ԵՐԵՄԵԱՅ 28
28
ԵՐԵՄԻԱՆ ԵՒ ԱՆԱՆԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷՆ
1Նոյն տարին Յուդայի թագաւորին Սեդեկիային թագաւորութեան սկիզբը, չորրորդ տարուան հինգերորդ ամիսը, Գաբաւոնէն եղող Ազուրի որդին Անանիա մարգարէն Տէրոջը տանը մէջ քահանաներուն ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ ինծի ըսաւ. 2«Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Բաբելոնի թագաւորին լուծը կոտրեցի։ 3Երկու տարիէն, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին այս տեղէն առած ու Բաբելոն տարած Տէրոջը տանը բոլոր անօթները այս տեղ պիտի դարձնեմ 4Եւ Յուդայի թագաւոր Յովակիմին որդին Յեքոնիան ու Բաբելոն տարուած բոլոր գերիները այս տեղ պիտի դարձնեմ, վասն զի Բաբելոնի թագաւորին լուծը պիտի կոտրեմ’»։
5Այն ատեն Երեմիա մարգարէն, Տէրոջը տանը մէջ կայնող բոլոր քահանաներուն ու բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ Անանիա մարգարէին խօսեցաւ 6Ու ըսաւ. «Ամէ՛ն. Տէրը այնպէս թող ընէ. Տէրը քու մարգարէացած խօսքերդ թող հաստատէ՛ ու Տէրոջը տանը անօթները ու բոլոր գերիները Բաբելոնէն այս տեղ թող դարձնէ՛։ 7Բայց հիմա քու ականջներուդ եւ բոլոր ժողովուրդին ականջներուն այս իմ խօսքիս մտիկ ըրէ. 8Ինծմէ առաջ ու քեզմէ առաջ, սկիզբէն ի վեր եկող մարգարէները շատ երկիրներու դէմ ու մեծ թագաւորութիւններու դէմ՝ պատերազմի, չարիքի ու ժանտախտի վրայով մարգարէացան։ 9Երբ մարգարէ մը խաղաղութիւն կը մարգարէանայ ու այն մարգարէին խօսքը կը կատարուի, այն ատեն կը հասկցուի թէ անիկա ճշմարտապէս Տէրոջմէ ղրկուած մարգարէ մըն է’»։
10Այն ատեն Անանիա մարգարէն Երեմիա մարգարէին պարանոցէն լուծը առաւ ու զանիկա կոտրեց։ 11Եւ Անանիան բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ ըսաւ՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Երկու տարիէն Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին լուծը բոլոր ազգերու պարանոցին վրայէն այսպէս պիտի կոտրեմ»։ Երեմիա մարգարէն իր ճամբան գնաց։
12Անանիա մարգարէին՝ Երեմիա մարգարէին պարանոցին վրայէն լուծը կոտրելէն ետքը, Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. 13«Գնա՛ Անանիային ըսէ՛՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն փայտէ լուծերը կոտրեցիր, սակայն անոնց տեղ երկաթէ լուծեր պիտի շինես։ 14Քանզի զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս բոլոր ազգերուն պարանոցին վրայ երկաթէ լուծ դրի, որպէս զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ծառայութիւն ընեն, անոր ծառայեն։ Դաշտի գազաններն ալ անոր տուի’»։
15Երեմիա մարգարէն Անանիա մարգարէին ըսաւ. «Հիմա լսէ՛, ո՛վ Անանիա, Տէրը քեզ ղրկած չէ ու դուն այս ժողովուրդը մղեցիր, որ ստութեան յուսան։ 16Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզ երկրի երեսէն պիտի վռնտեմ. դուն այս տարի պիտի մեռնիս, վասն զի Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն յառաջացուցիր’»։ 17Անանիա մարգարէն այդ տարուան եօթներորդ ամսուան մէջ մեռաւ։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 28: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.