ԵՍԱՅԵԱՅ 56
56
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԲՈԼՈՐ ԱԶԳԵՐԸ ՊԻՏԻ ՊԱՐՈՒՆԱԿԷ
1Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Իրաւունքը պահեցէ՛ք ու արդարութիւն ըրէ՛ք,
Քանզի իմ փրկութիւնս պիտի գայ
Եւ արդարութիւնս պիտի յայտնուի։
2Երանի՜ այն մարդուն, որ ասիկա կ’ընէ
Ու մարդու որդիին, որ ասիկա ամուր կը բռնէ,
Այսինքն շաբաթը կը պահէ ու զանիկա չի պղծեր
Եւ իր ձեռքը անիրաւութիւն ընելէ ետ կը պահէ»։
3Տէրոջը յարող օտարականին որդին թող չխօսի՝ ըսելով.
«Տէրը զիս իր ժողովուրդէն բոլորովին զատեց»։
Ու ներքինին ալ թող չըսէ՝
«Ահա ես չոր ծառ մըն եմ»։
4Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այն ներքինիներուն,
Որոնք իմ շաբաթներս կը պահեն
Եւ ինծի հաճոյ եղածը կ’ընտրեն
Ու իմ ուխտիս մէջ հաստատ կը կենան
5Անոնց՝ իմ տանս մէջ եւ պարիսպներուս մէջ եղող
Տղաքներէն ու աղջիկներէն աւելի՝ աղէկ տեղ ու անուն պիտի տամ։
Անոնց յաւիտենական անուն պիտի տամ,
Որ պիտի չջնջուի։
6Այն օտարականին որդիները, որոնք Տէրոջը յարեր են՝
Անոր ծառայութիւն ընելու,
Տէրոջը անունը սիրելու
Ու անոր ծառաներ ըլլալու համար,
Այսինքն ամէն անոնք, որ շաբաթը կը պահեն ու չեն պղծեր
Եւ իմ ուխտիս մէջ հաստատ կը կենան,
7Զանոնք ալ իմ սուրբ լեռս պիտի բերեմ
Եւ իմ աղօթքի տանս մէջ զանոնք պիտի ուրախացնեմ։
Անոնց ողջակէզներն ու զոհերը իմ սեղանիս վրայ ընդունելի պիտի ըլլան,
Քանզի իմ տունս բոլոր ազգերուն համար աղօթքի տուն պիտի կոչուի։
8 Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան,
Որ Իսրայէլի աքսորուածները կը հաւաքէ.
«Արդէն հաւաքուածներուն վրայ ուրիշներ ալ պիտի հաւաքեմ անոր»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ԵՆ
9Ո՛վ դաշտի գազաններ,
Ո՛վ անտառի գազաններ, ուտելու եկէ՛ք։
10Անոր բոլոր պահապանները կոյր են, բան մը չեն տեսներ,
Ամէնքն ալ համր շուներ են, հաջելու կարող չեն.
Անոնք #56:10 Կամ, կը նիրհենկը ցնորին, կը պառկին, քունը կը սիրեն։
11Այո՛, շատակեր ու անյագ շունե՛ր են,
Անոնք հասկացողութենէ զուրկ հովիւներ են։
ԱմԷնքը իրենց ճամբաներուն դարձան,
Ամէն մէկը իր անիրաւ վաստակը փնտռելով՝ ըսին.
12«Եկէ՛ք, գինի բերենք
Ու ցքիով արբենանք.
Վաղն ալ այսօրուան պէս
Ու ա՛լ աւելի առատ պիտի ըլլայ»։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 56: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.