YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 54

54
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՆԴԷՊ
1«Ո՛վ չծնանող ամուլ, ցնծա՛.
Ո՛վ ծննդական ցաւ չքաշող, ցնծութեամբ գոչէ՛ եւ աղաղակէ՛.
Քանզի երեսէ ձգուածին տղաքները
Այր ունեցողին տղաքներէն շատ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։
2«Վրանիդ տեղը լայնցուր,
Քու բնակարանիդ վարագոյրները թող տարածուին.
Մի՛ խնայեր, չուաններդ երկնցուր ու ցիցերդ ամրացո՛ւր։
3Քանզի աջ ու ձախ կողմը պիտի տարածուիս
Եւ քու սերունդդ ազգեր պիտի ժառանգէ,
Աւերուած քաղաքները բնակիչներով պիտի լեցնէ։
4Մի՛ վախնար, վասն զի պիտի չամչնաս
Ու մի՛ շփոթիր, վասն զի պիտի չնախատուիս,
Քանզի քու մանկութեանդ նախատինքը պիտի մոռնաս
Եւ քու որբեւարութեանդ մեղադրանքը անգամ մըն ալ պիտի չյիշես,
5Քանզի քու այրդ քու Ստեղծիչդ է,
Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է
Ու քու Փրկիչդ Իսրայէլի Սուրբն է,
Անիկա երկրին Աստուածը պիտի կոչուի։
6Տէրը քեզ՝ երեսէ ձգուած եւ հոգիով վշտացած կնոջ պէս
Ու մերժուած նորահասակ հարսի պէս կանչեց», կ’ըսէ քու Աստուածդ։
7«Փոքր վայրկեան մը քեզ թողուցի,
Բայց մեծ ողորմութիւններով քեզ պիտի հաւաքեմ։
8 # 54:8 Կամ, Յանկարծական Քիչ մը՝ ՝ սրտմտութեամբ, մէկ վայրկեան երեսս քեզմէ ծածկեցի,
Բայց յաւիտենական ողորմութիւնով քեզի պիտի ողորմիմ»,
Կ’ըսէ քու Փրկիչդ Եհովան։
9«Քանզի ասիկա ինծի Նոյին ջուրերուն պէս է.
Ինչպէս երդում ըրի թէ՝ Նոյին ջուրերը անգամ մըն ալ երկրի վրայ չանցնին,
Նոյնպէս երդում ըրի, որ քեզի չբարկանամ ու քեզ չյանդիմանեմ։
10Քանզի լեռները պիտի վերնան
Եւ բլուրները պիտի սասանին,
Բայց իմ ողորմութիւնս քեզմէ պիտի չվերնայ
Ու իմ խաղաղութեանս ուխտը պիտի չսասանի»,
Կ’ըսէ Տէրը, որ քեզի կ’ողորմի։
ԱՊԱԳԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ
11«Ո՛վ փոթորիկէ զարնուած անմխիթար ողորմելի,
Ահա ես քու քարերդ #54:11 Կամ, ծարուրովգոյնզգոյն պիտի ընեմ,
Քեզ շափիւղաներով պիտի հիմնեմ.
12Քու մարտկոցներդ #54:12 Կամ, յասպիս քարերովկարմիր յակինթներով՝ ՝,
Դռներդ՝ կարկեհաններով,
Բոլոր #54:12 Եբր., սահմաններդպարիսպներդ թանկագին քարերով պիտի շինեմ։
13Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին
Ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ։
14Դուն արդարութեամբ պիտի հաստատուիս,
Բռնութենէն հեռու պիտի ըլլաս, որպէս զի չվախնաս
Ու արհաւիրքէն՝ որպէս զի քեզի չմօտենայ։
15Ահա անշուշտ քեզի դէմ ժողով պիտի ընեն, բայց ինծմէ չէ.
Ով որ քու վրադ ելլէ, քու պատճառովդ պիտի իյնայ։
16Ե՛ս ստեղծեցի դարբինը, որ կրակը կ’արծարծէ
Եւ իրեն համար պիտանի գործիքներ կը շինէ։
Ե՛ս ստեղծեցի կործանողը, որ կ’աւերէ։
17Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի
Եւ քու դէմ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի։
Տէրոջը ծառաներուն ժառանգութիւնը ասիկա է
Ու անոնց արդարութիւնը ինծմէ է», կ’ըսէ Տէրը։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 54: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in