YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 19

19
ԿՈՏՐԱԾ ԿՈՒԺԸ
1Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Գնա՛, բրուտի շինած հողէ կուժ մը ծախու ա՛ռ ու ժողովուրդէն քանի մը ծերեր եւ քահանաներէն քանի մը ծերեր քեզի հետ ա՛ռ 2Եւ Խեցիներու դրանը դիմացի՝ Ենովմի որդիին ձորը իջիր ու հոն յայտնէ այն խօսքերը, որոնք քեզի պիտի ըսեմ»։ 3Անոնց ըսէ. «Ո՛վ Յուդայի թագաւորներ ու Երուսաղէմի բնակիչներ, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք. զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս տեղին վրայ սարսափելի չարիք մը պիտի բերեմ, այնպէս որ զանիկա լսողին ականջները պիտի խօսին. 4Վասն զի անոնք զիս թողուցին ու այս տեղը ինծմէ օտարացուցին եւ հոս խունկ ծխեցին ուրիշ աստուածներու, որոնք ո՛չ իրենք եւ ո՛չ իրենց հայրերը, ո՛չ ալ Յուդայի թագաւորները կը ճանչնային ու այս տեղը անմեղ արիւնով լեցուցին 5Եւ Բահաղին բարձր տեղեր շինեցին, որպէս զի իրենց տղաքները կրակով այրեն՝ Բահաղին ողջակէզ ընեն, որը ես չհրամայեցի, չխօսեցայ ու մտքէս ալ չանցաւ։ 6Ուստի ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, որ անգամ մըն ալ այս տեղը Տօփեթ ու Ենովմի որդիին ձորը պիտի չկոչուի, հապա Սպանութեան ձոր։ 7Այս տեղ Յուդայի ու Երուսաղէմի խորհուրդը պիտի խափանեմ ու զանոնք իրենց թշնամիներուն առջեւ սուրով եւ իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքով պիտի կործանեմ։ Անոնց դիակները երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի տամ։ 8Այս քաղաքը աւերակ ու նախատինքի առարկայ պիտի ընեմ։ Անկէ ամէն անցնողը անոր բոլոր հարուածներուն պատճառով պիտի զարմանայ ու պիտի սուլէ։ 9Պաշարման ատենը այն նեղութեանը մէջ, որով անոնց թշնամիները եւ անոնց հոգին փնտռողները զանոնք պիտի նեղեն, իրենց տղոցը ու աղջիկներուն միսը պիտի կերցնեմ անոնց ու իրարու միս պիտի ուտեն’»։
10«Ետքը այն կուժը քեզի հետ եկող մարդոց աչքին առջեւ կոտրէ՛ 11Ու անոնց ըսէ՝ զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս ժողովուրդն ու այս քաղաքը այնպէս պիտի կոտրտեմ, ինչպէս մէկը բրուտի ամանը կը կոտրտէ, որ ա՛լ չկրնան նորոգուիլ ու զանոնք Տօփեթի մէջ պիտի թաղեն՝ #19:11 Կամ, ուրիշ թաղելու տեղ չըլլալուն համարմինչեւ որ ա՛լ թաղելու տեղ չմնայ՝ ՝’»։ 12«Այն տեղին ու անոր բնակիչներուն այսպէս պիտի ընեմ, կ’ըսէ Տէրը։ Այս քաղաքը Տօփեթի պէս պիտի ընեմ 13Ու Երուսաղէմի տուները եւ Յուդայի թագաւորներուն տուները Տօփեթի տեղին պէս պիղծ պիտի ըլլան #19:13 Կամ, այսինքն այն բոլոր տուներըայն բոլոր տուներուն պատճառով՝ ՝, որոնց տանիքներուն վրայ երկնքի զօրքերուն խունկ ծխեցին եւ օտար աստուածներու ըմպելի նուէրներ մատուցանեցին»։
14Երեմիա Տօփեթէն եկաւ, ուր Տէրը զանիկա ղրկեր էր մարգարէութիւն ընելու համար եւ Տէրոջը տանը գաւիթը կայնեցաւ ու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. 15«Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա այս քաղաքին վրայ ու անոր բոլոր գիւղաքաղաքներուն վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր չարիքները, որոնք անոր համար որոշեցի. վասն զի իրենց պարանոցը խստացուցին, որպէս զի իմ խօսքերուս մտիկ չընեն’»։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 19: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԵՐԵՄԵԱՅ 19