովեցնէ։
Compare
Explore ԵՐԵՄԵԱՅ 50:34
2
ԵՐԵՄԵԱՅ 50:6
«Իմ ժողովուրդս կորսուած ոչխարներու պէս եղաւ, Իրենց հովիւները զանոնք մոլորեցուցին։ Զանոնք լեռներու վրայ պտըտցուցին։ Անոնք ալ լեռնէ լեռ ու բլուրէ բլուր գացին Ու իրենց մակաղատեղին մոռցան։
Explore ԵՐԵՄԵԱՅ 50:6
3
ԵՐԵՄԵԱՅ 50:20
Այն օրերն ու այն ժամանակը, կ’ըսէ Տէրը, Իսրայէլի մէջ անօրէնութիւն պիտի փնտռուի, Բայց անօրէնութիւն պիտի չըլլայ Եւ Յուդայի մէջ մեղքեր պիտի փնտռուին, Բայց պիտի չգտնուին. Վասն զի պիտի ներեմ անոնց մեղքը, որոնք իբր մնացորդ պահած եմ»։
Explore ԵՐԵՄԵԱՅ 50:20