YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 7

7
ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ՈԶԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ
1Յուդայի թագաւորին, Ոզիայի որդիին Յովաթամի որդիին Աքազին օրերը Ասորիներուն Ռասին թագաւորն ու Իսրայէլի թագաւորը Ռովմելայի որդին Փակէէն Երուսաղէմի դէմ պատերազմելու ելան, բայց չկրցան անոր հետ պատերազմ ընել։ 2Ուստի երբ Դաւիթին տանը լուր տրուեցաւ թէ Ասորիները #7:2 Կամ, Եփրեմի երկրին վրայ բանակեցանԵփրեմի հետ միաբանեցան՝ ՝, անոր սիրտը եւ անոր ժողովուրդին սիրտը ցնցուեցաւ, ինչպէս անտառին ծառերը հովէն կը ցնցուին։ 3Բայց Տէրը Եսայիին ըսաւ. «Հիմա դուն քեզի հետ առ քու որդիդ Սէար-Յասուբը, թափիչի ագարակին ճամբուն վրայ, վերի աւազանին ջրմուղին եզերքը ելի՛ր Աքազը դիմաւորելու։ 4Եւ ըսէ՛ անոր.
‘Զգո՛յշ եղիր ու հանդա՛րտ կեցիր,
Մի՛ վախնար ու սիրտդ թող չմարի
Այս ծուխ հանող երկու կիսայրեաց փայտի ծայրերէն՝
Այսինքն Ռասինի ու Ասորիներու
Եւ Ռովմելայի որդիին սաստիկ բարկութենէն։
5Որովհետեւ Ասորիները, Եփրեմն ու Ռովմելային որդին
Քու վրայովդ չար խորհուրդ ըրին ու ըսին.
6«Յուդայի վրայ երթանք ու զանիկա բռնադատենք
Եւ մեզի հնազանդեցնենք,
Ետքը անոր մէջ Տաբէէլին որդին թագաւոր դնենք»’։
7Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
Այս խորհուրդը պիտի չհաստատուի ու չկատարուի.
8Վասն զի Ասորիներուն երկրին գլուխը՝ Դամասկոս
Եւ Դամասկոսին գլուխը Ռասին է։
Վաթսունըհինգ տարուան մէջ Եփրեմ ժողովուրդ ըլլալէ պիտի ջնջուի։
9Եփրեմին գլուխը՝ Սամարիա
Եւ Սամարիային գլուխը Ռովմելային որդին է.
Եթէ չհաւատաք, հաստատուն պիտի չըլլաք’։
ԷՄՄԱՆՈՒԷԼԻՆ ՆՇԱՆԸ
10Դարձեալ Տէրը խօսեցաւ Աքազին ու ըսաւ.
11«Քու Տէր Աստուծմէդ քեզի համար նշան խնդրէ,
Խորութեան մէջ կամ բարձրութեան մէջ»։
12Բայց Աքազ ըսաւ. «Չեմ խնդրեր ու Տէրը չեմ փորձեր»։
13Այն ատեն անիկա ըսաւ.
«Լսէ՛ հիմա, ո՛վ Դաւիթի տուն.
Պզտի՞կ բան կ’երեւնայ քեզի մարդիկ աշխատցնելդ,
Որ իմ Աստուածս ալ պիտի աշխատցնես։
14Անոր համար Տէրը ինք նշան պիտի տայ քեզի.
Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի
Եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչուի։
15Անիկա կոգի ու մեղր պիտի ուտէ,
Մինչեւ որ գիտնայ չարը մերժել ու բարին ընտրել։
16Վասն զի տղան չարը մերժելը ու բարին ընտրելը գիտնալէն առաջ
Պիտի թողու այն երկիրը,
Որուն երկու թագաւորներէն դուն կը վախնաս։
17Տէրը քու վրադ ու քու ժողովուրդիդ վրայ
Եւ քու հօրդ տանը վրայ այնպիսի օրեր պիտի բերէ,
Որ Եփրեմին Յուդայէն զատուած օրէն ի վեր չեկան,
Այսինքն Ասորեստանի թագաւորը»։
18Այն օրը Տէրը պիտի սուլէ,
Եգիպտոսի գետերուն ծայրը եղած ճանճերը
Ու Ասորեստանի երկրին մէջ եղած մեղուները,
19Բոլորը պիտի գան ու պիտի հանգչին
Ամայի ձորերուն մէջ ու վէմերուն խոռոչներուն մէջ
Եւ բոլոր թուփերուն ու բոլոր արօտներուն մէջ։
20Այն օրը Տէրը, վարձքով առնուած ածելիով,
Այսինքն Գետին անդիի կողմը եղող Ասորեստանի թագաւորով,
Գլուխն ու ոտքերուն մազը պիտի ածիլէ
Եւ մօրուքն ալ բոլորովին պիտի սափրէ։
21Այն օրը մարդ մը,
Մէկ երինջ ու երկու ոչխար պահելով,
22Անոնց տուած կաթին առատութենէն կոգի պիտի ուտէ,
Վասն զի երկրին մէջ բոլոր մնացողները
Կոգի ու մեղր պիտի ուտեն։
23Եւ այն օրը,
Ուր որ հազար որթատունկ տնկուած է հազար սիկղ արծաթի արժէքով,
Ցախերով ու փուշերով պիտի լեցուի։
24Նետերով ու աղեղներով հոն պիտի գան,
Վասն զի բոլոր երկիրը ցախերով ու փուշերով պիտի լեցուի։
25Եւ այն բոլոր լեռները, որոնք բրիչով կը փորուէին,
Ցախի ու փուշի երկիւղին պատճառով հոն պիտի չերթաք.
Արջառներուն արօտ ու խաշինքներուն կոխան պիտի ըլլան։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 7: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy