ԵՐԵՄԵԱՅ 26
26
ԵՐԵՄԻԱ ԴԱՏԻ ԿԸ ԲԵՐՈՒԻ
1Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին թագաւորութեանը սկիզբը՝ Տէրոջը կողմէ այս խօսքը եղաւ՝ ըսելով. 2«Տէրոջը տանը գաւիթին մէջ կայնէ՛ ու Տէրոջը տունը երկրպագութիւն ընելու եկող Յուդայի բոլոր քաղաքներուն յայտնէ՛ այն ամէն խօսքերը, որոնք քեզի պատուիրեցի անոնց ըսելու համար. խօսք մը զանց մի՛ առներ, 3Թերեւս մտիկ ընեն ու ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ, ես ալ զղջամ այն չարիքին համար որ անոնց չար գործերուն պատճառով իրենց վրայ բերել կը խորհիմ»։ 4Անոնց ըսէ՛՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ ինծի մտիկ չընելով՝ ձեր առջեւ դրած օրէնքիս մէջ չքալէք 5Ու ձեզի ղրկած ծառաներուս՝ մարգարէներուն՝ խօսքերուն մտիկ չընէք, որոնք կանուխ ելլելով ղրկեցի ու դուք մտիկ չըրիք, 6Այն ատեն այս տունը Սելովին պէս պիտի ընեմ եւ այս քաղաքը երկրին բոլոր ազգերուն անէծք պիտի ընեմ’»։
7Քահանաները եւ մարգարէներն ու բոլոր ժողովուրդը լսեցին, երբ Երեմիա Տէրոջը տանը մէջ այս խօսքերը կը խօսէր։ 8Երբ Երեմիա լմնցուց այն բոլոր խօսքերը, որոնք Տէրը հրամայեր էր բոլոր ժողովուրդին ըսելու, քահանաներն ու մարգարէները ու բոլոր ժողովուրդը զանիկա բռնեցին ու ըսին. «Դուն անպատճառ պիտի մեռնիս. 9Ինչո՞ւ համար Տէրոջը անունովը մարգարէութիւն ըրիր՝ ըսելով. ‘Այս տունը Սելովի պէս պիտի ըլլայ եւ հոն բնակիչ պիտի չմնայ’»։ Բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը տանը մէջ Երեմիայի վրայ հաւաքուեցաւ։
10Երբ Յուդայի իշխանները այս բաները լսեցին, թագաւորին տունէն Տէրոջը տունը գացին եւ Տէրոջը տանը նոր դրանը մուտքը նստան։ 11Քահանաները եւ մարգարէները իշխաններուն ու բոլոր ժողովուրդին խօսեցան ու ըսին. «Այս մարդը մեռնելու արժանի է, քանզի այս քաղաքին դէմ մարգարէութիւն ըրաւ, ինչպէս դուք ձեր ականջներով լսեցիք»։
12Երեմիան բոլոր իշխաններուն ու բոլոր ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Տէրը զիս ղրկեց, որ այս տանը ու այս քաղաքին վրայով ձեր լսած բոլոր խօսքերը ըսելով՝ մարգարէութիւն ընեմ։ 13Ուստի ձեր ճամբաներն ու գործերը ուղղեցէք եւ ձեր Աստուծոյն ձայնին մտիկ ըրէք եւ Տէրը ձեր վրայով ըսած չարիքին համար պիտի զղջայ։ 14Բայց ես ահա ձեր ձեռքն եմ. ձեր աչքին աղէկ ու շիտակ երեւցածը ըրէ՛ք ինծի. 15Սակայն աղէկ գիտցէ՛ք թէ եթէ դուք զիս մեռցնէք, ձեր վրայ ու այս քաղաքին վրայ եւ անոր բնակիչներուն վրայ անշուշտ անմեղ արեան պատիժը պիտի բերէք. վասն զի իրապէս Տէրը զիս ձեզի ղրկեց, որպէս զի այս բոլոր խօսքերը ձեր ականջներուն ըսեմ»։
16Այն ատեն իշխաններն ու բոլոր ժողովուրդը քահանաներուն ու մարգարէներուն ըսին. «Այս մարդը մեռնելու արժանի չէ, վասն զի մեր Տէր Աստուծոյն անունովը մեզի խօսեր է»։ 17Ու երկրին ծերերէն քանի մը մարդիկ ելան եւ հաւաքուած բոլոր ժողովուրդին խօսեցան՝ ըսելով. 18«Յուդայի Եզեկիա թագաւորին օրերը Մօրստացի Միքիան մարգարէութիւն ըրաւ եւ բոլոր Յուդայի ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Սիօն ագարակի պէս պիտի հերկուի ու Երուսաղէմ աւերակներու դէզերու ու Տէրոջը տանը լեռը անտառի բարձր տեղերու պէս պիտի ըլլայ»։ 19Միթէ Յուդայի Եզեկիա թագաւորն ու բոլոր Յուդան զանիկա մեռցուցի՞ն. չէ՞ որ անիկա Տէրոջմէ վախնալով՝ Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ եւ Տէրը անոնց վրայով ըսած չարիքին համար զղջաց. ուրեմն մենք մեծ չարիք մը ըրած կ’ըլլանք մեր անձերուն»։
20Նաեւ Կարիաթարիմէն Սեմայիայի որդին Ուրիա անունով մարդ մը կար, որ Տէրոջը անունով մարգարէութիւն կ’ընէր։ Անիկա այս քաղաքին վրայ ու այս երկրին վրայ Երեմիային բոլոր խօսքերուն պէս մարգարէացաւ։ 21Երբ Յովակիմ թագաւորն ու անոր բոլոր զօրաւոր մարդիկը ու բոլոր իշխանները անոր խօսքերը լսեցին, թագաւորը ուզեց որ զանիկա մեռցնէ. բայց Ուրիան այս բանը լսելով՝ վախցաւ ու փախաւ Եգիպտոս գնաց։ 22Յովակիմ թագաւորը մարդիկ ղրկեց Եգիպտոս եւ Աքոբորի որդին Եղնաթանը ու անոր հետ քանի մը մարդիկ։ 23Անոնք Ուրիան Եգիպտոսէն հանեցին ու Յովակիմ թագաւորին բերին, ան ալ զանիկա սուրով զարկաւ ու անոր մարմինը ժողովուրդին որդիներուն գերեզմանները նետեց։ 24Բայց Սափանի որդին Աքիկամին ձեռքը Երեմիային հետ էր, որ չըլլայ թէ անիկա ժողովուրդին ձեռքը մատնուելով՝ մեռցուի։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 26: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.