YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 4

4
ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ՄԸ
1«Եթէ դառնաս, ո՛վ Իսրայէլ, կ’ըսէ Տէրը,
Ինծի՛ եթէ դառնաս։
Եթէ քու պղծութիւններդ իմ առջեւէս վերցնես,
Ա՛լ թափառական պիտի չըլլաս։
2Եթէ ճշմարտութեամբ, իրաւամբ ու արդարութեամբ
Երդում ընես թէ ‘Տէրը կենդանի է’,
Ազգերը անով պիտի օրհնուին
Ու անով պիտի պարծենան»։
3Վասն զի Տէրը Յուդայի ու Երուսաղէմի մարդոց այսպէս կ’ըսէ.
«Չմշակուած երկիրներ հերկեցէք ձեզի
Ու փուշերու մէջ մի՛ ցանէք։
4Ո՛վ Յուդայի մարդիկ ու Երուսաղէմի բնակիչներ,
Տէրոջը թլփատուեցէք
Եւ ձեր սրտին անթլփատութիւնը վերցուցէ՛ք,
Որ չըլլայ թէ իմ բարկութիւնս ձեր չար գործերուն համար
Կրակի պէս #4:4 Եբր., ելլէբորբոքի ու այրէ եւ մարող մը չըլլայ»։
ՅՈՒԴԱՅ ԳՐԱՒՄԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԻ ՏԱԿ
5«Յուդայի մէջ պատմեցէ՛ք
Ու Երուսաղէմի մէջ քարոզեցէ՛ք ու ըսէ՛ք,
Երկրի վրայ փո՛ղ հնչեցուցէք,
Բարձրաձայն աղաղակեցէ՛ք ու ըսէ՛ք.
‘Հաւաքուեցէ՛ք ու պարսպապատ քաղաքները մտէ՛ք’։
6Դէպի Սիօն դրօշ վերցուցէ՛ք,
Քաշուեցէ՛ք, մի՛ կայնիք.
Վասն զի ես չարիք ու մեծ կոտորած պիտի բերեմ հիւսիսէն։
7Առիւծը իր որջէն ելաւ
Եւ ազգերը ջարդողը տեղէն ելաւ, ճամբայ ինկաւ,
Որպէս զի քու երկիրդ աւերակ ընէ.
Քաղաքներդ պիտի աւերուին
Ու անոնց մէջ բնակիչ պիտի չգտնուի։
8Ասոր համար քուրձեր հագէ՛ք
Եւ սուգ ընելով ողբացէ՛ք,
Վասն զի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը մեզմէ չդարձաւ»։
9«Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը,
Թագաւորին սիրտը ու իշխաններուն սիրտը պիտի հատնի.
Քահանաները պիտի յիմարանան,
Մարգարէները պիտի ապշին»։
10Այն ատեն ըսի.
«Աւա՜ղ, ո՛վ Տէր Եհովա,
Արդարեւ դուն այս ժողովուրդը ու Երուսաղէմը խաբելով խաբեցիր՝ ըսելով.
‘Ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’.
Մինչդեռ սուրը մինչեւ անոնց հոգին հասաւ»։
11Այն ատեն այս ժողովուրդին ու Երուսաղէմին պիտի ըսուի.
«Այրող հով մը անապատին բլուրներէն կը փչէ
Իմ ժողովուրդիս աղջկան ճամբուն մէջ,
Ո՛չ թէ հոսելու համար, ո՛չ ալ մաքրելու համար։
12Սաստիկ հով մը պիտի գայ ինծի։
Հիմա ես ալ անոնց հետ դատաստաններով պիտի խօսիմ»։
ՅՈՒԴԱՅ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՎ ՇՐՋԱՊԱՏՈՒԱԾ
13Ահա անիկա ամպերու պէս պիտի ելլէ
Եւ անոր կառքերը՝ մրրիկի պէս։
Անոր ձիերը արծիւներէն աւելի արագընթաց են։
Վա՜յ մեզի, որ կ’աւերուինք։
14Ո՛վ Երուսաղէմ, սիրտդ չարութենէ լուա՛,
Որպէս զի փրկութիւն գտնես։
Քու չար խորհուրդներդ մինչեւ ե՞րբ սրտիդ մէջ պիտի մնան։
15Վասն զի ձայն մը Դանէն լուր կը բերէ
Ու Եփրեմի լեռնէն թշուառութիւն լսել կու տայ։
16 Ասիկա ազգերուն յիշեցուցէք,
Եւ Երուսաղէմին իմացուցէ՛ք,
«Հեռաւոր երկրէ պաշարողներ կու գան,
Յուդայի քաղաքներուն վրայ իրենց ձայնը կ’արձակեն։
17Անոր չորս կողմը ագարակի պահապաններու պէս պիտի պաշարեն,
Վասն զի անիկա ինծմէ ապստամբեցաւ, կ’ըսէ Տէրը։
18Այս բաները քու ճամբաներդ ու գործերդ բերին քու վրադ.
Ասիկա քու չարութիւնդ է, վասն զի դառն է.
Որովհետեւ մինչեւ քու սիրտդ հասաւ»։
ԵՐԵՄԻԱՅԻ ՎԻՇՏԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ
19«Փորը՜ս, փորը՜ս, մինչեւ սրտիս շտեմարանները ցաւ կը զգամ.
Սիրտս իմ ներսիդիս կը խռովի, չեմ կրնար լռել.
Քանզի դուն, ո՛վ իմ անձս, փողին ձայնը
Եւ պատերազմին աղաղակը լսեցիր։
20Կոտորած կոտորածի կը հետեւի,
Վասն զի բոլոր երկիրը կործանուեցաւ.
Վրաններս յանկարծակի
Ու խորաններս մէկէն կործանուեցան.
21Մինչեւ ե՞րբ դրօշը պիտի տեսնեմ
Եւ փողին ձայնը պիտի լսեմ։
22Քանզի իմ ժողովուրդս յիմար է, զիս չճանչցան.
Անոնք անմիտ զաւակներ են,
Անոնց քով հանճար չկայ.
Անոնք չարութիւն ընելու համար իմաստուն են,
Բայց աղէկութիւն ընել չեն գիտեր»։
ԵՐԵՄԻԱՅԻ ԳԱԼԻՔ ԿՈՐԾԱՆՄԱՆ ՏԵՍԻԼՔԸ
23Երկրին նայեցայ եւ ահա անձեւ ու պարապ էր.
Երկնքին նայեցայ ու լոյս չունէր։
24Լեռներուն նայեցայ եւ ահա կը դողային
Ու բոլոր բլուրները կը սարսէին։
25Նայեցայ եւ ահա մարդ չկար
Ու երկնքին բոլոր թռչունները փախած էին։
26Նայեցայ եւ ահա պտղաբեր երկիրը անապատ եղած էր
Ու բոլոր քաղաքները Տէրոջը երեսէն,
Անոր սաստիկ բարկութեան երեսէն փլած էին։
27Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Բոլոր երկիրը պիտի աւերուի,
Բայց բոլորովին աւերակ պիտի չընեմ։
28Ասոր վրայ երկիրը սուգ պիտի բռնէ
Ու վերէն երկինքը պիտի խաւարի.
Վասն զի խօսեցայ, որոշեցի
Եւ պիտի չզղջամ ու անկէ ետ պիտի չդառնամ»։
29Ձիաւորներուն եւ աղեղնաւորներուն ձայնէն
Բոլոր քաղաքը պիտի փախչի։
Անոնք թանձրախիտ անտառներու մէջ պիտի մտնեն
Ու ապառաժներու վրայ պիտի ելլեն։
Բոլոր քաղաքները պիտի լքուին
Եւ անոնց մէջ մարդ պիտի չբնակի։
30Ու դո՛ւն, ո՛վ աւերուած, ի՞նչ պիտի ընես.
Թէեւ կարմիրներ հագնիս
Եւ քեզ ոսկի զարդերով զարդարես
Ու #4:30 Եբր., աչքերդ ծարուրով պատռեսաչքերուդ վրայ շատ ծարոյր ալ դնես՝ ՝,
Պարապ տեղը պիտի ըլլայ։
Քու հոմանիներդ քեզ մերժեցին եւ քու անձդ կը փնտռեն։
31Քանզի ձայն մը լսեցի ծննդական կնոջ ձայնին պէս
Ու իր անդրանիկը ծնանողին երկունքին պէս.
Սիօնի աղջկան ձայնը, որ կը հառաչէ ու ձեռքերը բանալով կ’ըսէ.
«Հիմա վա՜յ ինծի,
Քանզի սպաննողներուն առջեւ հոգիս նուազեցաւ»։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 4: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԵՐԵՄԵԱՅ 4