1
ԵՍԱՅԵԱՅ 62:4
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Դուն անգամ մըն ալ Լքուած պիտի չկոչուիս Ու քու երկիրդ անգամ մըն ալ Աւերակ պիտի չկոչուի, Հապա դուն Իմ հաւնածս՝ ՝ Ու քու երկիրդ Ամուսնացեալ պիտի կոչուի, Քանզի Տէրը քեզի պիտի հաւնի Ու քու երկիրդ պիտի ամուսնանայ։
Compare
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 62:4
2
ԵՍԱՅԵԱՅ 62:6-7
Քու պարիսպներուդ վրայ, ո՛վ Երուսաղէմ, պահապաններ դրի. Անոնք բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը բնաւ պիտի չլռեն։ Դուք, ո՛վ Տէրը յիշողներ, լուռ մի՛ կենաք Ու անոր հանգստութիւն մի՛ տաք, Մինչեւ անիկա հաստատէ, Մինչեւ Երուսաղէմը երկրին գովելի քաղաքը դարձնէ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 62:6-7
3
ԵՍԱՅԵԱՅ 62:3
Տէրոջը ձեռքին մէջ՝ վայելչութեան պսակ Ու քու Աստուծոյդ ձեռքին մէջ արքայական թագ պիտի ըլլաս։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 62:3
4
ԵՍԱՅԵԱՅ 62:5
Վասն զի ինչպէս երիտասարդ մը կոյսի հետ կ’ամուսնանայ, Այնպէս քու տղաքներդ քեզի հետ պիտի ամուսնանան։ Ինչպէս փեսան հարսին վրայ կ’ուրախանայ, Այնպէս քու Աստուածդ քու վրադ պիտի ուրախանայ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 62:5