Երեմիա մարգարէն Անանիա մարգարէին ըսաւ. «Հիմա լսէ՛, ո՛վ Անանիա, Տէրը քեզ ղրկած չէ ու դուն այս ժողովուրդը մղեցիր, որ ստութեան յուսան։ Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզ երկրի երեսէն պիտի վռնտեմ. դուն այս տարի պիտի մեռնիս, վասն զի Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն յառաջացուցիր’»։