YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 24

24
ԵՐԿՈՒ ԿՈՂՈՎ ԹՈՒԶ
1Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին՝ Յուդայի թագաւորը Յովակիմի որդին Յեքոնիան եւ Յուդայի իշխանները եւ հիւսները ու դարբինները Երուսաղէմէն գերի առնելէն ու Բաբելոն տանելէն ետքը, Տէրը ինծի այս տեսիլքը ցուցուց։ Ահա Տէրոջը տաճարին առջեւ դրուած երկու կողով թուզ կար։ 2Մէկ կողովին մէջ խիստ աղէկ թուզեր կային՝ կանխահաս թուզերու պէս, իսկ միւս կողովին մէջ խիստ գէշ թուզեր կային, այնպէս որ անկարելի էր զանոնց ուտելը։ 3Տէրը ինծի ըսաւ. «Ո՞վ Երեմիա, ի՞նչ կը տեսնես»։ Ես ըսի. «Թուզեր։ Աղէկ թուզերը խիստ աղէկ են ու գէշերը շատ գէշ են, այնպէս որ գէշութենէն զանոնք ուտել անկարելի է»։
4Այն ատեն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. 5‘Այս աղէկ թուզերուն պէս պիտի բռնեմ Յուդայէն գերի քշուածները, որոնք այս տեղէն Քաղդէացիներուն երկիրը ղրկեցի իրենց աղէկ ըլլալու համար։ 6Իմ աչքերս անոնց վրայ պիտի հաստատեմ բարութեան համար ու զանոնք այս երկիրը պիտի դարձնեմ եւ զանոնք պիտի շինեմ ու պիտի չփլցնեմ։ Զանոնք պիտի տնկեմ ու պիտի չխլեմ։ 7Անոնց այնպիսի սիրտ մը պիտի տամ, որ զիս ճանչնան թէ ես եմ Տէրը։ Անոնք իմ ժողովուրդս պիտի ըլլան ու ես անոնց Աստուածը պիտի ըլլամ, վասն զի իրենց բոլոր սրտովը ինծի պիտի դառնան’։ 8Բայց այս գէշ թուզերուն համար, որոնք գէշութենէ չեն ուտուիր, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Յուդայի թագաւորը Սեդեկիան ու անոր իշխանները ու Երուսաղէմի մնացորդը, որոնք այս երկրին մէջ մնացեր են, նաեւ Եգիպտոսի երկրին մէջ բնակողները 9Երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ նեղութեան ու թշուառութեան պիտի մատնեմ, որպէս զի անոնք նախատինքի, ծաղրանքի առարկայ, անարգանք ու անէծք ըլլան այն բոլոր տեղերը, ուր զանոնք պիտի քշեմ։ 10Անոնց վրայ սուր, սով ու ժանտախտ պիտի ղրկեմ, մինչեւ հատնին այն երկրին վրայէն, որը իրենց ու իրենց հայրերուն տուի»։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 24: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԵՐԵՄԵԱՅ 24