ԵՍԱՅԵԱՅ 60
60
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻՆ ԱՊԱԳԱՅ ՓԱՌՔԸ
1Ելի՛ր, լուսաւորուէ՛. քանզի քու լոյսդ եկաւ
Ու Տէրոջը փառքը քու վրադ ծագեցաւ։
2Վասն զի ահա խաւարը՝ երկիրը
Ու մառախուղը ազգերը պիտի ծածկէ,
Բայց քու վրադ Տէրը պիտի ծագի
Եւ անոր փառքը քու վրադ պիտի երեւնայ։
3Ազգեր քու լոյսիդ պիտի գան
Եւ թագաւորներ՝ քու վրադ ծագած պայծառութեանը։
4Աչքերդ վերցո՛ւր ու բոլորտիքդ նայէ՛.
Ամէնքը կը հաւաքուին ու քեզի կու գան։
Քու տղաքներդ հեռուէն պիտի գան
Եւ քու աղջիկներդ գրկի մէջ մանուկներու պէս պիտի տարուին։
5Այն ատեն պիտի տեսնես եւ ուրախանաս
Ու սիրտդ պիտի ուրախանայ ու ցնծայ,
Քանզի ծովուն առատութիւնը քեզի պիտի դառնայ,
Ազգերուն հարստութիւնը քեզի պիտի գայ։
6Ուղտերուն երամակը եւ
Մադիամի ու Գեփայի տաճիկ ուղտերը, քեզ պիտի ծածկեն։
Ամէնքը Սաբայէն պիտի գան,
Ոսկի ու կնդրուկ պիտի բերեն
Եւ Տէրոջը փրկութիւնը պիտի աւետեն։
7Կեդարի բոլոր հօտերը քու քովդ պիտի հաւաքուին
Ու Նաբէօթի խոյերը քեզի պիտի ծառայեն։
Անոնք իմ սեղանիս վրայ պիտի ելլեն՝ ընդունելի զոհ ըլլալու։
Իմ աղօթքիս տունը պիտի փառաւորեմ։
8Ո՞վ են ասոնք, որ կը թռչին ամպի պէս
Ու դէպի իրենց վանդակը թռչող աղաւնիներու պէս։
9Քանզի կղզիներն ու Թարսիսի նաւերը
Ինծի համար պատրաստ պիտի ըլլան,
Որպէս զի հեռուէն քու տղաքներդ
Եւ անոնց հետ անոնց արծաթն ու ոսկին բերեն,
Քու Տէր Աստուծոյդ անուանը համար
Ու Իսրայէլի Սուրբին համար, քանզի անիկա քեզ կը փառաւորէ։
10Օտարներուն որդիները քու պարիսպներդ պիտի շինեն
Ու անոնց թագաւորները քեզի ծառայութիւն պիտի ընեն,
Քանզի իմ բարկութիւնովս քեզ զարկի,
Բայց բարեհաճութիւնովս քեզի պիտի ողորմիմ։
11Քու դռներդ միշտ բաց պիտի ըլլան,
Ցորեկ ու գիշեր պիտի չգոցուին,
Որպէս զի քեզի կրեն ազգերուն ստացուածքը
Եւ անոնց թագաւորները #60:11 Կամ, հանդէսով գանբերուին։
12Քանզի այն ազգն ու թագաւորութիւնը որ քեզի չեն ծառայեր՝ պիտի կորսուին
Ու բոլորովին պիտի կործանին։
13Լիբանանի փառքը քեզի պիտի գայ,
Մայրին, սօսին ու տօսախը մէկտեղ՝
Իմ սրբարանս զարդարելու համար։
Իմ ոտքերուս տեղը պիտի փառաւորեմ։
14Քեզի նեղութիւն տուողներուն տղաքները
Ծռելով քեզի պիտի գան։
Բոլոր քեզ անարգողները
Քու ոտքերուդ գարշապարներուն երկրպագութիւն պիտի ընեն։
Քեզ Տէրոջը քաղաքը,
Իսրայէլի Սուրբին Սիօնը պիտի անուանեն։
15Դուն որ երեսէ ձգուած ու ատելի եղար
Եւ քեզմէ անցնող չեղաւ,
Քեզ՝ յաւիտենական փառք
Ու ազգէ ազգ տեւող ուրախութիւն պիտի ընեմ։
16Ազգերուն կաթը պիտի ծծես,
Թագաւորներուն ստինքը պիտի ծծես
Եւ պիտի գիտնաս թէ ես Տէ՛րս եմ քու Ազատիչդ
Ու Փրկիչդ, Յակոբին Հզօրը։
17Պղնձի տեղ ոսկի պիտի բերեմ,
Երկաթի տեղ՝ արծաթ,
Փայտերու տեղ՝ պղինձ,
Քարերու տեղ երկաթ պիտի բերեմ։
Քու վերակացուներդ խաղաղութիւն պիտի սիրեն,
Քու իշխաններդ արդարութիւն պիտի ընեն։
18Անգամ մըն ալ քու երկրիդ մէջ՝ բռնութիւն
Եւ քու սահմաններուդ մէջ յափշտակութիւն ու կոտորած տեղի պիտի չունենայ,
Հապա քու պարիսպներդ՝ Փրկութիւն
Ու դռներդ Գովութիւն պիտի անուանես։
19Անգամ մըն ալ ցորեկը քու լուսատուդ արեւը պիտի չըլլայ
Ու գիշերը լուսինը իր պայծառութիւնովը քեզի լոյս պիտի չտայ.
Հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս
Եւ քու Աստուածդ քու փառքդ պիտի ըլլայ։
20Քու արեւդ անգամ մըն ալ պիտի չմարի
Ու քու լուսինդ պիտի չնուազի.
Հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայ
Եւ սուգի օրերդ պիտի վերջանան։
21Ու քու բոլոր ժողովուրդդ արդար պիտի ըլլայ
Ու երկիրը յաւիտենապէս պիտի ժառանգէ։
Իմ տնկած տունկս՝ իմ ձեռքերուս գործը՝
Իմ փառքիս համար պիտի ըլլայ։
22Քիչուորը՝ հազարաւոր
Ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ.
Ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ ասիկա։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 60: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.