YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 2

2
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ
1Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2«Գնա՛ ու Երուսաղէմի ականջներուն կանչէ ու ըսէ՛,
Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
‘Անապատին մէջ՝ այն չցանուած երկրին մէջ՝
Իմ ետեւէս եկած ատենդ,
Քու մանկութեանդ քաղցրութիւնը,
Քու հարսնութեանդ սէրը յիշեցի։
3Իսրայէլ Տէրոջը համար սուրբ էր,
Անոր արմտիքներուն երախայրին էր։
Ամէն անոնք, որ զանիկա կ’ուտէին, յանցաւոր կ’ըլլային.
Անոնց վրայ չարիք կը հասնէր’։
4Տէրոջը խօսքին մտի՛կ ըրէք, ո՛վ Յակոբի տուն
Ու Իսրայէլի տանը բոլոր ազգատոհմներ,
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆԱԽԱՀԱՅՐԵՐՈՒՆ ՄԵՂՔԸ
5Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ձեր հայրերը ի՞նչ անիրաւութիւն գտան իմ վրաս,
Որ ինծմէ հեռացան
Եւ ունայնութեան ետեւէ երթալով ունայն եղան
6Ու չըսին թէ ‘Ո՞ւր է Տէրը,
Որ մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեց,
Որ մեզ անապատին մէջ պտըտցուց,
Անցուց ամայութեան եւ փոսերու երկրէն,
Չորութեան եւ մահուան ստուերի երկրէն,
Այնպիսի երկրէ մը, ուրկէ մարդ չէր անցներ
Ու հոն մարդ չէր բնակեր»։
7Ես ձեզ բարեբեր երկիր մը բերի,
Որպէս զի անոր պտուղն ու բարիքը ուտէք։
Դուք մտաք ու իմ երկիրս անմաքրեցիք,
Իմ ժառանգութիւնս պղծեցիք,
8Քահանաները չըսին թէ ‘Տէրը ո՞ւր է’
Ու օրէնքի վարդապետները զիս չճանչցան
Եւ հովիւները ինծի դէմ ապստամբեցան։
Մարգարէները Բահաղով մարգարէութիւն ըրին
Եւ անօգուտ բաներու ետեւէ գացին»։
ՏԷՐՈՋ ԴԱՏԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԷՄ
9«Ասոր համար ձեզի հետ տակաւին պիտի վիճիմ, կ’ըսէ Տէրը
Ու ձեր որդիներուն որդիներուն հետ պիտի վիճիմ։
10Արդ՝ Կիտացիներու կղզիները անցէ՛ք ու նայեցէ՛ք
Եւ Կեդար մարդ ղրկեցէք ու աղէկ հասկցէ՛ք
Եւ տեսէք թէ՝ այսպիսի բան մը եղե՞ր է.
11Միթէ ազգ մը իր աստուածները փոխե՞ց,
Թէեւ անոնք Աստուած չէին,
Բայց իմ ժողովուրդս իր Փառքը
Անօգուտ բանի հետ փոխեց»։
12«Ով երկինք, ասոր վրայ զարմացէ՛ք.
Ապշեցէ՛ք ու խիստ սոսկացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը,
13Վասն զի իմ ժողովուրդս երկու չարութիւն գործեց,
Զիս՝ կեանքի ջուրին աղբիւրը՝ թողուցին
Եւ իրենց գուբեր փորեցին,
Ծակոտ գուբեր, որոնք չեն կրնար ջուր պահել։
14Միթէ Իսրայէլ ծառա՞յ է,
Կամ ծառայի զաւա՞կ է։
Անիկա ինչո՞ւ համար յափշտակութեան մատնուեցաւ.
15Անոր վրայ առիւծի կորիւնները մռնչեցին
Ու ձայներնին հանեցին,
Անոր երկիրը աւերակ ըրին,
Անոր քաղաքները այրեցան, անբնակ եղան»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ
16«Մեմփացիներուն ու Տափնացիներուն տղաքներն անգամ
Քու գլխուդ գագաթը կոտրեցին։
17Չէ՞ որ ասիկա դուն քու վրադ բերիր
Քու Տէր Աստուածդ ձգելով,
Երբ անիկա ճամբուն մէջ քեզի առաջնորդութիւն կ’ընէր։
18Հիմա դուն Եգիպտացիներուն ճամբան ի՞նչ գործ ունիս,
Որ Սիովրի ջուրը խմելու կ’երթաս.
Կամ Ասորեստանի ճամբան ի՞նչ գործ ունիս,
Որ գետերուն ջուրը խմելու կ’երթաս։
19Քու չարութիւնդ քեզ պիտի խրատէ
Ու քու անհաւատարմութիւնդ քեզ պիտի յանդիմանէ։
Արդ՝ գիտցի՛ր ու տե՛ս թէ գէշ ու դառն բան մըն է,
Որ քու Տէր Աստուածդ կը թողուս
Եւ քու վրադ իմ վախս չկայ»,
Կ’ըսէ զօրքերու Եհովա Տէրը։
ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՏԷՐԸ ՊԱՇՏԵԼ
20«Վասն զի քու լուծդ շատոնցմէ կոտրեցի,
Քու կապանքներդ փրցուցի
Ու դուն ըսիր. ‘Օրինազանց պիտի չըլլամ’.
Սակայն ամէն բան բարձր բլուրի վրայ
Եւ ամէն կանանչ ծառի տակ
Ծռեցար՝ պոռնկութիւն ըրիր։
21Ես քեզ իբր ընտիր որթատունկ
Ու բոլորովին մաքուր սերմ տնկեր էի
Եւ դուն ի՞նչպէս վայրենի որթատունկի անպիտան ճիւղերու պէս եղար։
22Եթէ բորակով լուացուիս
Ու շատ օճառ ալ գործածես,
Քու անօրէնութիւնդ առջեւս բիծի պէս կը մնայ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
23«Ի՞նչպէս կրնար ըսել.
‘Ես չպղծուեցայ,
Բահաղին ետեւէն չգացի’։
Հովիտին մէջի քու ճամբուդ նայէ
Եւ ըրածդ գիտցիր,
Ո՛վ խոտորնակ ճամբաներ պտըտող յամառ տաճիկ ուղտ։
24Անապատի վարժուած վայրենի էշը,
Որ իր ցանկութիւնովը հովը կը հոտոտէ,
Իր ցանկութենէն ո՞վ կրնայ ետ դարձնել.
Բոլոր զանիկա փնտռողները չեն յոգնիր,
Իր ամսուան մէջ կը գտնեն զինք։
25Զգուշացի՛ր, որ ոտքդ չմերկանայ եւ կոկորդդ չչորնայ,
Բայց դուն ըսիր՝ ‘Յոյս չկայ,
Վասն զի օտարները սիրեր եմ
Ու անոնց ետեւէն պիտի երթամ’»։
ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԱՏԻԺԻ Կ’ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ
26Ինչպէս գողը բռնուած ատեն կ’ամչնայ,
Այսպէս պիտի ամչնան Իսրայէլի տունը,
Իրենք, իրենց թագաւորներն ու իշխանները
Եւ քահանաներն ու մարգարէները,
27Որոնք փայտին կ’ըսեն. ‘Դուն իմ հայրս ես’
Ու քարին՝ ‘Դուն զիս ծնար’,
Քանզի ինծի կռնակ դարձուցին եւ ո՛չ թէ՝ երես.
Բայց իրենց ձախորդութեան ժամանակը կ’ըսեն.
‘Ելի՛ր ու մեզ ազատէ՛’։
28Բայց ո՞ւր են քու աստուածներդ, որոնք քեզի շինեցիր։
Եթէ քու ձախորդութեանդ ժամանակը քեզ կրնան ազատել, թող ելլեն։
Վասն զի քու աստուածներդ, ո՛վ Յուդա,
Քու քաղաքներուդ թիւին չափ եղան»։
29«Ի՞նչու համար ինծի հետ կը վիճիք.
Դուք ամէնքդ ինծմէ ապստամբեցաք», կ’ըսէ Տէրը։
30«Պարապ տեղ ձեր տղաքը ծեծեցի։
Անոնք չխրատուեցան։
Ձեր սուրը գիշատիչ առիւծի պէս
Ձեր մարգարէները կերաւ։
31Ո՛վ ազգ, Տէրոջը խօսքին նայէ.
Միթէ ես անապա՞տ եղայ Իսրայէլի,
Կամ մութ երկի՞ր մը։
Իմ ժողովուրդս ինչո՞ւ կըսէ.
‘Մենք ինքնագլուխ կը պտըտինք,
Անգամ մըն ալ քեզի պիտի չգանք’»։
32Միթէ կոյսը իր զարդերը,
Կամ հարսը իր գօտին կը մոռնա՞յ.
Բայց իմ ժողովուրդս երկար օրեր զիս մոռցաւ։
33Սէր փնտռելու համար՝ ինչո՞ւ քու ճամբադ աղէկ կը շտկես,
Այնպէս որ քու ճամբաներդ չար կիներուն ալ սորվեցուցիր։
34Նաեւ քու քղանցքներուդ վրայ
Անմեղ աղքատներու հոգիներուն արիւնները գտնուեցան։
Զանոնք գաղտուկ տեղեր չգտայ,
Հապա բոլոր բաներուն վրայ։
35Բայց դուն կ’ըսես. ‘Անմեղ ըլլալուս համար
Անոր բարկութիւնը անշուշտ ինծմէ պիտի դառնայ’։
Ահա ես քեզի հետ դատ պիտի վարեմ
‘Ես մեղք չգործեցի’ ըսելուդ համար։
36Ինչո՞ւ ճամբադ փոխելով այսչափ կը թափառիս.
Դուն Եգիպտոսէն ալ պիտի ամչնաս,
Ինչպէս Ասորեստանէն ամչցար։
37Դուն ասկէ՛ ալ պիտի ելլես
Ձեռքերդ գլխուդ վրայ դրած,
Քանզի Տէրը քու յոյսերդ մերժեց
Ու անոնցմով յաջողութիւն պիտի չունենաս»։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 2: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԵՐԵՄԵԱՅ 2