«Եթէ դառնաս, ո՛վ Իսրայէլ, կ’ըսէ Տէրը,
Ինծի՛ եթէ դառնաս։
Եթէ քու պղծութիւններդ իմ առջեւէս վերցնես,
Ա՛լ թափառական պիտի չըլլաս։
Եթէ ճշմարտութեամբ, իրաւամբ ու արդարութեամբ
Երդում ընես թէ ‘Տէրը կենդանի է’,
Ազգերը անով պիտի օրհնուին
Ու անով պիտի պարծենան»։