ԵՍԱՅԵԱՅ 63
63
ՏԷՐՈՋԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ԱԶԳԵՐՈՒ ՎՐԱՅ
1Ո՞վ է ասիկա, որ կու գայ Եդովմէն,
Կարմրագոյն զգեստով՝ Բօսրայէն,
Որ փառաւոր հանդերձով զարդարուած է
Եւ իր շատ զօրութիւնովը պանծալով կը քալէ։
«Ես եմ, որ արդարութեամբ կը խօսիմ
Ու փրկելու կարողութիւն ունիմ»։
2Ինչո՞ւ համար քու հանդերձդ կարմիր է
Ու քու զգեստներդ հնձանի մէջ կոխկռտողին հագուստին պէս են։
3«Հնձանի մէջ միայն ես կոխեցի
Եւ ժողովուրդներէն ինծի հետ մա՛րդ չկար։
Զանոնք իմ բարկութիւնովս կոխեցի
Եւ իմ սրտմտութիւնովս զանոնք ճմլեցի։
Անոնց արիւնը իմ զգեստներուս վրայ ցատկեց
Եւ բոլոր հանդերձներս ներկեցի,
4Քանզի իմ սրտիս մէջ էր վրէժխնդրութեան օրը
Ու իմ փրկուած տարիս հասած էր։
5Նայեցայ, բայց օգնող չկար։
Զարմացայ, որ ձեռնտու եղող մը չկար,
Ուստի իմ բազուկս զիս փրկեց
Ու իմ բարկութիւնս ինծի ձեռնտու եղաւ։
6Եւ իմ բարկութիւնովս ժողովուրդներ կոխեցի
Ու զանոնք իմ սրտմտութիւնովս #63:6 Կամ, ջախջախեցիգինովցուցի
Եւ անոնց արիւնը գետինը թափեցի։
ՏԷՐՈՋԸ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՆԴԷՊ
7Տէրոջը ողորմութիւնները, Տէրոջը գովութիւնները պիտի յիշեմ՝
Տէրոջը բոլոր մեզի շնորհածներուն համեմատ
Եւ այն շատ բարիքներուն համեմատ
Որոնք իր գթութիւնովը եւ առատ ողորմութիւնովը
Իսրայէլի տանը ըրած է։
8Քանզի ըսաւ. «Իրաւցընէ անոնք իմ ժողովուրդս են,
Սուտ չելլելու որդիներ են»։
Անիկա անոնց փրկիչ եղաւ,
9Անոնց բոլոր նեղութիւններուն ատենը նեղութիւն քաշեց,
Իր ներկայութեան հրեշտակը զանոնք ազատեց,
Իր սիրովն ու գթութիւնովը զանոնք փրկեց։
Զանոնք վերցուց ու անցեալ օրերուն մէջ զանոնք կրեց։
10Բայց անոնք ապստամբեցան ու անոր Սուրբ Հոգին բարկացուցին։
Անիկա ալ անոնց թշնամի դարձաւ
Ու ինք անոնց հետ պատերազմ ըրաւ։
11Այն ատեն յիշեցին հին օրերը՝ Մովսէսը եւ անոր ժողովուրդը։
Ո՞ւր է անիկա, որ իր հօտին հովիւովը զանոնք ծովէն հանեց,
Ո՞ւր է անիկա, որ անոնց մէջ իր Սուրբ Հոգին դրաւ,
12Իր փառաւոր բազուկը Մովսէսին աջ ձեռքին հետ պտըտցուց,
Իրեն յաւիտենական անուն #63:12 Եբր., ընելուվաստկելու համար
Անոնց առջեւէն ջուրերը պատռեց
13Զանոնք անդունդներէն առանց սահելու անցուց,
Ինչպէս ձի մը անապատէն կ’անցնի։
14Տէրոջը Հոգին զանիկա հանգստացուց,
Հովիտը իջնող անասուններու պէս։
Դուն քու ժողովուրդիդ առաջնորդութիւն ըրիր,
Որպէս զի քեզի փառաւոր անուն վաստկիս։
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԳԹՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ
15Երկնքէն նայէ՛,
Քու սուրբ ու փառաւոր բնակութենէդ տե՛ս։
Ո՞ւր է քու նախանձդ ու զօրութիւնդ։
Քու աղիքներուդ գալարուիլը եւ ինծի ըրած ողորմութիւններդ արգիլուեցա՞ն։
16Քանզի մեր Հայրը դուն ես,
Թէեւ Աբրահամ մեզ չի գիտեր
Ու Իսրայէլ մեզ չի ճանչնար.
Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, մեր Հայրն ես
Ու սկիզբէն քու անունդ մեր Փրկիչն է։
17Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ համար մեզ քու ճամբաներէդ կը մոլորեցնես,
Ինչո՞ւ մեր սիրտը կը խստացնես, որ քեզմէ չվախնանք։
Քու ծառաներուդ սիրոյն համար,
Քու ժառանգութեանդ ցեղերուն դարձիր։
18Քու սուրբ ժողովուրդդ իրենց ժառանգութիւնը քիչ ատեն վայելեցին։
Մեր թշնամիները քու սրբարանդ ոտնակոխ ըրին։
19Մենք այնպէս եղանք,
Որպէս թէ դուն մեր վրայ չէիր տիրեր
Եւ քու անունդ մեր վրայ չէր կանչուեր։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 63: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.