ԵՍԱՅԵԱՅ 55
55
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՂՈՐՄԵԼՈՒ ԽՈՍՏՈՒՄԸ
1«Ո՛վ ծարաւցածներ, ջուրերուն եկէ՛ք
Եւ ստակ չունեցողնե՛ր, եկէ՛ք, ծախու առէ՛ք ու կերէ՛ք.
Եկէ՛ք, առանց ստակի եւ ձրի
Գինի ու կաթ ծախու առէք։
2Ինչո՞ւ ձեր ստակը կը վատնէք ոչ թէ հացի համար
Եւ ձեր վաստակը՝ այնպիսի բանի համար, որ չի կշտացներ.
Ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ըրէ՛ք, որպէս զի բարիքներ ուտէք
Ու ձեր հոգին պարարտութեամբ զուարճանայ։
3Ձեր ականջը խոնարհեցուցէք ու ինծի եկէ՛ք.
Մտիկ ըրէ՛ք ու ձեր հոգին պիտի ապրի։
Ձեզի հետ յաւիտենական ուխտ պիտի ընեմ,
Դաւիթին մնայուն ողորմութիւնները ձեզի տալով։
4Ահա զանիկա ժողովուրդներուն՝ վկայ,
Ազգերուն առաջնորդ ու հրամանատար դրի։
5Ահա անծանօթ ազգը պիտի կանչես
Եւ քեզ չճանչցող ազգերը քեզի պիտի դիմեն
Քու Տէր Աստուծոյդ համար
Ու Իսրայէլի Սուրբին համար,
Քանզի անիկա քեզ փառաւորեց։
6Տէ՛րը փնտռեցէք, քանի որ անիկա կը գտնուի.
Զանիկա՛ կանչեցէք, քանի որ անիկա մօտ է։
7Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէն
Ու անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի
Եւ Տէրոջը դառնայ ու անիկա պիտի ողորմի անոր
Ու մեր Աստուծոյն՝ վասն զի անիկա առատապէս կը ներէ։
8Քանզի ‘Իմ խորհուրդներս ձեր խորհուրդները չեն
Ու իմ ճամբաներս ձեր ճամբաները չեն’, կ’ըսէ Տէրը։
9Հապա որչափ երկինք երկրէն բարձր է,
Այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են
Եւ իմ խորհուրդներս՝ ձեր խորհուրդներէն։
10Վասն զի ինչպէս անձրեւն ու ձիւնը երկնքէն կ’իջնեն եւ հոն չեն դառնար,
Հապա երկիրը կ’ոռոգեն ու զանիկա պտղաբեր եւ արգասաւոր կ’ընեն,
Ցանողին՝ հունտ եւ ուտողին հաց կու տան,
11Իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։
Ինծի պարապ պիտի չդառնայ,
Հապա իմ կամքս պիտի կատարէ,
Յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի։
12Քանզի ուրախութեամբ պիտի ելլէք
Ու խաղաղութեամբ պիտի առաջնորդուիք։
Լեռներն ու բլուրները ձեր առջեւէն ցնծութեամբ պիտի աղաղակեն
Եւ դաշտերուն բոլոր ծառերը ծափ պիտի զարնեն։
13Թուփին տեղ մայրի
Ու դժնիկին տեղ մրտենի պիտի բուսնի։
Ասիկա Տէրոջը անուանը փառքին համար
Անջինջ ու յաւիտենական նշան մը պիտի ըլլայ»։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 55: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.