Վասն զի ինչպէս անձրեւն ու ձիւնը երկնքէն կ’իջնեն եւ հոն չեն դառնար,
Հապա երկիրը կ’ոռոգեն ու զանիկա պտղաբեր եւ արգասաւոր կ’ընեն,
Ցանողին՝ հունտ եւ ուտողին հաց կու տան,
Իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։
Ինծի պարապ պիտի չդառնայ,
Հապա իմ կամքս պիտի կատարէ,
Յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի։