ԵՐԵՄԵԱՅ 6
6
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԷ ՇՐՋԱՊԱՏՈՒԱԾ
1Ո՛վ Բենիամինի որդիներ, Երուսաղէմի մէջէն քաշուեցէ՛ք
Ու Թեկուէի մէջ փող հնչեցուեցէ՛ք,
Բեթաքարմայի վրայ նշա՛ն վերցուցէ՛ք,
Վասն զի հիւսիսէն չարիք ու մեծ կոտորած կ’երեւնայ։
2Սիօնին աղջիկը գեղեցիկ ու փափուկ կնոջ մը նմանցուցի։
3Հովիւները եւ անոնց հօտերը անոր պիտի երթան,
Անոր շուրջը վրաններ պիտի կանգնեցնեն։
Ամէն մէկը իր սահմանին մէջ պիտի հովուէ։
4«Անոր վրայ պատերազմ պատրաստեցէք.
Ելէ՛ք ու կէսօրին ելենք.
Վա՜յ մեզի, վասն զի օրը կ՛անցնի
Եւ իրիկուան ստուերները կ’երկննան»։
5«Ելէ՛ք ու գիշերով ելլենք
Եւ անոր #6:5 Կամ, պալատներըբերդերը կործանենք»։
6Վասն զի զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ծառեր կտրեցէ՛ք ու Երուսաղէմի դէմ պատնէշ կանցնեցուցէ՛ք։
Ասիկա պատժուելու արժանի քաղաք մըն է,
Բոլորովին հարստահարութեամբ լեցուած է։
7Ինչպէս ջրհորը իր ջուրերը կը բղխեցնէ,
Անիկա ալ իր չարութիւնը այնպէս կը բղխեցնէ։
Անոր մէջ զրկանք ու յափշտակութիւն կը տեսնուի,
Իմ առջեւս միշտ ցաւեր ու հարուածներ կան։
8Ո՛վ Երուսաղէմ, խրատուէ՛,
Չըլլա՛յ թէ իմ հոգիս քեզմէ զատուի.
Չըլլա՛յ թէ քեզ աւերակ եւ անբնակ երկիր մը դարձնեմ»։
ԱՊՍՏԱՄԲ ԻՍՐԱՅԷԼԸ
9Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Իսրայէլի մնացորդները այգիի պէս
Բոլորովին ճռաքաղ պիտի ընեն.
Քու ձեռքդ՝ կթողի պէս կողովներուն դարձուր»։
10Որո՞ւ խօսիմ ու վկայութիւն ընեմ, որ լսեն։
Ահա անոնց ականջները անթլփատ են
Եւ չեն կրնար մտիկ ընել։
Ահա Տէրոջը խօսքը անոնց առջեւ անարգուեցաւ,
Անկէ չեն ախորժիր։
11Սակայն Ես Տէրոջը բարկութիւնովը լեցուած եմ,
Ինքզինքս զսպելէն յոգնեցայ։
«Զանիկա դուրսը պիտի թափեմ տղաքներուն վրայ
Ու նաեւ երիտասարդներուն ժողովին վրայ.
Քանզի այր ու կին մարդը,
Ծերն ու տարիքը առածը պիտի բռնուին։
12Եւ անոնց տուները, ագարակներն ու կիները մէկտեղ
Օտարներուն ձեռքը պիտի անցնին։
Վասն զի երկրին բնակիչներուն վրայ
Իմ ձեռքս պիտի երկնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
13«Վասն զի անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը
Ամէնքը ագահութեան ետեւէ եղան
Ու մարգարէէն մինչեւ քահանան
Ամէնքը ստութեամբ կը վարուին։
14Եւ իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքը հարեւանցի բժշկելով՝
‘Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն է’, կ’ըսեն,
Երբ խաղաղութիւն չկայ։
15Միթէ իրենց պղծութիւն ըրած ատենը կ՛ամչնա՞ն։
Բնաւ չեն ամչնար
Ու պատկառիլ չեն գիտեր։
Անոր համար ինկածներուն մէջ պիտի իյնան,
Անոնց այցելութիւն ըրած ատենս պիտի գլորին», կ’ըսէ Տէրը։
ԻՍՐԱՅԷԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՃԱՄԲԱՆ ԿԸ ՄԵՐԺԷ
16Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ճամբաներու վրայ կայնեցէ՛ք ու նայեցէ՛ք
Եւ հին շաւիղներուն համար հարցուցէք,
Թէ ո՞րն է բարի ճամբան
Ու անոր մէջէն քալեցէք,
Որպէս զի ձեր հոգիներուն հանգիստը գտնէք.
Բայց անոնք ըսին. ‘Անոր մէջէն պիտի չքալենք’։
17Ձեր վրայ դէտեր դրի, ըսելով.
‘Փողին ձայնին մտիկ ըրէք’.
Բայց անոնք ըսին. ‘Մտիկ պիտի չընենք’։
18Ուրեմն, ո՜վ ազգեր, լսեցէ՛ք.
Ո՛վ ժողովուրդ, անոնց մէջ եղած բանը գիտցի՛ր։
19Լսէ՛, ո՛վ երկիր,
Ահա ես այս ժողովուրդին վրայ՝ չարիք պիտի բերեմ
Իբր անոնց խորհուրդներուն պտուղը,
Վասն զի իմ խօսքերուս մտիկ չըրին
Եւ իմ օրէնքս ալ մերժեցին։
20Ինչո՞ւ ինծի Սաբայէն կնդրուկ գայ
Ու հեռաւոր երկրէ՝ անուշահոտ խունկեղէգն։
Ձեր ողջակէզները ընդունելի չեն
Եւ ձեր զոհերը ինծի հաճելի չեն։
21Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
‘Ահա ես այս ժողովուրդին առջեւ խոչեր պիտի դնեմ
Ու հայրերը որդիներուն հետ մէկտեղ անոնց զարնուելով պիտի գլորին.
Դրացին ու բարեկամը պիտի կորսուին’»։
ՀԻՒՍԻՍԷՆ ԱՍՊԱՏԱԿՆԵՐ
22Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա հիւսիսի երկրէն ժողովուրդ մը կու գայ
Ու երկրի ծայրերէն մեծ ազգ մը կ’ելլէ։
23Անոնք աղեղ եւ նիզակ կը կրեն,
Անոնք անգութ ու անողորմ են։
Անոնց ձայնը ծովու պէս կը գոռայ,
Անոնք ձիերու վրայ կը հեծնեն
Ու պատերազմիկի պէս
Քեզի դէմ կը շարուին, ո՛վ դուստր Սիօնի»։
24Անոր լուրը լսեցինք,
Ձեռքերնիս թուլցան
Եւ ցաւերը մեզ պաշարեցին՝
Ծննդական կնոջ երկունքին պէս։
25Արտերը մի՛ ելլէք ու ճամբաները մի՛ պտըտիք.
Վասն զի չորս կողմը թշնամիի սուրն ու վախը կայ։
26Ով իմ ժողովուրդիս աղջիկը, քո՛ւրձ հագիր
Եւ մոխիրի մէջ թաւալէ
Ու խիստ դառն ողբով լաց,
Ինչպէս մէկ հատիկ տղու վրայ կու լան,
Վասն զի կործանողը յանկարծ մեր վրայ պիտի գայ։
27«Քեզ իմ ժողովուրդիս վրայ փորձիչ կարգեցի իբր բերդ,
Որպես զի անոնց ճամբան գիտնաս եւ փորձես։
28Ամէնքը կամակոր ապստամբներ են,
Բանսարկութեան կը պտըտին, պղինձ ու երկաթ են.
Ամէնքը ապականած են։
29Փքոցը այրեցաւ,
Կապարը կրակէն հատաւ.
Արծաթագործը պարապ տեղ կ’աշխատի,
Վասն զի չարերը չվտարուեցան։
30Անոնք Անպիտան արծաթ պիտի կոչուին,
Վասն զի Տէրը զանոնք մերժեց»։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 6: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.