ԵՐԵՄԵԱՅ 22
22
ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ՏԱՆ
1Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Յուդայի թագաւորին տունը իջի՛ր
2Ու հոն այս խօսքը ըսէ՛.
‘Ո՛վ Դաւիթին աթոռին վրայ նստող Յուդայի թագաւոր,
Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք՝
Թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու ծառաներդ ու ժողովուրդդ,
Որ այս դռներէն կը մտնէք’։
3Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Իրաւունք ու արդարուիթւն ըրէ՛ք։
Զրկուածը հարստահարողին ձեռքէն ազատեցէ՛ք։
Օտարականին, որբին ու որբեւարիին
Անիրաւութիւն ու բռնութիւն մի՛ ընէք
Եւ այս տեղ անմեղ արիւն մի՛ թափէք։
4Վասն զի եթէ ամէն կերպով այս խօսքը գործադրէք,
Այն ատեն Դաւիթին աթոռին վրայ նստող թագաւորները՝
Կառքերու ու ձիերու վրայ հեծած՝
Այս տանը դռներէն պիտի մտնեն,
Իրենք եւ իրենց ծառաները ու ժողովուրդը»։
5‘Բայց եթէ այս խօսքերուն մտիկ չընէք,
Իմ անձիս վրայ երդում կ’ընեմ, կ’ըսէ Տէրը,
Որ այս տունը աւերակ պիտի ըլլայ’։
6Յուդայի թագաւորին տանը վրայով
Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
‘Դուն թէեւ ինծի Գաղաադի պէս
Ու Լիբանանի գագաթին պէս ես,
Սակայն անշուշտ քեզ անապատի պէս
Ու անբնակ քաղաքներու պէս պիտի ընեմ
7Եւ քու վրադ կործանողներ պիտի #22:7 Եբր., սրբեմհանեմ.
Իւրաքանչիւրը իր զէնքովը պիտի գայ
Ու քու ընտիր եղեւիններդ պիտի կտրեն
Եւ կրակը ձգեն’։
8Այս քաղաքէն շատ ազգեր պիտի անցնին
Եւ իրարու պիտի ըսեն.
«Ինչո՞ւ համար Տէրը այս մեծ քաղաքին այսպէս ըրաւ»։
9Անոնք պիտի պատասխանեն. «Վասն զի իրենց Տէր Աստուծոյն ուխտը թողուցին
Եւ ուրիշ աստուածներու երկրպագութիւն ըրին ու անոնց ծառայեցին»։
10Մեռնողին համար մի՛ լաք
Ու անոր համար մի՛ ողբաք.
Հապա գացողին համար դառնապէս լացէ՛ք,
Որովհետեւ անգամ մըն ալ պիտի չդառնայ
Ու իր հայրենիքը պիտի չտեսնէ»։
11Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Սեղղումին համար,
Որ իր հօրը Յովսիային տեղ թագաւոր նստաւ
Ու այս տեղէն ելաւ.
‘Անիկա անգամ մըն ալ հոս պիտի չդառնայ.
12Հապա անիկա իր գերի քշուած տեղը պիտի մեռնի
Ու ա՛լ այս երկիրը պիտի չտեսնէ՛»։
13«Վա՜յ անոր, որ իր տունը զրկանքով
Ու իր վերնատուները անիրաւութեամբ կը շինէ.
Իր դրացին ձրի կը բանեցնէ
Եւ անոր աշխատութեանը վարձքը չի վճարեր։
14Ան որ կ’ըսէ՝
‘Ինծի ընդարձակ տուն
Ու հովասուն վերնատուններ շինեմ’,
Իրեն պատուհաններ կը բանայ
Ու զանիկա եղեւնափայտով կը պատէ
Ու կարմիր կը ներկէ։
15Միթէ դուն #22:15 Եբր., Եղեւնափայտի համար նախանձելովդշատ եղեւնափայտեր հաւաքելովդ՝ ՝
Թագաւո՞ր պիտի ըլլաս։
Չէ՞ որ քու հայրդ կերաւ ու խմեց,
Նաեւ իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ,
Այն ատեն անոր աղէկ եղաւ։
16Աղքատին ու տնանկին դատը տեսաւ,
Այն ատեն անոր աղէկ եղաւ։
«Միթէ զիս ճանչնալը ասիկա չէ՞», կ’ըսէ Տէրը։
17Սակայն քու աչքերդ ու սիրտդ ուրիշ բանի վրայ չեն,
Բայց միայն ագահութեան
Եւ անմեղ արիւն թափելու
Եւ անիրաւութեան ու բռնութեան վրայ, որ զանոնք ընես։
ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՅՈՎԱԿԻՄԻՆ ՄԱՍԻՆ
18Անոր համար Յուդայի թագաւորին,
Յովսիայի որդիին Յովակիմին համար
Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Անոր վրայ պիտի չողբան՝ ըսելով՝
‘Վա՜յ, եղբայրս’, կամ ‘Վա՜յ քոյրս’.
Անոր վրայ պիտի չողբան՝ ըսելով՝
‘Վա՜յ, տէր իմ’, կամ ‘Վա՜յ անոր փառքին’։
19Անիկա իշու թաղումով պիտի թաղուի
Ու քաշելով պիտի տարուի
Ու Երուսաղէմի դռներէն դուրս պիտի նետուի»։
ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՃԱԿԱՏԱԳՐԻՆ ՄԱՍԻՆ
20«Լիբանան ելի՛ր ու աղաղակէ՛
Եւ Բասանի վրայ ձայնդ ձգէ՛
Ու Աբիրամէ աղաղակէ՛.
Վասն զի քու բոլոր հոմանիներդ կոտորուեցան։
21Երբ դուն յաջողութեան մէջ էիր, քեզ խրատեցի
Ու դուն ըսիր՝ ‘Մտիկ չեմ ըներ’։
Քու մանկութենէդ ի վեր ճամբադ այս է,
Որ իմ խօսքիս մտիկ չընես։
22Քու բոլոր հովիւներդ հովը պիտի քշէ
Ու հոմանիներդ գերութեան պիտի երթան։
Յիրաւի այն ատեն բոլոր չարութեանդ համար
Պիտի ամչնաս ու պիտի նախատուիս։
23Ո՛վ Լիբանանի մէջ բնակող
Ու եղեւիններու մէջ բոյն ունեցող,
Երբ քեզի ծննդական կնոջ երկունքին պէս ցաւեր գան,
Որչա՜փ ողորմելի պիտի ըըլաս»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ՅԵՔՈՆԻԱՅԻՆ
24«Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը,
Ո՜վ Յուդայի թագաւոր, Յովակիմի որդի Յեքոնիա,
Թէեւ իմ աջ ձեռքիս կնիքն ալ ըլլաս,
Անկէ ալ քեզ պիտի փրցնեմ։
25Քեզ՝ քու հոգիդ փնտռողներուն ձեռքը
Ու այն մարդոց ձեռքը, որոնց երեսէն դուն կը վախնաս
Եւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը
Ու Քաղդէացիներուն ձեռքը պիտի մատնեմ։
26Քեզ ու քու մայրդ, որ քեզ ծնաւ,
Օտար երկիր պիտի նետեմ
Ուր ծնած չէք
Եւ հոն պիտի մեռնիք։
27Ու պիտի չդառնաք այն երկիրը,
Ուր դառնալ կը յուսայիք»։
28Միթէ այս Յեքոնիա ըսուած մարդը անարգուած ու կոտրուած սափո՞ր մըն է,
Կամ թէ այնպիսի ամա՞ն մըն է, որուն համար մէ՛կը հոգ չըներ։
Ինչո՞ւ համար ինք ու իր սերունդը նետուեցան
Ու իրենց անծանօթ երկիրը քշուեցան։
29Ո՛վ երկիր, երկիր, երկիր,
Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛։
30Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Այս մարդը իբր անզաւակ գրեցէք,
Մարդ մը, որ իր օրերուն մէջ յաջողութիւն պիտի չգտնէ,
Քանզի անոր սերունդէն ոեւէ մէկը յաջողութիւն պիտի չգտնէ,
Որ Դաւիթին աթոռին վրայ նստի
Եւ Յուդայի վրայ թագաւորութիւն ընէ»։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 22: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.