YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 62

62
1Սիօնի սիրոյն համար պիտի չլռեմ
Ու Երուսաղէմի սիրոյն համար պիտի չհանդարտիմ.
Մինչեւ որ անոր արդարութիւնը՝ լոյսի պէս
Եւ անոր փրկութիւնը բոցավառ ջահի պէս #62:1 Եբր., ելլէճառագայթէ։
2Ազգերը՝ քու արդարութիւնդ
Ու բոլոր թագաւորները քու փառքդ պիտի տեսնեն։
Դուն նոր անունով պիտի կոչուիս,
Որ Տէրոջը բերանը պիտի անուանէ։
3Տէրոջը ձեռքին մէջ՝ վայելչութեան պսակ
Ու քու Աստուծոյդ ձեռքին մէջ արքայական թագ պիտի ըլլաս։
4Դուն անգամ մըն ալ Լքուած պիտի չկոչուիս
Ու քու երկիրդ անգամ մըն ալ Աւերակ պիտի չկոչուի,
Հապա դուն #62:4 Եբր., Էփսիբայ, այսինքն, իր հաւանութիւնս անոր մէջԻմ հաւնածս՝ ՝
Ու քու երկիրդ Ամուսնացեալ պիտի կոչուի,
Քանզի Տէրը քեզի պիտի հաւնի
Ու քու երկիրդ պիտի ամուսնանայ։
5Վասն զի ինչպէս երիտասարդ մը կոյսի հետ կ’ամուսնանայ,
Այնպէս քու տղաքներդ քեզի հետ պիտի ամուսնանան։
Ինչպէս փեսան հարսին վրայ կ’ուրախանայ,
Այնպէս քու Աստուածդ քու վրադ պիտի ուրախանայ։
6Քու պարիսպներուդ վրայ, ո՛վ Երուսաղէմ, պահապաններ դրի.
Անոնք բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը բնաւ պիտի չլռեն։
Դուք, ո՛վ Տէրը յիշողներ, լուռ մի՛ կենաք
7Ու անոր հանգստութիւն մի՛ տաք,
Մինչեւ անիկա հաստատէ,
Մինչեւ Երուսաղէմը երկրին գովելի քաղաքը դարձնէ։
8Տէրը իր աջ ձեռքին վրայ ու իր զօրաւոր բազուկին վրայ այսպէս երդում ըրաւ.
«Քու ցորենդ անգամ մըն ալ քու թշնամիներուդ կերակուր պիտի չտամ
Եւ օտարներու որդիները պիտի չխմեն քու գինիդ,
Որուն համար դուն աշխատեցար.
9Հապա հնձողները պիտի ուտեն զանիկա
Ու Տէրոջը փառք պիտի տան
Եւ զանիկա հաւաքողները իմ սուրբ սրահներուս մէջ պիտի խմեն»։
10Անցէ՛ք, անցէ՛ք դռներէն,
Ժողովուրդին ճամբայ պատրաստեցէ՛ք.
Շտկեցէ՛ք, շտկեցէ՛ք շաւիղները,
Քարերը անկէ հաւաքեցէ՛ք.
Ժողովուրդներուն վրայ դրօշակ բարձրացուցէք։
11Ահա Տէրը մինչեւ երկրի ծայրը յայտարարեց, որ
Սիօնի աղջկանը ըսեն.
«Ահա քու Փրկիչդ կու գայ,
Ահա անոր վարձքը իրեն հետ է
Ու գործերու հատուցումը իր առջեւն է»։
12Անոնք Սուրբ ժողովուրդ, Տէրոջը փրկածները, պիտի կոչուին
Ու դուն Փնտռուած ու Չլքուած քաղաք պիտի կոչուիս։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 62: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in