ԵՐԵՄԵԱՅ 3
3
ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԻՍՐԱՅԷԼԸ
1«Եթէ մարդ մը իր կինը արձակէ
Եւ կինը անոր քովէն երթայ եւ ուրիշ այր մը առնէ,
Անգամ մըն ալ այն կնոջ կը դառնա՞յ։
Այն երկիրը բոլորովին չի՞ պղծուիր։
Բայց դո՛ւն, թէեւ շատ հոմանիներու հետ շնութիւն ըրիր,
Նորէն ինծի դարձիր, կ’ըսէ Տէրը։
2Աչքերդ բլուրներուն վերցո՛ւր ու նայէ՛,
Ո՞ւր պոռնկութիւն չըրիր։
Դուն անոնց համար ճամբաներուն վրայ նստար՝
Անապատի Արաբացիին պէս
Եւ քու պոռնկութիւններովդ ու չարութիւններովդ երկիրը պղծեցիր։
3Ուստի անձրեւները խափանուեցան
Ու վերջին անձրեւը չեկաւ։
Քու ճակատդ պոռնիկի ճակատի պէս եղաւ,
Ամօթը մէկդի ձգեցիր։
4Միթէ ասկէ ետքը ինծի պիտի չաղաղակե՞ս՝ ըսելով.
‘Ո՛վ Հայր իմ, դուն ես իմ մանկութեանս առաջնորդը’։
5Միթէ յաւիտեան պիտի բարկանա՞յ,
Կամ իր սրտմտութիւնը միշտ պիտի պահէ՞։
Ահա դուն այսպէս խօսեցար
Եւ քու կրցածիդ չափ չարութիւն գործեցիր»։
ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ՅՈՒԴԱՅ ՊԷՏՔ Է ԶՂՋԱՆ
6Յովսիա թագաւորին օրերը Տէրը ինծի ըսաւ.
«Ապստամբ Իսրայէլի ըրածը տեսա՞ր.
Անիկա ամէն բարձր լերան վրայ
Ու ամէն կանանչ ծառի տակ գնաց
Եւ հոն շնութիւն ըրաւ։
7Անիկա այս բոլոր բաները ընելէն ետքը
Ըսի. ‘Ինծի դարձիր’, բայց անիկա չդարձաւ
Եւ անոր ուխտադրուժ քոյրը՝ Յուդան՝ ասիկա տեսաւ։
8Երբ ապստամբ Իսրայէլի շնութիւն ընելուն պատճառով
Զանիկա արձակեցի եւ արձակման թուղթը անոր տուի,
Տեսայ թէ անոր ուխտադրուժ քոյրը Յուդան չվախցաւ,
Հապա գնաց ինք ալ շնութիւն ըրաւ։
9Անիկա իր շնութեան լրբութիւնովը երկիրը պղծեց,
Քանզի քարի ու փայտի հետ շնութիւն ըրաւ։
10Բայց եւ այնպէս անոր ուխտադրուժ քոյրը Յուդան ալ
Բոլոր սրտովը ինծի չդարձաւ,
Հապա ստութեամբ դարձաւ», կ՛ըսէ Տէրը։
11Եւ Տէրը ինծի ըսաւ.
«Ապստամբ Իսրայէլը ուխտադրուժ Յուդայէն աւելի զինք արդարացուց։
12Գնա՛, այս խօսքերը դէպի հիւսիս կանչելով ըսէ՛.
‘Դարձի՛ր, ո՛վ ապստամբ Իսրայէլ’, կ’ըսէ Տէրը,
‘Իմ բարկութիւնս ձեր վրայ չեմ թափեր.
Քանզի ես ողորմած եմ’, կ’ըսէ Տէրը,
‘Յաւիտեան ոխ չեմ պահեր.
13Միայն թէ քու ունայնութիւնդ ճանչցիր,
Որ քու Տէր Աստուծոյդ դէմ ապստամբեցար։
Եւ ամէն կանանչ ծառի տակ
Քու ճամբաներդ օտարներուն տարածեցիր
Ու իմ խօսքիս հնազանդութիւն չըրիր’, կ’ըսէ Տէրը։
14‘Դարձէ՛ք, ո՛վ ապստամբ որդիներ’, կ’ըսէ Տէրը։
Քանզի #3:14 Կամ, ձեր վրայ տիրողը ես եմ եւթէեւ ձեզ մերժեցի,
Բայց՝ ՝ ձեզ պիտի առնեմ, ամէն մէկ քաղաքէ մէկ հոգի,
Ամէն մէկ ազգատոհմէ երկու հոգի
Ու ձեզ Սիօն պիտի բերեմ։
15Ձեզի իմ սրտիս յարմար հովիւներ պիտի տամ,
Որոնք ձեզ գիտութեամբ եւ հանճարով պիտի հովուեն’։
16‘Երբ դուք այն օրերը երկրի վրայ շատնաք ու աճիք’, կ’ըսէ Տէրը,
Անգամ մըն ալ ‘Տէրոջը ուխտին տապանակը’ պիտի չըսեն։
Անիկա մէկո՛ւն միտքը պիտի չգայ
Ու զանիկա պիտի չյիշեն,
Անոր այցելութիւն պիտի չընեն.
Այս բաները անգամ մըն ալ պիտի չըլլան։
17Այն ատեն Երուսաղէմը ‘Տէրոջը աթոռը’ պիտի անուանեն
Եւ բոլոր ազգերը հոն՝ Տէրոջը անուանը համար Երուսաղէմ պիտի հաւաքուին.
Անգամ մըն ալ իրենց չար սրտին կամակորութեանը ետեւէն պիտի չերթան։
18Այն օրերը Յուդային տունը
Իսրայէլին տանը հետ պիտի միանայ
Ու երկուքը մէկտեղ հիւսիսի երկրէն
Անոնց հայրերուն ժառանգութիւն տուած երկիրս պիտի գան’։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
19Բայց ես ըսի. ‘Քեզ ի՞նչպէս որդիներուն մէջ դնեմ
Եւ քեզի այն ցանկալի երկիրը,
Ազգերուն խիստ գեղեցիկ ժառանգութիւնը տամ’
Ու ըսի. ‘Ինծի «Հայր իմ» պիտի աղաղակես
Եւ ինծի հետեւելէն ետ պիտի չդառնաս’։
20‘Իրաւցընէ, ո՛վ Իսրայէլի տուն,
Ինչպէս կին մը իր էրկանը անհաւատարիմ կ’ըլլայ,
Այնպէս ալ դուք ինծի անհաւատարիմ եղաք’, կ’ըսէ Տէրը։
21Բլուրներուն վրայ ձայն մը լսուեցաւ,
Իսրայէլի որդիներուն աղաչանքի ու լացի ձայնը.
Վասն զի անոնք իրենց ճամբան խոտորցուցին,
Իրենց Տէր Աստուածը մոռցան։
22«Ո՛վ ապստամբ որդիներ, դարձէ՛ք,
Ես ձեր ապստամբութիւնները պիտի բժշկեմ»։
«Ահա մենք քեզի կու գանք,
Քանզի դուն մեր Տէր Աստուածն ես։
23Յիրաւի բլուրներու
Եւ լեռներու բազմութեան յուսալը պարապ բան է.
Հապա Իսրայէլի փրկութիւնը մեր Տէր Աստուծմէն է։
24Վասն զի մեր մանկութենէն ի վեր մեր հայրերուն վաստակը,
Անոնց հօտերը եւ արջառները,
Անոնց տղաքներն ու աղջիկները ամօթը կերաւ։
25Մեր ամօթովը կը պառկինք
Ու մեր անարգանքը մեզ կը ծածկէ.
Վասն զի մեր մանկութենէն մինչեւ այսօր
Թէ՛ մենք եւ թէ՛ մեր հայրերը
Մեր Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցինք
Ու մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին հնազանդութիւն չըրինք»։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 3: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.