YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 25

25
ՀԻՒՍԻՍԷՆ ԹՇՆԱՄԻՆ
1Յուդայի թագաւորին Յովսիայի որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին առաջին տարին էր, բոլոր Յուդայի ժողովուրդին վրայով Երեմիային եղած խօսքն է, 2Որ Երեմիա մարգարէն բոլոր Յուդայի ժողովուրդին ու բոլոր Երուսաղէմի բնակիչներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. 3«Յուդայի թագաւորին Ամոնի որդիին Յովսիային տասնըերեքերորդ տարիէն մինչեւ այսօր, որ քսանըերեք տարի է, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ու ես ձեզի խօսեցայ կանուխ ելլելով, բայց մտիկ չըրիք։ 4Տէրը ձեզի ղրկեց իր բոլոր ծառաները, մարգարէները՝ կանուխ ելլելով, բայց մտիկ չըրիք ու մտիկ ընելու համար ականջնիդ չբացիք, 5Որոնք կ’ըսէին. ‘Ամէն մէկդ ձեր չար ճամբայէն ու ձեր չար գործերէն ետ դարձէք, որպէս զի յաւիտեան բնակիք այն երկրին մէջ, որ Տէրը ձեզի ու ձեր հայրերուն տուաւ 6Եւ օտար աստուածներու ետեւէն մի՛ երթաք անոնց ծառայելու ու երկրպագութիւն ընելու համար եւ զիս ձեր ձեռքերուն գործերովը մի՛ բարկացնէք, որպէս զի ձեզի չարիք չընեմ’։ 7‘Բայց դուք ինծի մտիկ չըրիք, կ’ըսէ Տէրը, որպէս զի զիս ձեր ձեռքերուն գործերովը բարկացնէք ու ձեզի գէշ ըլլայ’։
8«Ասոր համար զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. 9Որովհետեւ իմ խօսերուս մտիկ չըրիք, ահա ես պիտի ղրկեմ բոլոր հիւսիսի ազգատոհմերը եւ իմ ծառաս՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը՝ պիտի առնեմ, զանոնք այս երկրին վրայ եւ անոր բնակիչներուն վրայ ու բոլոր այս շրջակայ ազգերուն վրայ պիտի բերեմ, բոլոր երկիրը նզովուածի պէս բնաջինջ պիտի ընեմ, զարմանքի ու սուլելու ենթակայ պիտի ընեմ ու յաւիտենապէս աւերակ պիտի ընեմ։ 10Անկէ ցնծութեան ձայն եւ ուրախութեան ձայն, փեսայի ձայն ու հարսի ձայն, աղօրիքի ձայն ու ճրագի լոյսը պիտի կորսնցնեմ։ 11Այս բոլոր երկիրը անապատ ու ամայութիւն պիտի ըլլայ եւ այս ազգերը եօթանասուն տարի Բաբելոնի թագաւորին պիտի ծառայեն»։
12«Եօթանասուն տարին լմննալէն ետքը Բաբելոնի թագաւորը ու այն ազգը պիտի պատժեմ իրենց անօրէնութեանը համար. նաեւ Քաղդէացիներուն երկիրը պիտի պատժեմ, կ’ըսէ Տէրը եւ զանիկա յաւիտենապէս ամայի պիտի դարձնեմ։ 13Այն երկրին վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր խօսքերը, որոնք ես անոր դէմ խօսեցայ, այսինքն Երեմիային բոլոր ազգերուն վրայով ըրած մարգարէութեան գրքին մէջ գրուած բոլոր բաները։ 14Քանզի շատ ազգեր ու մեծ թագաւորներ զանոնք իրենց ծառայ պիտի ընեն ու ես անոնց հատուցում պիտի ընեմ իրենց ըրածներուն ու իրենց ձեռքերուն գործերուն համեմատ»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԱԶԳԵՐՈՒՆ
15Քանզի Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս ըսաւ. «Այս բարկութեան գինիի գաւաթը ձեռքէս ա՛ռ ու զանիկա խմցո՛ւր այն բոլոր ազգերուն, որոնց քեզ կը ղրկեմ։ 16Անոնք պիտի խմեն ու խռովին ու անոնց մէջ ղրկած սուրիս երեսէն պիտի յիմարանան»։ 17Ուստի Տէրոջը ձեռքէն գաւաթը առի ու խմցուցի այն բոլոր ազգերուն, որոնց Տէրը զիս ղրկեց. 18Երուսաղէմի ու Յուդայի քաղաքներուն եւ անոր թագաւորներուն ու անոր իշխաններուն, որպէս զի զանոնք անապատ, ամայի, անարգանք ու անէծք ընէ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ. 19Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին եւ անոր ծառաներուն ու իշխաններուն ու անոր բոլոր ժողովուրդին 20Եւ բոլոր խառնիճաղանճ ժողովուրդներուն ու Հուս երկրին բոլոր թագաւորներուն ու Փղշտացիներու երկրին բոլոր թագաւորներուն, այսինքն Ասկաղոնի, Գազայի ու Ակկարոնի եւ Ազովտոսի մնացորդին. 21Եդովմի ու Մովաբի ու Ամմոնի որդիներուն 22Եւ Տիւրոսի բոլոր թագաւորներուն ու Սիդոնի բոլոր թագաւորներուն եւ ծովուն անդիի կողմը եղող #25:22 Կամ, ծովեզերեայ երկիրներուկղզիներու թագաւորներուն. 23Դեդանի ու Թեմայի եւ Բուզի ու իրենց մօրուքին ծայրերը կտրողներուն 24Եւ Արաբացիներու բոլոր թագաւորներուն ու անապատը բնակող խառնիճաղանճ ժողովուրդին բոլոր թագաւորներուն 25Եւ #25:25 Կամ, ԶեմրանացիներուԶամբրիի բոլոր թագաւորներուն ու Եղամի բոլոր թագաւորներուն ու Մարերու բոլոր թագաւորներուն 26Եւ իրարու մօտ կամ հեռու եղող հիւսիսի բոլոր թագաւորներուն ու երկրի երեսին վրայ եղող երկրի բոլոր թագաւորներուն խմցուցի։ Անոնցմէ ետքը Սիսակի թագաւորը պիտի խմէ։ 27Ու անոնց ըսի. «Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Խմեցէ՛ք ու գինովցէ՛ք ու փսխեցէ՛ք, ձեր մէջ ղրկելու սուրիս երեսէն ինկէ՛ք ու մի՛ ելլէք’»։ 28«Եթէ գաւաթը քու ձեռքէդ առնել չուզեն խմելու համար, այն ատեն անոնց ըսէ՛՝ զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անշուշտ պիտի խմէք’. 29Քանզի ահա ես իմ անունովս կոչուած քաղաքին վրայ չարիք բերելու սկսայ. միթէ դուք անպատի՞ժ պիտի մնաք։ Ո՛չ, անպատիժ պիտի չմնաք, քանզի երկրի բոլոր բնակիչներուն վրայ սուր պիտի բարձրացնեմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
30Ուստի դուն այս բոլոր խօսքերը մարգարէանալով՝ անոնց ըսէ.
‘Տէրը բարձրէն պիտի գոռայ
Ու իր սուրբ բնակութենէն իր ձայնը պիտի տայ.
Իր բնակարանին վրայ ահարկու ձայնով պիտի գոռայ,
Խաղող կոխողներու աղաղակին պէս
Երկրի բոլոր բնակիչներուն դէմ։
31 Անոր բարձր ձայնը մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի հասնի,
Վասն զի Տէրը ազգերուն դէմ ամբաստանութիւն ունի.
Անիկա ամէն մարմնի հետ դատ պիտի վարէ
Ու ամբարիշտները սուրի պիտի տայ’, կ’ըսէ Տէրը։
32Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
‘Ահա չարիք մը պիտի ելլէ, որ մէկ ազգէ ուրիշ ազգի պիտի անցնի։
Երկրի ծայրերէն մեծ մրրիկ մը պիտի ելլէ։
33Այն օրը Տէրոջմէ սպաննուածները
Երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ երկրին միւս ծայրը պիտի փռուին։
Անոնց համար սուգ պիտի չբռնուի,
Անոնք պիտի չհաւաքուին ու պիտի չթաղուին,
Երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան’։
34«Ողբացէ՛ք, ո՛վ հովիւներ ու աղաղակեցէ՛ք
Եւ մոխիրի մէջ թաւալեցէ՛ք եւ ցիրուցան ըլլալու օրերը մօտեցած են
Ու պատուական ամանի պէս պիտի իյնաք։
35Հովիւներուն փախչելու ճամբան
Եւ հօտին ընտիրներուն փրկութիւնը պիտի կորսուի։
36Հովիւներուն աղաղակին ձայնը
Եւ հօտին ընտիրներուն ոռնալուն ձայնը լսեցէ՛ք,
Վասն զի Տէրը անոնց արօտները աւերեց։
37Տէրոջը սաստիկ բարկութեանը երեսէն
Խաղաղութեան բնակարանները ամայութեան դարձան։
38Առոյգ առիւծի պէս իր բնակարանը թողուց,
Քանզի բռնաւորին բարկութեանը երեսէն
Ու անոր սաստիկ սրտմտութեանը երեսէն
Անոնց երկիրը ամայացաւ»։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 25: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in