ԵՐԵՄԵԱՅ 5
5
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԵՂՔԸ
1Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ պտըտեցէ՛ք,
Նայեցէ՛ք ու գիտցէ՛ք
Անոր հրապարակներուն մէջ փնտռեցէ՛ք.
Եթէ մարդ մը կրցա՞ք գտնել,
Եթէ իրաւունք ընող, ճշմարտութիւն փնտռող մը կա՞յ,
Ես այն քաղաքին թողութիւն ընեմ։
2Թէեւ «Տէրը կենդանի է», կ’ըսեն,
Բայց ստութեամբ երդում կ՛ընեն։
3Ո՛վ Տէր, միթէ քու աչքերդ ճշմարտութեան չե՞ն նայիր։
Զանոնք ծեծեցիր, բայց ցաւ մը չզգացին,
Զանոնք հատցուցիր, բայց խրատ մը ընդունիլ չուզեցին,
Իրենց երեսը ապառաժէն աւելի կարծրացուցին
Եւ դառնալ չուզեցին։
4Ու ես ըսի. «Իրաւցընէ անոնք աղքատ են,
Անոնք անմիտ են, քանզի Տէրոջը ճամբան,
Իրենց Աստուծոյն օրէնքը չեն գիտեր։
5Ես մեծերուն պիտի երթամ
Եւ անոնց հետ պիտի խօսիմ,
Վասն զի անոնք Տէրոջը ճամբան
Եւ իրենց Աստուծոյն օրէնքը գիտեն»։
Բայց ահա անոնք ալ լուծը կոտրեցին,
Կապերը փրցուցին։
6Անոր համար անտառին առիւծը պիտի մեռցնէ զանոնք,
# 5:6 Կամ, երեկոյեան գայլը Անապատներուն գայլը՝ ՝ պիտի սատկեցնէ զանոնք,
Անոնց քաղաքներուն վրայ ինձը պիտի հսկէ,
Անոնցմէ դուրս ելլողը պիտի գիշատուի.
Վասն զի անոնց յանցանքները շատցան
Ու անոնց ապստամբութիւնները բազմացան։
7«Ասոր համար ի՞նչպէս կրնամ քեզի ներել».
Քու որդիներդ զիս լքեցին
Եւ չաստուածներով երդում ըրին։
Երբ զանոնք կշտացուցի, անոնք շնութիւն ըրին
Եւ բազմութեամբ պոռնկանոց գացին։
8Առտուն գիրցած ձիերու պէս են,
Ամէն մարդ իր դրացիին կնոջ կը վրնջէ։
9«Միթէ այս բաներուն համար պիտի չպատժե՞մ զանոնք,
Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ հոգիս վրէժ պիտի չառնէ՞»։
10«Անոր պարիսպներուն վրայ ելէ՛ք ու կործանեցէ՛ք,
Բայց ո՛չ բոլորովին։
Անոր մարտկոցները վերցուցէ՛ք,
Վասն զի անոնք Տէրոջը չեն։
11Քանզի Իսրայէլին տունը եւ Յուդային տունը
Ինծի խիստ անհաւատարիմ եղան», կ’ըսէ Տէրը։
ՏԷՐԸ ԻՍՐԱՅԷԼԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ
12«Անոնք Տէրը ուրացան ու ըսին. ‘Անիկա չէ
Ու մեր վրայ չարիք պիտի չգայ,
Սուր ու սով պիտի չտեսնենք։
13Մարգարէները հովի պէս են
Ու անոնց բերանը Տէրոջը խօսքը չկայ.
Անոնց այնպէս պիտի ըլլայ’»։
14Անոր համար զօրքերու Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.
«Քանի որ դուք այսպէս խօսեցաք,
Ահա ես իմ խօսքերս քու բերնիդ մէջ՝ կրակ
Եւ այս ժողովուրդը փայտ պիտի ընեմ,
Որ զանոնք սպառէ»։
15«Ահա ես ձեր վրայ հեռուէն ազգ մը կը բերեմ,
Ո՛վ Իսրայէլի տուն, կ’ըսէ Տէրը.
Անիկա զօրաւոր ազգ է,
Անիկա հին ազգ է,
Այնպիսի ազգ մըն է, որուն լեզուն չես գիտեր
Ու խօսածը չես հասկնար։
16Անոնց կապարճները բաց գերեզմանի պէս են,
Բոլորն ալ զօրաւոր մարդիկ են։
17Անիկա պիտի ուտէ քու հունձքդ
Ու քու տղաքներուդ ու աղջիկներուդ ուտելու հացը։
Քու հօտերդ եւ արջառներդ պիտի ուտէ,
Քու այգիներդ ու թզենիներդ պիտի ուտէ,
Քու պարսպապատ քաղաքներդ, որոնց ապաւինած ես,
Սուրով պիտի աւերէ»։
18«Բայց այն օրերն ալ, կ’ըսէ Տէրը,
Ձեզ պիտի չհատցնեմ։
19Եւ եթէ ըսէք՝
‘Ի՞նչ պատճառով մեր Տէր Աստուածը այս բոլոր բաները ըրաւ մեզի’,
Դուն անոնց ըսէ.
‘Ինչպէս դուք զիս թողուցիք
Ու ձեր երկրին մէջ օտար աստուածներու ծառայութիւն ըրիք,
Այնպէս ալ դուք ձերը չեղած երկրին մէջ
Օտարներու ծառայութիւն պիտի ընէք’»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ
20Ասիկա Յակոբին տանը մէջ պատմեցէք
Ու Յուդային մէջ հրատարակելով՝ ըսէք.
21«Հիմա մտիկ ըրէ՛ք ասիկա,
Ո՛վ յիմար ու անմիտ ժողովուրդ,
Որ աչքեր ունիք, բայց չէք տեսներ.
Ականջներ ունիք, բայց չէք լսեր։
22‘Ինծմէ պիտի չվախնա՞ք’, կ’ըսէ Տէրը,
‘Իմ երեսէս պիտի չդողա՞ք,
Որ յաւիտենական հրամանով մը աւազը ծովուն սահման դրի
Եւ անկէ չանցնիր.
Թէեւ անոր ալիքները կը յարձակին, բայց չեն կրնար յաղթել,
Թէեւ անոնք կը գոռան, բայց անկէ չեն կրնար անցնիլ։
23Սակայն այս ժողովուրդը անհնազանդ ու ապստամբ սիրտ մը ունի,
Անոնք երթալով իրենց ճամբան ծռեցին
24Եւ իրենց սրտին մէջ չըսին՝
‘Մեր Տէր Աստուծմէն վախնանք,
Որ անձրեւը, առաջին ու վերջին անձրեւը իր ատենին կու տայ
Եւ հունձքի համար որոշուած շաբաթները մեզի կը պահէ’»։
25Ձեր անօրէնութիւնները հեռացուցին այս բաները,
Ձեր մեղքերը դադրեցուցին բարիքը։
26Վասն զի իմ ժողովուրդիս մէջ ամբարիշտներ գտնուեցան.
Անոնք որսորդներու կծկտուելուն պէս դարանամուտ կ’ըլլան,
Որոգայթ կը լարեն, մարդիկ կը բռնեն։
27Ինչպէս վանդակը թռչուններով լեցուն է,
Այնպէս անոնց տուները նենգութեամբ լեցուն են.
Անոր համար անոնք մեծցան ու հարստացան,
28Գիրցան, պարարտացան
Եւ չարերուն գործերն ալ գերազանցեցին։
Անոնք արդար դատաստան չեն ըներ,
Որբին իրաւունքը չեն պաշտպաներ
(Բայց եւ այնպէս յաջողութիւն կը գտնեն)
Եւ աղքատին դատը չեն տեսներ։
29«Միթէ այս բաներուն համար պիտի չպատժե՞մ զանոնք, կ’ըսէ Տէրը,
Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ հոգիս վրէժ պիտի չառնէ՞»։
30Երկրին վրայ զարմանալի ու սոսկալի գործ կ’ըլլայ։
31Մարգարէները ստութեամբ մարգարէութիւն կ’ընեն,
Քահանաները անոնց ձեռքով կ’իշխեն։
Իմ ժողովուրդս այսպէս կ’ախորժի,
Բայց ի՞նչ պիտի ընէք, երբ ասոնց վախճանը հասնի։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 5: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.