YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 57

57
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ
1Արդարը կը կորսուի եւ ուշադրութիւն ընող չկայ
Ու բարի մարդիկը աշխարհէն կը վերցուին։
Առանց մէկուն իմանալուն արդարը չարիքին երեսէն կը վերցուի։
2Անիկա խաղաղութեան մէջ կը մտնէ.
Ուղղութեամբ քալողները
Իրենց անկողիններուն վրայ հանգստութիւն կը գտնեն,
3Բայց դուք, ո՛վ վհուկի որդիներ՝
Շնացողի ու պոռնիկի սերունդ՝ հո՛ս մօտեցէ՛ք.
4Դուք ո՞վ ծաղր կ’ընէք,
Ձեր բերանը որո՞ւ վրայ կը լայնցնէք
Ու լեզունիդ կ’երկնցնէք։
Չէ՞ որ դո՛ւք անօրէնութեան զաւակներ ու ստութեան սերունդ էք։
5Դուք ամէն կանանչ ծառերու տակ
# 57:5 Կամ, Բեւեկնիներուն մէջ Դէպի կուռքերը ցանկութեամբ կը տաքնաք։
Տղաքները ձորերու մէջ,
Վէմերու խոռոչներուն մէջ կը մորթէք։
6Քու բաժինդ ձորին տափակ քարերուն մէջ է։
Քու վիճակդ անոնք են, անոնք.
Անոնց անգամ նուէր թափեցիր, ընծայ մատուցանեցիր։
Միթէ ես ասոնց կրնա՞մ համբերել։
7Դուն քու անկողինդ բարձրացած ու վերացած լերան վրայ դրիր,
Հոն ալ զոհ ընելու ելար։
8Դռներուն ու դրանդիքներուն ետեւը քու յիշատակդ դրիր.
Զիս լքեցիր եւ մահիճդ բացիր
Ու վեր ելլելով անկողինդ լայնցուցիր
Եւ անոնց հետ համաձայնեցար,
Անոնց անկողինը սիրեցիր, անոնց մերկութիւնը դիտեցիր։
9Թագաւորին քով հոտաւէտ իւղով գացիր,
Անուշահոտութիւններդ շատցուցիր,
Դեսպաններդ հեռաւոր տեղեր ղրկեցիր,
Ինքզինքդ մինչեւ դժոխք իջեցուցիր։
10Քու ճամբուդ երկայնութենէն յոգնեցար,
Բայց չըսիր. «Յոյս չկայ»։
Քու ձեռքիդ նոր կեանք գտար,
Անոր համար չթուլցար։
11Դուն որմէ՞ զարհուրեցար ու վախցար, որ ստախօս եղար,
Զիս չյիշեցիր ու իմ մասիս չխորհեցար։
Չէ՞ որ երկար ատեն լուռ կենալուս համար է,
Որ ինծմէ չես վախնար։
12Ես քու արդարութիւնդ ու գործերդ պիտի հրատարակեմ,
Որոնք քեզի օգուտ պիտի չընեն։
13Երբ դուն աղաղակես, թող քու հաւաքած կուռքերդ քեզ փրկեն։
Բայց հովը պիտի տանի ամէնքը,
Շունչ մը զանոնք պիտի հեռացնէ.
Սակայն ինծի յուսացողները երկիրը՝ իբրեւ կալուած պիտի ստանան
Ու իմ սուրբ լեռս պիտի ժառանգեն։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՕԳՆԵԼ ԵՒ ՓՐԿԵԼ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ
14Եւ պիտի ըսեն.
«Պատրաստեցէ՛ք, պատրաստեցէ՛ք.
Ճամբայ բացէ՛ք,
Խոչը իմ ժողովուրդիս ճամբայէն վերցուցէ՛ք»։
15Քանզի այսպէս կ’ըսէ Բարձրը ու Բարձրեալը,
Որ յաւիտենականութեան մէջ կը բնակի ու անոր անունը Սուրբ է.
«Ես բարձր ու սուրբ տեղը կը բնակիմ,
Բայց կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցողին հետ եմ,
Որպէս զի խոնարհներուն հոգին կենդանացնեմ
Եւ կոտրած սրտերը ապրեցնեմ։
16Քանզի յաւիտեան պիտի չվիճիմ
Ու միշտ պիտի չբարկանամ,
Վասն զի իմ առջեւս հոգիները պիտի մարին
Եւ այն կեանքերը՝ որոնք ես ստեղծեցի։
17Անոր ագահութեան անօրէնութեանը համար բարկացայ
Ու զանիկա զարկի, իմ երեսս ծածկեցի ու սրդողեցայ,
Բայց ապստամբը իր կամքին ճամբուն հետեւացաւ։
18Անոր ճամբաները տեսայ, բայց զանիկա պիտի բժշկեմ,
Անոր առաջնորդութիւն պիտի ընեմ,
Զանիկա ու անոր սգաւորները պիտի մխիթարեմ։
19Շրթունքներուն պտուղը ես կ’ստեղծեմ»։
«Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն ըլլայ հեռուն եղողին
Եւ մօտը եղողին, կ’ըսէ Տէրը,
Ես զանիկա պիտի բժշկեմ։
20Բայց ամբարիշտները ալեծուփ ծովու պէս են, որ չի կրնար հանդարտիլ,
Որուն ջուրերը տիղմ ու ցեխ դուրս կը նետեն։
21Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան», կ’ըսէ իմ Տէր Աստուածս։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 57: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in