YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 61

61
ԱԶԱՏԱԳՐՄԱՆ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ
1Տէր Եհովային Հոգին իմ վրաս է,
Վասն զի Տէրը զիս օծեց
Ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու,
Կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու,
Գերիներուն՝ ազատութիւն
Եւ բանտարկեալներուն բանտին բացուիլը հրատարակելու։
2Տէրոջը՝ ընդունելի տարին
Ու մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը հրատարակելու,
Բոլոր սգաւորները մխիթարելու,
3Սիօնի սգաւորները որոշելու
Ու անոնց մոխիրի տեղ՝ փառք,
Սուգի տեղ՝ ուրախութեան իւղ,
Կոտրած հոգիի տեղ գովութեան պատմուճան տալու։
Եւ զանոնք պիտի անուանեն Արդարութեան բեւեկնիներ,
Որոնք Տէրը տնկեր է իր փառքին համար։
4Հին աւերակները պիտի շինեն,
Առաջուան կործանուածները պիտի կանգնեցնեն,
Աւերուած քաղաքները
Ու շատ դարերէ ի վեր աւերակ մնացածները պիտի նորոգեն։
5Օտարականները պիտի գան ու ձեր հօտերը պիտի հովուեն։
Օտարներուն որդիները ձեր երկրագործները եւ այգեգործները պիտի ըլլան։
6Բայց դուք Տէրոջը՝ քահանաներ,
Մեր Աստուծոյն պաշտօնեաներ պիտի կոչուիք։
Ազգերուն հարստութիւնը պիտի ուտէք
Ու անոնց փառքովը պիտի փառաւորուիք։
7Ձեր ամօթին տեղ՝ կրկին ուրախութիւն
Եւ անարգանքին տեղ ձեր ժառանգութեանը մէջ պիտի ցնծաք,
Ուստի ձեր երկրին մէջ կրկին ժառանգութիւն պիտի առնէք։
Յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ունենաք։
8Քանզի ես Տէրս արդարութիւնը կը սիրեմ.
Անիրաւութիւնն ու յափշտակութիւնը կ’ատեմ.
Իրաւցընէ անոնց գործերուն վարձքը պիտի տամ
Ու անոնց հետ յաւիտենական ուխտ պիտի ընեմ։
9Անոնց սերունդը ազգերուն մէջ,
Անոնց տղաքները ժողովուրդներուն մէջ պիտի ճանչցուին,
Զանոնք բոլոր տեսնողները պիտի գիտնան,
Թէ անոնք Տէրոջը օրհնած սերունդն են։
10Ես Տէրոջմով մեծապէս պիտի ցնծամ
Ու իմ հոգիս իմ Աստուծմովս պիտի ուրախանայ.
Քանզի ինծի փրկութեան հանդերձներ հագցուց,
Զիս արդարութեան պատմուճանով ծածկեց
Փեսայի պէս, որ իրեն փառաւոր խոյրը կը դնէ
Ու հարսի պէս, որ իր զարդերովը կը զարդարուի։
11Քանզի ինչպէս երկիր իր տունկը կ’աճեցնէ
Ու պարտէզը իր մէջ ցանուածները կը բուսցնէ,
Այնպէս Տէր Եհովան բոլոր ազգերուն առջեւ
Արդարութիւն ու գովութիւն պիտի բուսցնէ։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 61: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in