Քանզի կը խօսիմ, կ’աղաղակեմ
Եւ բռնութեան ու զրկանքի համար կը բողոքեմ։
Տէրոջը խօսքը ամէն օր նախատինք ու անարգանք եղաւ ինծի։
Եթէ ըսէմ՝ «Զինք պիտի չյիշեմ,
Կամ անգամ մըն ալ իր անունով պիտի չխօսիմ»,
Այն ատեն սրտիս մէջ կրակ մը պիտի վառի,
Իմ ոսկորներուս մէջ պիտի բորբոքի
Ես յոգնեցայ զանիկա կրելէն ու ա՛լ չեմ կրնար դիմանալ։