YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 6

6
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՍԱՅԻՆ ԿԸ ԿԱՆՉԷ ՄԱՐԳԱՐԷԱՆԱԼՈՒ
1Ոզիա թագաւորին մահուան տարին Տէրը տեսայ, որ բարձր ու վերացած աթոռի վրայ նստեր էր։ Անոր քղանցքը տաճարը կը լեցնէր։ 2Վերի կողմը սերովբէները կը կենային անոր առջեւ, որոնց ամէն մէկը վեց թեւ ունէր։ Երկուքով երեսնին կը ծածկէին, երկուքով ոտքերնին կը ծածկէին ու երկուքով կը թռչէին։ 3Եւ փոփոխակի կ’աղաղակէին ու կ՛ըսէին.
«Սուրբ, Սուրբ, Սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը.
Բոլոր երկիր անոր փառքովը լեցուն է»։
4Եւ աղաղակին ձայնէն դրան սեմերուն հիմերը շարժեցան եւ տունը ծուխով լեցուեցաւ։
5Եւ ըսի.
«Վա՜յ ինծի, ահա կը կորսուիմ.
Վասն զի ես պիղծ շրթունք ունեցող մարդ մըն եմ
Ու պղծաշուրթն ժողովուրդի մէջ կը բնակիմ
Եւ իմ աչքերս զօրքերու Տէրը, Թագաւորը տեսան»։
6Բայց սերովբէներէն մէկը իմ կողմս թռաւ ու ձեռքը կրակի կայծ մը ունէր, որ սեղանէն ունելիով առած էր։ 7Եւ բերնիս դպցնելով՝ ըսաւ.
«Ահա ասիկա քու շրթունքներուդ դպաւ
Ու քու անօրէնութիւնդ վերցուեցաւ
Եւ մեղքիդ քաւութիւն եղաւ»։
8Ետքը լսեցի Տէրոջը ձայնը, որ ըսաւ.
«Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ»։
Ու ես ըսի. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։
9Այն ատեն ըսաւ.
«Գնա՛, ըսէ՛ այս ժողովուրդին.
‘Լսելով պիտի լսէք, բայց պիտի չիմանաք
Ու տեսնելով պիտի տեսնէք, բայց պիտի չգիտնաք’։
10Այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացուր
Եւ ականջները ծանրացուր ու անոր ոտքերը գոցէ,
Որպէս զի չըլլայ թէ աչքերովը տեսնէ ու ականջներովը լսէ
Եւ սրտովը իմանայ եւ դարձի գայ ու բժշկուի»։
11Ես ըսի. «Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր իմ»։ Ան ըսաւ.
«Մինչեւ որ քաղաքները բնակիչ չունենալով
Եւ տուները մարդ չգտնուելով՝ ամայի մնան
Ու երկիրը բոլորովին աւերակ ըլլայ
12Ու մինչեւ որ Տէրը հեռացնէ մարդիկը
Ու երկրին մէջ մեծ ամայութիւն ըլլայ։
13Անոր մէջ դեռ մէկ տասներորդ մասը պիտի գտնուի,
Բայց այն ալ դարձեալ պիտի սպառի.
Ինչպէս բեւեկնին ու կաղնին կտրուելով՝ անոնց բունը կը մնայ»։
Այսպէս սուրբ սերունդը այն ժողովուրդին բունը պիտի ըլլայ։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 6: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy