«Եւ այս ժողովուրդին ըսէ՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեր առջեւ կը դնեմ կեանքի ճամբան ու մահուան ճամբան։ Ան որ քաղաքին մէջ կը կենայ՝ սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնի. իսկ ան որ դուրս կ’ելլէ եւ ձեզ պաշարող Քաղդէացիներուն կը յանձնուի, ողջ պիտի մնայ ու անոր կեանքը աւարի մը պէս պիտի ըլլայ։