ԵՐԵՄԵԱՅ 29
29
ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԲԱԲԵԼՈՆԻ ՀՐԵԱՆԵՐՈՒՆ
1Ասոնք են այն նամակին խօսքերը, որոնք Երեմիա մարգարէն Երուսաղէմէն ղրկեց գերիներէն մնացած ծերերուն, քահանաներուն եւ մարգարէներուն ու բոլոր ժողովուրդին, որոնք Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմէն Բաբելոն քշեր էր, 2Յեքոնիա թագաւորին եւ թագուհիին ու պալատականներուն, Յուդայի ու Երուսաղէմի իշխաններուն ու հիւսներուն եւ դարբիններուն Երուսաղէմէն ելլելէն ետքը, 3Սափանի որդիին Եղիասային ու Քեղկիայի որդիին Գամարիային միջոցով (որոնք Յուդայի թագաւորը Սեդեկիա Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին Բաբելոն ղրկեր էր)։
4«Այսպէս կ’ըսէ զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ բոլոր գերիներուդ, որոնք Երուսաղէմէն Բաբելոն քշել տուեր եմ. 5‘Տուներ շինեցէ՛ք ու բնակեցէ՛ք, պարտէզներ տնկեցէ՛ք ու անոնց պտուղը կերէ՛ք, 6Կիներ առէ՛ք ու տղաքներ ու աղջիկներ ունեցէ՛ք ու ձեր տղոցը կիներ առէ՛ք եւ ձեր աղջիկները այրերու տուէ՛ք, որպես զի տղաքներ ու աղջիկներ ծնանին եւ հոդ բազմացէ՛ք ու մի՛ քիչնաք։ 7Այն քաղաքին խաղաղութիւնը փնտռեցէ՛ք, ուր ձեզ քշել տուեր եմ եւ անոր համար Տէրոջը աղօթք ըրէ՛ք, վասն զի անոր խաղաղութիւնովը ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’։ 8Քանզի զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր մէջ եղող ձեր մարգարէները ու ձեր բաղդ նայողները ձեզ թող չխաբեն եւ ձեր տեսած երազներուն մտիկ մի՛ ընէք։ 9Վասն զի իմ անունովս սուտ մարգարէութիւններ կ’ընեն ձեզի։ Ես զանոնք չղրկեցի’։ 10Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Երբ Բաբելոնի եօթանասուն տարին լմննայ, ձեզի պիտի այցելեմ եւ ձեզ այս տեղ պիտի դարձնեմ եւ իմ բարի խոստումս պիտի կատարեմ։ 11Քանզի ձեզի համար ծրագիրս գիտեմ, կ’ըսէ Տէրը, ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու։ 12Դուք ինծի պիտի կանչէք եւ պիտի երթաք ու ինծի աղօթք պիտի ընէք եւ ձեզի պիտի լսեմ։ 13Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի գտնէք, վասն զի ձեր բոլոր սրտովը պիտի խնդրէք զիս 14Ու ես ձեզի պիտի երեւիմ’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Ձեզ գերութենէ ետ պիտի դարձնեմ ու ձեզ պիտի հաւաքեմ բոլոր ազգերէն ու այն բոլոր տեղերէն, ուր ձեզ ցրուեր էի’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Ձեզ պիտի դարձնեմ այն տեղը, ուրկէ ձեզ գերութեան քշել տուի’։ 15(Վասն զի դուք ըսիք թէ Տէրը մեզի Բաբելոնի մէջ մարգարէներ հանեց)։
16Քանզի Դաւիթին աթոռին վրայ նստող թագաւորին համար ու այս քաղաքին մէջ բնակող բոլոր ժողովուրդին համար ձեզի հետ գերութեան չգացող եղբայրներուն համար 17Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես անոնց մէջ պիտի ղրկեմ սուրը, սովն ու ժանտախտը եւ զանոնք խիստ գէշ թուզերու պէս պիտի ընեմ, որոնք գէշութենէն չեն ուտուիր 18Ու զանոնք սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի հալածեմ եւ զանոնք նեղութիւն կրելու պիտի մատնեմ երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ ու զանոնք անէծքի, զարմանքի, սուլելու ու նախատինքի ենթակայ պիտի ընեմ այն բոլոր ազգերուն մէջ, ուր զանոնք պիտի քշեմ. 19Որովհետեւ իմ խօսքերուս մտիկ չըրին’, կ’ըսէ Տէրը։ Երբ իմ ծառաներս՝ մարգարէները ձեզի ղրկեցի, կանուխ ելլելով, բայց դուք մտիկ չըրիք’։ 20Ուրեմն Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէք, ո՛վ բոլոր գերիներ, որոնք Երուսաղէմէն Բաբելոն ղրկեցի։ 21Իմ անունովս ձեզի սուտ մարգարէութիւն ընող Կովղիայի որդիին Աքաաբին վրայով ու Մաասիային որդիին Սեդեկիային վրայով զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես զանոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, որը զանոնք ձեր աչքերուն առջեւ պիտի զարնէ 22Եւ Բաբելոն եղող Յուդայի բոլոր գերիներուն մէջ՝ այս անէծքը կը գործածուի. «Տէրը քեզ Բաբելոնի թագաւորին կրակի մէջ խորոված Սեդեկիային ու Աքաաբին պէս ընէ»։ 23Վասն զի Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն գործեցին եւ իրենց ընկերներուն կիներուն հետ շնութիւն ըրին ու իմ անունովս սուտ խօսեցան, որոնք ես անոնց չհրամայեցի. բայց ես գիտեմ ու վկայ եմ, կ’ըսէ Տէրը’»։
ՍԵՄԱՅԻԱՅԻՆ ՆԱՄԱԿԸ
24Նեհելամացի Սեմայիային խօսէ՛ ու ըսէ՛, 25Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Քանի որ դուն Երուսաղէմ եղող բոլոր ժողովուրդին եւ Մաասիայի որդիին Սոփանիա քահանային ու բոլոր քահանաներուն քու անունովդ թուղթեր ղրկեցիր՝ ըսելով. 26‘Տէրը քեզ Յովիադա քահանային տեղ քահանայ դրաւ, որպէս զի Տէրոջը տանը վերակացու ըլլաս ու ամէն խելացնոր մարդ, որ զինք մարգարէ կը ձեւացնէ, կոճղի ու երկաթի մէջ դնես։ 27Հիմա ինչո՞ւ համար ձեզի մարգարէութիւն ընող Անաթովթացի Երեմիան չյանդիմանեցիր։ 28Վասն զի անիկա մեզի այսպէս նամակ ղրկեց Բաբելոն ու ըսաւ. «Այս գերութիւնը պիտի երկննայ. տուներ շինեցէ՛ք ու բնակեցէ՛ք, պարտէզներ տնկեցէ՛ք եւ անոնց պտուղը կերէ՛ք’»։ 29Սոփոնիան կարդաց այս թուղթը Երեմիա մարգարէին ականջներուն 30Եւ Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. 31«Բոլոր գերիներուն լուր ղրկէ՛ ու ըսէ՛. Նեհելամացի Սեմայիային համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ Սեմայիա ձեզի մարգարէութիւն ըրաւ, թէպէտեւ զանիկա ես չղրկեցի ու ձեզ մղեց որ ստութեան յուսաք, 32Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Նեհելամացի Սեմայիան ու անոր սերունդը պիտի պատժեմ. այս ժողովուրդին մէջ բնակող անոնցմէ մէկ մարդ պիտի չմնայ եւ իմ ժողովուրդիս ընելու բարիքս անիկա պիտի չտեսնէ, վասն զի Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն յառաջացուց’»։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 29: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.