1
ԵՍԱՅԵԱՅ 6:8
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ետքը լսեցի Տէրոջը ձայնը, որ ըսաւ. «Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ»։ Ու ես ըսի. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։
Compare
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 6:8
2
ԵՍԱՅԵԱՅ 6:3
Եւ փոփոխակի կ’աղաղակէին ու կ՛ըսէին. «Սուրբ, Սուրբ, Սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը. Բոլոր երկիր անոր փառքովը լեցուն է»։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 6:3
3
ԵՍԱՅԵԱՅ 6:5
Եւ ըսի. «Վա՜յ ինծի, ահա կը կորսուիմ. Վասն զի ես պիղծ շրթունք ունեցող մարդ մըն եմ Ու պղծաշուրթն ժողովուրդի մէջ կը բնակիմ Եւ իմ աչքերս զօրքերու Տէրը, Թագաւորը տեսան»։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 6:5
4
ԵՍԱՅԵԱՅ 6:1
Ոզիա թագաւորին մահուան տարին Տէրը տեսայ, որ բարձր ու վերացած աթոռի վրայ նստեր էր։ Անոր քղանցքը տաճարը կը լեցնէր։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 6:1
5
ԵՍԱՅԵԱՅ 6:7
Եւ բերնիս դպցնելով՝ ըսաւ. «Ահա ասիկա քու շրթունքներուդ դպաւ Ու քու անօրէնութիւնդ վերցուեցաւ Եւ մեղքիդ քաւութիւն եղաւ»։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 6:7
6
ԵՍԱՅԵԱՅ 6:2
Վերի կողմը սերովբէները կը կենային անոր առջեւ, որոնց ամէն մէկը վեց թեւ ունէր։ Երկուքով երեսնին կը ծածկէին, երկուքով ոտքերնին կը ծածկէին ու երկուքով կը թռչէին։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 6:2
7
ԵՍԱՅԵԱՅ 6:6
Բայց սերովբէներէն մէկը իմ կողմս թռաւ ու ձեռքը կրակի կայծ մը ունէր, որ սեղանէն ունելիով առած էր։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 6:6
8
ԵՍԱՅԵԱՅ 6:9
Այն ատեն ըսաւ. «Գնա՛, ըսէ՛ այս ժողովուրդին. ‘Լսելով պիտի լսէք, բայց պիտի չիմանաք Ու տեսնելով պիտի տեսնէք, բայց պիտի չգիտնաք’։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 6:9
9
ԵՍԱՅԵԱՅ 6:10
Այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացուր Եւ ականջները ծանրացուր ու անոր ոտքերը գոցէ, Որպէս զի չըլլայ թէ աչքերովը տեսնէ ու ականջներովը լսէ Եւ սրտովը իմանայ եւ դարձի գայ ու բժշկուի»։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 6:10