YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 20

20
ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ԲԱՂԽՈՒՄԸ ՓԱՍՈՒՐԻՆ ՀԵՏ
1Տէրոջը տանը գլխաւոր վերակացուն՝ Եմմերին որդին Փասուրը՝ լսեց այն խօսքերը, որոնք Երեմիա կը մարգարէանար։ 2Փասուր Երեմիա մարգարէին զարկաւ եւ զանիկա Տէրոջը տանը եղող՝ Բենիամինին վերի դրանը կոճղին մէջ դրաւ։ 3Հետեւեալ օրը Փասուր Երեմիան կոճղէն հանեց։ Այն ատեն Երեմիան անոր ըսաւ. «Տէրը քու անունդ Փասուր չկոչեց, հապա #20:3 Այսինքն, ամէն կողմանէ վախՄակոր-Միսսապիպ. 4Վասն զի Տէրը այսպէս կ՛ըսէ. ‘Ահա ես քեզ արհաւիրք պիտի ընեմ քու անձիդ ու քու բոլոր բարեկամներուդ վրայ եւ անոնք իրենց թշնամիներուն սուրովը պիտի իյնան ու քու աչքերդ պիտի տեսնեն եւ բոլոր Յուդան Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի մատնեմ, որը զանոնք Բաբելոն գերի պիտի տանի ու զանոնք սուրով պիտի զարնէ։ 5Այս քաղաքին բոլոր հարստութիւնն ու անոր բոլոր վաստակը ու անոր բոլոր պատուական բաները եւ Յուդայի թագաւորներուն բոլոր գանձերը իրենց թշնամիներուն ձեռքը պիտի տամ։ Զանոնք պիտի յափշտակեն ու առնեն եւ Բաբելոն տանին։ 6Եւ դուն, ո՛վ Փասուր ու քու տանդ բոլոր բնակիչները, գերութեան պիտի երթաք եւ Բաբելոն պիտի երթաք ու հոն պիտի մեռնիք եւ հոն պիտի թաղուիք թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու բոլոր բարեկամներդ, որոնց սուտ մարգարէութիւն ըրիր’»։
ԵՐԵՄԻԱ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ
7Զիս խաբեցիր, ո՛վ Տէր ու ես խաբուեցայ։
Դուն ինծմէ զօրաւոր ես ու յաղթեցիր։
Ամէն օր ծաղրանքի առարկայ եղայ.
Ամէնքը զիս կը ծաղրեն,
8Քանզի կը խօսիմ, կ’աղաղակեմ
Եւ բռնութեան ու զրկանքի համար կը բողոքեմ։
Տէրոջը խօսքը ամէն օր նախատինք ու անարգանք եղաւ ինծի։
9Եթէ ըսէմ՝ «Զինք պիտի չյիշեմ,
Կամ անգամ մըն ալ իր անունով պիտի չխօսիմ»,
Այն ատեն սրտիս մէջ կրակ մը պիտի վառի,
Իմ ոսկորներուս մէջ պիտի բորբոքի
Ես յոգնեցայ զանիկա կրելէն ու ա՛լ չեմ կրնար դիմանալ։
10Շատերէն պարսաւանք լսեցի,
Ամէն կողմ վախ կայ, ա՛լ չեմ կրնար հանգստանալ։
«Չարախօսեցէ՛ք ու բամբասեցէք», ըսին.
Իմ բոլոր բարեկամներս #20:10 Կամ, ինծի յարողներըիմ սխալիլս կը դիտէին՝ ըսելով՝ ՝,
‘Թերեւս անիկա խաբուի ու անոր յաղթենք
Եւ անկէ մեր վրէժը լուծենք’»։
11Բայց Տէրը ինծի հետ է զօրաւոր ախոյեանի պէս.
Անոր համար զիս հալածողները պիտի գլորին ու պիտի չյաղթեն.
Անոնք խիստ պիտի ամչնան, քանզի անխելքութեամբ կը վարուին։
Անոնց կրելու անարգանքը յաւիտեան պիտի չմոռցուի։
12Բայց դո՛ւն, ո՛վ զօրքերու Տէր, որ արդարը կը փորձես,
Միտքն ու սիրտը կը տեսնես,
Անոնց վրայ քու վրէժխնդրութիւնդ պիտի տեսնեմ,
Քանզի իմ դատս քեզի յայտնեցի։
13Տէրոջը երգեցէ՛ք, Տէրը գովեցէ՛ք.
Քանզի տնանկին հոգին չարագործներուն ձեռքէն ազատեց։
14Անիծեա՛լ ըլլայ այն օրը, երբ ես ծնայ։
Իմ մօրս զիս ծնած օրը օրհնեալ չըլլայ։
15Անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ իմ հօրս աւետիս բերաւ
Ու զանիկա խիստ շատ ուրախացուց՝ ըսելով.
‘Քեզի արու զաւակ մը ծնաւ’։
16Այն մարդը այն քաղաքներուն պէս ըլլայ,
Որոնք Տէրը կործանեց առանց խնայելու։
Անիկա առաւօտուն ողբ լսէ
Ու կէսօրին՝ աղաղակ։
17Վասն զի մօրս արգանդէն զիս չմեռցուց,
Որ մայրս ինծի գերեզման ըլլար
Եւ անոր արգանդը յաւիտեան յղի մնար։
18Ինչո՞ւ այսպէս մօրս արգանդէն ելայ,
Որ աշխատանք ու ցաւ տեսնեմ
Եւ իմ օրերս ամօթով սպառին։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 20: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԵՐԵՄԵԱՅ 20