ԵՍԱՅԵԱՅ 46
46
1Բէլ խոնարհեցաւ, Նաբաւ ծռեցաւ,
Անոնց կուռքերը կենդանիներու ու անասուններու վրայ էին։
Ձեր բեռցուցած բեռները
Յոգնած անասունին ծանրութիւն եղան։
2Անոնք ծռեցան ու մէկտեղ խոնարհեցան,
Չկրցան բեռը ազատել
Եւ իրենք ալ գերութեան գացին։
3«Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՛վ Յակոբի տուն
Ու Իսրայէլի տանը բոլոր մնացորդը,
Որ ձեզ որովայնէ կը կրեմ եւ արգանդէ կը վերցնեմ.
4Մինչեւ ձեր ծերութիւնը ես նոյնն եմ,
Մինչեւ ձեր ալեւորութիւնը ես ձեզ պիտի կրեմ.
Ե՛ս ստեղծեցի ու ե՛ս պիտի վերցնեմ,
Ե՛ս պիտի կրեմ ու պիտի ազատեմ։
5Զիս որո՞ւ կը նմանցնէք եւ որո՞ւ հաւասար կը սեպէք,
Զիս որո՞ւ հետ կը բաղդատէք, որ նման ըլլանք։
6Քսակէն ոսկի կը թափէն ու կշիռքով արծաթ կը կշռեն,
Վարձքով ոսկերիչ կը բռնեն, որ անով աստուած շինէ։
Զանիկա կը պաշտեն եւ անոր երկրպագութիւն կ’ընեն։
7Զանիկա ուսերու վրայ կը վերցնեն, կը տանին,
Իր տեղը կը հաստատեն ու կը կենայ։
Անիկա իր տեղէն չի շարժիր
Եւ եթէ մէկը անոր աղաղակէ, պատասխան չի տար,
Զանիկա իր նեղութենէն չ’ազատեր։
8«Ասիկա յիշեցէք ու մա՛րդ եղէք,
Մտքերնիդ բերէ՛ք, ո՛վ յանցաւորներ։
9Սկիզբէն եղած բաները յիշեցէ՛ք.
Քանզի ես եմ Աստուած եւ ինծմէ ուրիշը՝ չկայ.
Ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծի պէս մէ՛կը չկայ,
10Որ վերջինը՝ սկիզբէն
Ու դեռ չեղածը առաջուընէ պատմեցի
Ու կ’ըսեմ թէ ‘Իմ խորհուրդս պիտի հաստատուի
Եւ իմ ամէն կամքս պիտի կատարուի’։
11Ես եմ որ արեւելքէն գիշատիչ թռչունը կը կանչեմ
Ու հեռու երկրէ՝ իմ խորհուրդս գործադրելու մարդը։
Ես խօսեցայ ու ես պիտի կատարեմ։
Ես խորհեցայ ու ես պիտի գործադրեմ։
12«Ո՛վ արդարութենէ հեռացած խստասիրտներ,
Ինծի՛ մտիկ ըրէք.
13Իմ արդարութիւնս մօտեցուցի,
Անիկա պիտի չհեռանայ։
Իմ փրկութիւնս պիտի չուշանայ.
Սիօնի մէջ փրկութիւն պիտի դնեմ
Ու իմ փառքս՝ Իսրայէլին համար»։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 46: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.