ԵՍԱՅԵԱՅ 5
5
ԱՅԳԻԻՆ ԵՐԳԸ
1Հիմա իմ սիրականիս երգը
Իմ սիրելիիս երգեմ իր այգիին վրայով.
Իմ սիրելիս այգի մը ունէր
Խիստ պտղաբեր բլուրի մը վրայ։
2Զանիկա ցանկով պատեց, քարերը հանեց մէջէն
Եւ ընտիր որթատունկեր տնկեց։
Անոր մէջտեղը աշտարակ շինեց
Եւ հոն հնձան մըն ալ փորեց։
Կը սպասէր, որ խաղող տար,
Բայց անիկա ազոխ տուաւ։
3Ուստի հիմա դուք, ո՛վ Երուսաղէմի բնակիչներ ու Յուդայի մարդիկ,
Իմ ու այգիիս մէջտեղ դատաւոր եղէք։
4Իմ այգիիս ուրիշ ի՞նչ պէտք էր ընէի,
Որ ես անոր չըրի։
Ինչո՞ւ համար, երբ ես խաղող տալուն կը սպասէի,
Անիկա ազոխ տուաւ։
5Ուրեմն ես ձեզի ըսեմ,
Թէ ի՛նչ պիտի ընեմ իմ այգիիս։
Անոր ցանկը պիտի քակեմ, որպէս զի անասուններու ճարակ ըլլայ։
Անոր պատերը պիտի փլցնեմ, որպէս զի ոտնակոխ ըլլայ։
6Խոպանացած պիտի թողում։
Անիկա պիտի չյօտուի ու չբրուի,
Որպէս զի ցախ ու փուշ բուսցնէ։
Ամպերուն պիտի պատուիրեմ,
Որ անոր վրայ անձրեւ չտեղան։
7Վասն զի զօրքերուն Տէրոջը այգին Իսրայէլի տունն է
Ու Յուդայի մարդիկը՝ անոր ախորժելի տունկը։
Անիկա իրաւունքի կը սպասէր եւ ահա՝ արիւնահեղութիւն եղաւ,
Արդարութեան՝ եւ ահա աղաղակ։
ՉԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՆԵՆ
8Վա՜յ անոնց, որոնք տունը տան կը միացնեն,
Ագարակ ագարակի վրայ կ’աւելցնեն.
Մինչեւ որ տեղ չմնայ
Ու միայն դուք բնակիք երկրի մէջ։
9Զօրքերու Տէրը իմ ականջիս խօսեցաւ՝ ըսելով
«Յիրաւի շատ տուներ աւերակ պիտի ըլլան,
Մեծ ու գեղեցիկ տուներ ու անոնց մէջ բնակող պիտի չգտնուի։
10Վասն զի տասը լծավար այգին մէկ մար պիտի տայ
Ու մէկ քոռ սերմը մէկ արդու պիտի տայ»։
11Վա՜յ անոնց, որոնք առտուն կանուխ կ’ելլեն
Ու ցքի խմելու ետեւէ կ’ըլլան
Եւ իրիկունն ալ կ’ուշանան,
Մինչեւ որ գինին իրենց գլուխը տաքցնէ։
12Անոնց խնճոյքներուն մէջ քնար ու տաւիղ,
Թմբուկ ու սրինգ եւ գինի կը գտնուի,
Բայց Տէրոջը ըրածներուն ուշադրութիւն չեն ըներ
Եւ անոր ձեռքերուն գործերուն չեն նայիր։
13Անոր համար իմ ժողովուրդս #5:13 Եբր., առանց գիտութեանՏէրը չճանչնալով՝ գերի կ’իյնայ
Ու անոր մեծամեծ մարդիկը սով կը կրեն,
Բազմութիւնը ծարաւէն կը ցամքի։
14Անոր համար դժոխքը ինքզինք կը լայնցնէ
Ու բերանը չափէ դուրս կը բանայ։
Անոր պարծանքն ու բազմութիւնը
Եւ աղաղակն ու զուարճութիւնը անոր մէջ պիտի իջնեն։
15Ռամիկ մարդը պիտի իյնայ
Ու ազնուականը պիտի խոնարհի։
Ամբարտաւաններուն աչքերն ալ պիտի խոնարհին։
16Զօրքերու Տէրը իրաւունքով պիտի բարձրանայ։
Սուրբ Աստուած արդարութիւնով պիտի #5:16 Եբր., սրբուիփառաւորուի։
17Գառնուկները իրենց սովորութեանը պէս պիտի արածին
Ու հարուստներուն աւերակները օտարները պիտի ուտեն։
18Վա՜յ անոնց, որոնք անօրէնութիւնը ունայնութեան չուաններով կը քաշեն
Ու մեղքը՝ սայլի փոկերով քաշելու պէս,
19Որոնք կ’ըսեն. «Թող արտորայ,
Իր գործը շուտով կատարէ, որպէս զի զանիկա տեսնենք։
Իսրայէլին Սուրբին խորհուրդը
Թող մօտենայ, գայ, որպէս զի զանիկա գիտնանք»։
20Վա՜յ անոնց, որոնք չարին բարի կ’ըսեն ու բարիին՝ չար.
Որոնք խաւարը՝ լոյսի տեղ ու լոյսը խաւարի տեղ կը դնեն,
Որոնք դառնը՝ քաղցրի տեղ ու քաղցրը դառնի տեղ կը դնեն։
21Վա՜յ անոնց, որոնք իրենց աչքին իմաստուն
Եւ իրենց առջեւ խոհական են։
22Վա՜յ անոնց, որոնք գինի խմելու համար՝ զօրաւոր
Ու ցքի խառնելու համար կտրիճ են,
23Որոնք կաշառքի համար ամբարիշտը կ’արդարացնեն
Եւ արդարը իր իրաւունքէն կը զրկեն։
24Անոր համար ինչպէս կրակին բոցը յարդը կ’ուտէ
Ու չոր խոտը բոցին մէջ կը հատնի,
Այնպէս ալ անոնց արմատը փտտութեան պէս պիտի ըլլայ
Ու անոնց ծաղիկը փոշիի պէս վեր պիտի ելլէ։
Վասն զի զօրքերու Տէրոջը օրէնքը մերժեցին
Եւ Իսրայէլի Սուրբին խօսքը անարգեցին։
25Անոր համար Տէրոջը բարկութիւնը իր ժողովուրդին դէմ բորբոքեցաւ
Ու անոնց վրայ ձեռքը երկնցուց ու զարկաւ զանոնք,
Այնպէս որ լեռները դողացին
Ու անոնց դիակները ճամբաներուն վրայ աղբի պէս մնացին։
Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ,
Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
26Հեռաւոր ազգերու դրօշակը պիտի վերցնէ
Ու զանոնք երկրի ծայրէն սուլելով պիտի կանչէ։
Ահա անոնք արտորալով եւ արագութեամբ պիտի գան։
27Անոնցմէ մէ՛կը պիտի չյոգնի ու մէ՛կը պիտի չսահի.
Մէ՛կը պիտի չմրափէ ու չքնանայ։
Մէ՛կուն մէջքի գօտին պիտի չքակուի,
Ո՛չ ալ կօշիկին կապը պիտի կտրուի։
28Անոնց նետերը սուր են
Ու բոլոր աղեղները՝ լարուած։
Անոնց ձիերուն սմբակները գայլախազի կը նմանին
Եւ կառքերուն անիւները մրրիկի պէս են։
29Անոնք առիւծի պէս կը մռնչեն,
Կորիւններու պէս կը գոռան։
Կը գոչեն ու կողոպուտը կը յափշտակեն,
Զանիկա կը փախցնեն, բայց ազատող մը չկայ։
30Այն օրը անոնց վրայ պիտի գոչեն ծովուն գոչելուն պէս
Ու երբ մէկը երկրին նայի, ահա խաւար եւ տագնապ պիտի տեսնէ
Եւ լոյսը անոր #5:30 Կամ, երկնքինամպերուն մէջ պիտի խաւարի։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 5: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.