ԵՐԵՄԵԱՅ 49
49
ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԱՄՄՈՆԻՆ
1Ամմոնին որդիներուն վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Միթէ Իսրայէլ տղաքներ չունի՞.
Միթէ անիկա ժառանգ չունի՞.
Ինչո՞ւ Մեղքոմը Գադին ժառանգ եղաւ։
Ու իր ժողովուրդը անոր քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ։
2Ասոր համար ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը,
Երբ Ամմոնին որդիներուն Ռաբբայի մէջ
Պատերազմի աղաղակ լսել պիտի տամ
Ու անիկա աւերակներու դէզ պիտի ըլլայ
Եւ անոր #49:2 Եբր., աղջիկներըգիւղերը կրակով պիտի այրին
Ու Իսրայէլ իրեն տիրողներուն վրայ պիտի տիրէ, կ’ըսէ Տէրը։
3«Ողբա՛, ո՛վ Եսեբոն, վասն զի Գային կորսուեցաւ։
Աղաղակեցէ՛ք, ո՛վ Ռաբբայի աղջիկներ,
Քուրձեր հագէ՛ք, լացէ՛ք
Ու ցանկէ ցանկ վազեցէ՛ք.
Վասն զի Մեղքոմ գերութեան կ’երթայ
Իր քուրմերովն ու իշխաններովը մէկտեղ։
4Ինչո՞ւ քու հովիտներովդ կը պարծիս։
Քու հովիտդ աւերուեցաւ, ո՛վ ապստամբ աղջիկ,
Որ քու գանձերուդ ապաւիներ էիր
Ու կ’ըսէիր թէ ‘Իմ վրաս ո՞վ կրնայ գալ’։
5«Ահա ես, կ’ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան,
Քու վրադ վախ պիտի բերեմ
Բոլորտիքդ եղողներէն
Եւ ամէն մէկը իր առջեւի ճամբան երթալով՝ պիտի ցրուիք
Ու փախստականները հաւաքող պիտի չըլլայ։
6Եւ անկէ ետքը Ամմոնին որդիները գերութենէ
Պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԵԴՈՎՄԻՆ
7Եդովմի վրայով զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Արդեօք Թեմանի մէջ ա՛լ իմաստութիւն չկա՞յ
Ու հանճարեղներէն խորհուրդը կորսուեցա՞ւ.
Անոնց իմաստութիւնը հատա՞ւ։
8Փախէ՛ք, դարձէ՛ք, խորունկ տեղեր բնակեցէ՛ք,
Ո՛վ Դեդանի բնակիչներ,
Վասն զի Եսաւին կորուստը
Անոր պատժուելու ժամանակը անոր վրայ պիտի բերեմ։
9Եթէ քեզի այգի կթողներ գային,
Միթէ ճիռեր պիտի չթողուի՞ն.
Եթէ գիշերով գողեր գային.
Իրենց բաւարար եղածին չա՞փ պիտի յափշտակէին։
10Բայց ես Եսաւը բոլորովին մերկացուցի,
Անոր ծածուկ տեղերը բացի,
Այնպէս որ ան չկրցաւ պահուըտիլ։
Անոր զաւակները, անոր եղբայրներն ու անոր դրացիները կորսուեցան
Եւ ինք չկայ։
11Որբերդ թո՛ղ տուր, ես զանոնք ողջ կը պահեմ
Ու քու որբեւարիներդ թող ինծի ապաւինին»։
12Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա անոնք, որ բաժակը խմելու պարտաւոր չէին, անշուշտ պիտի խմեն.
Իսկ դուն բոլորովին անպատի՞ժ պիտի մնաս։
Անպատիժ պիտի չմնաս,
Հապա անպատճառ պիտի խմես։
13Վասն զի իմ անձիս վրայ երդում կ’ընեմ, կ’ըսէ Տէրը,
Որ Բօսրան ամայութիւն, նախատինք, աւերակ ու անէծք պիտի ըլլայ
Եւ անոր բոլոր քաղաքները յաւիտենապէս աւերակ պիտի ըլլան»։
14Տէրոջը կողմէ լուր լսեցի
Ու ազգերուն դեսպան ղրկուած է, որ կ’ըսէ.
«Հաւաքուեցէ՛ք եւ անոր վրայ գացէ՛ք
Ու պատերազմի ելէ՛ք»։
15Քանզի ահա քեզ ազգերու մէջ՝ պզտիկ
Ու մարդոց մէջ անարգ ըրի։
16Քու ահաւորութիւնդ, քու սրտիդ հպարտութիւնը քեզ խաբեցին,
Ո՛վ վէմին խոռոչներուն մէջ բնակող
Ու բարձր բլուրներուն փակչող.
Եթէ քու բոյնդ արծիւի պէս բարձրերն ալ շինես,
Քեզ անկէ պիտի իջեցնեմ, կ’ըսէ Տէրը։
17«Եդովմ ամայի պիտի ըլլայ.
Անկէ ամէն անցնող պիտի զարմանայ
Եւ անոր բոլոր աղէտներուն համար պիտի սուլէ։
18Սոդոմի ու Գոմորի եւ անոր շրջակայ քաղաքներուն կործանումին պէս», կ’ըսէ Տէրը,
«Հոն ա՛լ մարդ պիտի չնստի
Ու անոր մէջ մարդու զաւակ պիտի չբնակի։
19Ահա անիկա առիւծի պէս ամուր բնակարանի վրայ պիտի ելլէ
Յորդանանի ջուրերուն յորդելէն.
Բայց անոր վրայէն շուտով պիտի փախցնեմ զանիկա
Եւ ո՞վ է այն ընտրեալը, որ անոր վրայ դնեմ.
Վասն զի ինծի նման ո՞վ կայ
Ու #49:19 Կամ, ո՞վ ինծի ժամանակ պիտի որոշէինծի հետ ո՞վ պիտի վիճաբանի՝ ՝
Եւ ո՞վ է այն հովիւը, որ իմ առջեւս պիտի կենայ։
20Անոր համար Եդովմի վրայով Տէրոջը խորհուրդը
Ու Թեմանի բնակիչներուն վրայով կազմած ծրագիրը լսեցէ՛ք.
Հօտին ամենէն պզտիկը անպատճառ պիտի քշէ զանոնք,
Անշուշտ անոնց բնակարանները անոնց հետ պիտի աւերէ։
21Անոնց իյնալու ձայնէն երկիրը պիտի շարժի.
Անոնց աղաղակին ձայնը մինչեւ Կարմիր ծով պիտի լսուի։
22Ահա թշնամին արծիւի պէս բարձրանալով պիտի թռչի
Ու իր թեւերը Բօսրայի վրայ պիտի տարածէ
Եւ այն օրը Եդովմին զօրաւորներուն սիրտը
Իր երկունքին մէջ եղող կնոջ սրտին պէս պիտի ըլլայ»։
ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ
23Դամասկոսի վրայով։
«Եմաթ ու Արփաթ ամչցան,
Քանզի գէշ լուր լսեցին ու մարեցան։
Ծովուն մէջ տառապանք կայ,
Անիկա չի կրնար հանդարտիլ։
24Դամասկոս տկարացաւ,
Սկսաւ փախչիլ,
Արհաւիրքը անոր վրայ հասաւ.
Զանիկա ծննդական կնոջ պէս նեղութիւն ու ցաւեր բռնեցին։
25Ի՜նչպէս լքուեցաւ երեւելի քաղաքը
Ու ուրախութեան քաղաքը։
26Ուստի անոր կտրիճները իր հրապարակներուն մէջ պիտի իյնան
Եւ բոլոր պատերազմիկները
Այն օրը բնաջինջ պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
27Դամասկոսի պարսպին մէջ կրակ պիտի բռնկցնեմ,
Որ Բենադադին պալատները պիտի լափէ»։
ԿԵԴԱՐԻ ՑԵՂԻՆ ԵՒ ՀԱՍՈՐ ՔԱՂԱՔԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
28Կեդարին վրայով ու Հասորի թագաւորութիւններուն վրայով, որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զարկաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ելէ՛ք, Կեդարի՛ վրայ գացէք
Եւ արեւելքի բնակիչները ջարդեցէ՛ք.
29Անոնց վրաններն ու հօտերը պիտի առնուին,
Անոնց վարագոյրներն ու բոլոր կարասիները
Եւ ուղտերը իրենցմէ հեռու պիտի տարուին
Ու անոնց պիտի ըսուի թէ
‘Ամէն կողմանէ վախ կայ’։
30Փախէ՛ք, շուտով հեռացէ՛ք, խորունկ տեղեր բնակեցէ՛ք,
Ո՛վ Հասորի բնակիչներ, կ’ըսէ Տէրը,
Վասն զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը
Ձեզի դէմ բան մը ծրագրեց
Ու ձեզի դէմ դիտաւորութիւն մը մտածեց։
31«Ելէ՛ք ու հանգստութեան եւ ապահովութեան մէջ բնակող ազգին գացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը,
Որ դռներ ու նիգեր չունի ու առանձինն կը բնակի։
32Եւ անոնց ուղտերը պիտի կողոպտուին
Ու անոնց խաշինքներուն բազմութիւնը պիտի յափշտակուի
Եւ իրենց մօրուքին ծայրը կտրողները ամէն հովի պիտի ցրուեմ
Ու անոնց կործանումը ամէն կողմէ պիտի բերեմ, կ’ըսէ Տէրը
33Եւ Հասորը չագալներու բնակարան,
Յաւիտենական ամայութիւն պիտի ըլլայ.
Հոն մարդ պիտի չնստի
Ու հոն մարդու զաւակ պիտի չբնակի»։
ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԵՂԱՄԻՆ
34Յուդայի թագաւորին Սեդեկիային թագաւորութեան սկիզբը Եղամին մասին Երեմիա մարգարէին եղած Տէրոջը խօսքն է, որ ըսաւ.
35Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես Եղամին աղեղը,
Անոնց գլխաւոր զօրութիւնը պիտի կոտրեմ։
36Ու Եղամին վրայ երկնքի չորս կողմէն չորս հովեր պիտի բերեմ,
Զանոնք այս բոլոր հովերուն պիտի ցրուեմ
Ու պիտի չըլլայ ազգ մը, որուն Եղամի փախստականները չերթան։
37Ու Եղամացիները իրենց թշնամիներուն առջեւ
Եւ իրենց հոգին փնտռողներուն առջեւ պիտի վախցնեմ
Ու անոնց վրայ պատուհաս պիտի բերեմ,
Այսինքն իմ սաստիկ բարկութիւնս, կ’ըսէ Տէրը։
Եւ անոնց ետեւէն սուր պիտի ղրկեմ,
Մինչեւ զանոնք հատցնեմ։
38Ու իմ աթոռս Եղամի մէջ պիտի դնեմ
Եւ թագաւոր ու իշխաններ պիտի կորսնցնեմ անկէ, կ’ըսէ Տէրը։
39Բայց վերջին օրերը
Եղամը գերութենէ պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 49: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.