YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 27

27
ԵՐԵՄԻԱ ԵԶԱՆ ԼՈՒԾԸ ԿԸ ԿՐԷ
1Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Սեդեկիային թագաւորութեան սկիզբը Տէրոջը կողմէ Երեմիային այս խօսքը եղաւ՝ ըսելով. Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. 2«Քեզի կապեր ու լուծեր շինէ՛ ու զանոնք պարանոցիդ վրայ դիր։ 3Զանոնք Երուսաղէմ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին եկող դեսպաններուն ձեռքով Եդովմի թագաւորին ու Մովաբի թագաւորին ու Ամմոնին որդիներուն թագաւորին եւ Տիւրոսի թագաւորին ու Սիդոնի թագաւորին ղրկէ՛։ 4Անոնց պատուէր տո՛ւր իրենց տէրերուն համար ու ըսէ. ‘Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր տէրերուն այսպէս ըսէք. 5«Ես իմ զօրութիւնովս ու երկնցած բազուկովս երկիրը, մարդը ու երկրին երեսին վրայ եղող անասունները ստեղծեցի եւ զանիկա կու տամ, որու որ իմ աչքիս առջեւ հաճոյ երեւնայ տալ։ 6Եւ հիմա այս բոլոր երկիրները ես իմ ծառայիս, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը կու տամ ու դաշտի գազաններն ալ անոր կու տամ, որպէս զի անոր ծառայութիւն ընեն։ 7Բոլոր ազգերը ծառայութիւն պիտի ընեն անոր ու անոր որդիին ու անոր որդիին որդիին, մինչեւ անոր երկրին ժամանակն ալ հասնի ու շատ ազգեր ու մեծ թագաւորներ զանիկա ալ իրենց ծառայ ընեն։ 8Բայց այն ազգը կամ թագաւորութիւնը, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ծառայութիւն չ’ըներ ու իր պարանոցը Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ չի դներ, այն ազգը սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի պատժեմ, մինչեւ զանոնք անոր ձեռքով հատցնեմ»’»։
9«Դուք մտիկ մի՛ ընէք ձեր մարգարէներուն, բաղդ նայողներուն, երազատեսներուն, գուշակողներուն ու կախարդներուն, որոնք ձեզի կ’ըսեն՝ ‘Բաբելոնի թագաւորին ծառայ պիտի չըլլաք’. 10Քանզի անոնք ձեզի սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն, որպէս զի ձեր երկրին վրայէն ձեզ հեռացնեն ու ես ձեզ վռնտեմ ու կորսուիք։ 11Բայց իր պարանոցը Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ դնող եւ անոր ծառայութիւն ընող ազգը անշուշտ իր երկրին վրայ հանգիստ պիտի թողում, կ’ըսէ Տէրը ու պիտի մշակէ զանիկա ու անոր մէջ պիտի բնակի»։
12Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին ալ այս բոլոր խօսքերուն համեմատ ըսի. «Ձեր պարանոցը Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ դրէ՛ք եւ անոր ու անոր ժողովուրդին ծառայութիւն ըրէ՛ք, որպէս զի ապրիք։ 13Ինչո՞ւ համար դուն ու քու ժողովուրդդ սուրով, սովով ու ժանտախտով մեռնիք, ինչպէս Տէրը Բաբելոնի թագաւորին ծառայութիւն չընող ազգին համար ըսաւ։ 14Դուք մտիկ մի՛ ընէք այն մարգարէներուն խօսքերուն, որոնք ձեզի կ’ըսեն. ‘Բաբելոնի թագաւորին ծառայ պիտի չըլլաք’, վասն զի անոնք ձեզի սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն. 15Քանզի ‘Ես զանոնք չղրկեցի, կ’ըսէ Տէրը, հապա անոնք իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն, որպէս զի ես ձեզ վռնտեմ եւ դուք ու ձեզի մարգարէութիւն ընող մարգարէները կորսուիք’»։
16Ես քահանաներուն եւ այս բոլոր ժողովուրդին ըսի. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ձեր մարգարէներուն խօսքերուն մտիկ մի՛ ընէք, որոնք ձեզի մարգարէութիւն կ’ընեն՝ ըսելով. ‘Ահա Տէրոջը տանը անօթները մօտերս Բաբելոնէն ետ պիտի բերուին’, քանզի անոնք սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն ձեզի։ 17Անոնց մտիկ մի՛ ընէք։ Բաբելոնի թագաւորին ծառայեցէ՛ք, որպէս զի ապրիք. ինչո՞ւ այս քաղաքը աւերակ ըլլայ։ 18Բայց եթէ անոնք մարգարէներ են ու եթէ անոնց քով Տէրոջը խօսքը կայ, թող հիմա զօրքերու Տէրոջը աղօթք ընեն, որպէս զի Տէրոջը տանը մէջ եւ Յուդայի թագաւորին տանը մէջ ու Երուսաղէմի մէջ մնացած անօթները Բաբելոն չտարուին»։ 19Վասն զի զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Սիւներուն ու ծովին եւ մեքենովթներուն ու այս քաղաքին մէջ մնացած անօթներուն համար, 20Որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը չառաւ, երբ Յուդայի թագաւորը Յովակիմի որդին Յեքոնիան եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր ազնուականները Երուսաղէմէն Բաբելոն գերի տարաւ. 21Նաեւ Տէրոջը տանը մէջ եւ Յուդայի թագաւորին տանը մէջ ու Երուսաղէմի մէջ մնացած անօթներուն համար՝ 22Անոնք Բաբելոն պիտի տարուին եւ հոն պիտի մնան մինչեւ այն օրը երբ անոնց այցելութիւն ընեմ, կ’ըսէ Տէրը. ետքը զանոնք պիտի հանեմ ու այս տեղ պիտի դարձնեմ»։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 27: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԵՐԵՄԵԱՅ 27