Այս բոլոր երկիրը անապատ ու ամայութիւն պիտի ըլլայ եւ այս ազգերը եօթանասուն տարի Բաբելոնի թագաւորին պիտի ծառայեն»։
«Եօթանասուն տարին լմննալէն ետքը Բաբելոնի թագաւորը ու այն ազգը պիտի պատժեմ իրենց անօրէնութեանը համար. նաեւ Քաղդէացիներուն երկիրը պիտի պատժեմ, կ’ըսէ Տէրը եւ զանիկա յաւիտենապէս ամայի պիտի դարձնեմ։