Այն օտարականին որդիները, որոնք Տէրոջը յարեր են՝
Անոր ծառայութիւն ընելու,
Տէրոջը անունը սիրելու
Ու անոր ծառաներ ըլլալու համար,
Այսինքն ամէն անոնք, որ շաբաթը կը պահեն ու չեն պղծեր
Եւ իմ ուխտիս մէջ հաստատ կը կենան,
Զանոնք ալ իմ սուրբ լեռս պիտի բերեմ
Եւ իմ աղօթքի տանս մէջ զանոնք պիտի ուրախացնեմ։
Անոնց ողջակէզներն ու զոհերը իմ սեղանիս վրայ ընդունելի պիտի ըլլան,
Քանզի իմ տունս բոլոր ազգերուն համար աղօթքի տուն պիտի կոչուի։