ԵՐԵՄԵԱՅ 21
21
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԳՈՒՇԱԿՈՒԻ
1Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, երբ Սեդեկիա թագաւորը Մեղքիային որդին՝ Փասուրը ու Մաասիայի որդին՝ Սոփոնիա քահանան անոր ղրկեց՝ ըսելով. 2«Շնորհք ըրէ՛, մեզի համար Տէրոջը հարցուր, վասն զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը մեզի հետ պատերազմ կ’ընէ. թերեւս Տէրը մեզի համար իր բոլոր սքանչելիքներուն համեմատ ընէ եւ անիկա #21:2 Եբր., մեր վրայէն ելլէմեզմէ դառնայ՝ ՝»։ 3Երեմիա անոնց ըսաւ. «Սեդեկիային այսպէս ըսէք. Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. 4‘Ահա ես ձեր ձեռքերուն մէջ եղող պատերազմական զէնքերը պիտի դարձնեմ, որոնցմով դուք պարսպին դուրսէն ձեզ պաշարող Բաբելոնի թագաւորին ու Քաղդէացիներուն հետ կը պատերազմիք եւ զանոնք այս քաղաքին մէջ պիտի հաւաքեմ։ 5Ես ալ երկնցած ձեռքով եւ զօրաւոր բազուկով, սրտմտութեամբ, բարկութեամբ ու մեծ ցասումով ձեզի հետ պիտի պատերազմիմ։ 6Այս քաղաքին բնակիչները, թէ՛ մարդ եւ թէ անասուն պիտի զարնեմ։ Անոնք մեծ ժանտախտով պիտի մեռնին’։ 7Ու անկէ ետքը, կ’ըսէ Տէրը, ‘Յուդայի թագաւորը Սեդեկիան եւ անոր ծառաները ու ժողովուրդը եւ այս քաղաքին մէջ ժանտախտէն, սուրէն ու սովէն ազատուածները, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը եւ անոնց թշնամիներուն ձեռքը ու անոնց հոգիները փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ։ Անոնք ալ սուրի բերնէ պիտի անցընեն, անոնց պիտի չխնայեն, պիտի չգթան ու ողորմութիւն պիտի չընեն’»։
8«Եւ այս ժողովուրդին ըսէ՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեր առջեւ կը դնեմ կեանքի ճամբան ու մահուան ճամբան։ 9Ան որ քաղաքին մէջ կը կենայ՝ սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնի. իսկ ան որ դուրս կ’ելլէ եւ ձեզ պաշարող Քաղդէացիներուն կը յանձնուի, ողջ պիտի մնայ ու անոր կեանքը աւարի մը պէս պիտի ըլլայ։ 10Քանզի իմ երեսս այս քաղաքին վրայ հաստատեցի չարիք ընելու համար եւ ո՛չ թէ բարիք, կ’ըսէ Տէրը. անիկա Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի ու ան ալ զանիկա կրակով պիտի այրէ’»։
ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ՏԱՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
11«Եւ Յուդայի թագաւորին տանը ըսէ՛. ‘Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք. 12Ո՛վ Դաւիթի տուն, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Առտուն իրաւունքով դատաստան տեսէ՛ք ու զրկուածը հարստահարողին ձեռքէն ազատեցէ՛ք, չըլլայ որ ձեր չար գործերուն համար իմ բարկութիւնս կրակի պէս ելլելով բռնկի ու մարող մը չըլլայ»։ 13«Ահա ես ձեզի դէմ եմ, ո՛վ հովիտին, դաշտի վէմին բնակիչներ, որ կ’ըսէք թէ ‘Մեզի դէմ ո՞վ պիտի ելլէ, կամ մեր բնակարններուն մէջ ո՞վ պիտի մտնէ’. 14Բայց ես ձեզ ձեր գործերուն պտուղին համեմատ պիտի պատժեմ, կ’ըսէ Տէրը ու անոր անտառին մէջ կրակ պիտի բռնկցնեմ եւ ան անոր բոլորտիքը եղածը պիտի ուտէ’»։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 21: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.