1
ԵՐԵՄԵԱՅ 5:22
Western Armenian Bible 1853
WARMB
‘Ինծմէ պիտի չվախնա՞ք’, կ’ըսէ Տէրը, ‘Իմ երեսէս պիտի չդողա՞ք, Որ յաւիտենական հրամանով մը աւազը ծովուն սահման դրի Եւ անկէ չանցնիր. Թէեւ անոր ալիքները կը յարձակին, բայց չեն կրնար յաղթել, Թէեւ անոնք կը գոռան, բայց անկէ չեն կրնար անցնիլ։
Compare
Explore ԵՐԵՄԵԱՅ 5:22
2
ԵՐԵՄԵԱՅ 5:1
Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ պտըտեցէ՛ք, Նայեցէ՛ք ու գիտցէ՛ք Անոր հրապարակներուն մէջ փնտռեցէ՛ք. Եթէ մարդ մը կրցա՞ք գտնել, Եթէ իրաւունք ընող, ճշմարտութիւն փնտռող մը կա՞յ, Ես այն քաղաքին թողութիւն ընեմ։
Explore ԵՐԵՄԵԱՅ 5:1
3
ԵՐԵՄԵԱՅ 5:31
Մարգարէները ստութեամբ մարգարէութիւն կ’ընեն, Քահանաները անոնց ձեռքով կ’իշխեն։ Իմ ժողովուրդս այսպէս կ’ախորժի, Բայց ի՞նչ պիտի ընէք, երբ ասոնց վախճանը հասնի։
Explore ԵՐԵՄԵԱՅ 5:31