1
ԵՍԱՅԵԱՅ 46:10-11
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Որ վերջինը՝ սկիզբէն Ու դեռ չեղածը առաջուընէ պատմեցի Ու կ’ըսեմ թէ ‘Իմ խորհուրդս պիտի հաստատուի Եւ իմ ամէն կամքս պիտի կատարուի’։ Ես եմ որ արեւելքէն գիշատիչ թռչունը կը կանչեմ Ու հեռու երկրէ՝ իմ խորհուրդս գործադրելու մարդը։ Ես խօսեցայ ու ես պիտի կատարեմ։ Ես խորհեցայ ու ես պիտի գործադրեմ։
Compare
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 46:10-11
2
ԵՍԱՅԵԱՅ 46:4
Մինչեւ ձեր ծերութիւնը ես նոյնն եմ, Մինչեւ ձեր ալեւորութիւնը ես ձեզ պիտի կրեմ. Ե՛ս ստեղծեցի ու ե՛ս պիտի վերցնեմ, Ե՛ս պիտի կրեմ ու պիտի ազատեմ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 46:4
3
ԵՍԱՅԵԱՅ 46:9
Սկիզբէն եղած բաները յիշեցէ՛ք. Քանզի ես եմ Աստուած եւ ինծմէ ուրիշը՝ չկայ. Ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծի պէս մէ՛կը չկայ
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 46:9
4
ԵՍԱՅԵԱՅ 46:3
«Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՛վ Յակոբի տուն Ու Իսրայէլի տանը բոլոր մնացորդը, Որ ձեզ որովայնէ կը կրեմ եւ արգանդէ կը վերցնեմ.
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 46:3