YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 47

47
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
1Ո՛վ Բաբելոնի կոյս աղջիկ,
Իջի՛ր ու հողի վրայ նստէ.
Ո՛վ Քաղդէացիներու աղջիկ,
Գետնի վրայ առանց աթոռի նստէ,
Քանզի անգամ մըն ալ քնքուշ ու փափուկ պիտի չկոչուիս։
2Աղօրիքին քարերը ա՛ռ, ալի՛ւր աղա.
Լաչակդ հանէ՛, քղանցքդ վերցո՛ւր.
Սրունքդ բա՛ց, գետերէն անցի՛ր։
3Թող քու մերկութիւնդ բացուի
Եւ նախատինքդ ալ երեւնայ։
Քեզմէ վրէժ պիտի առնեմ
Ու ոեւէ մէկուն միջնորդութիւնը պիտի չընդունիմ։
4(Մեր Փրկչին անունը #47:4 Այսինքն, Տէր զօրութիւններուԵհովա Սաբաւովթ՝ ՝ է.
Անիկա Իսրայէլին Սուրբն է)։
5Լո՛ւռ նստէ՛, խաւարի մէ՛ջ մտի՛ր, ո՛վ Քաղդէացիներու աղջիկ,
Քանզի անգամ մըն ալ թագաւորութիւններու տիկին պիտի չկոչուիս։
6Ես իմ ժողովուրդիս բարկացայ,
Իմ ժառանգութիւնս պղծեցի,
Զանոնք քու ձեռքդ տուի.
Դուն անոնց գթութիւն չցուցուցիր,
Ծերին վրայ քու լուծդ խիստ ծանրացուցիր
7Եւ ըսիր. «Ես յաւիտեան տիկին պիտի մնամ»։
Այնպէս որ ասիկա մտքիդ մէջ չդրիր,
Ասոր վախճանը չյիշեցիր։
8Հիմա մտի՛կ ըրէ,
Ո՛վ անհոգութեամբ նստող հեշտասէր,
Որ սրտիդ մէջ կ’ըսես.
«Ե՛ս եմ ու ինծմէ զատ մէկը չկայ։
Որպէս որբեւարի պիտի չնստիմ
Եւ զաւակ պիտի չկորսնցնեմ»։
9Հիմա ասոնց երկուքն ալ՝
Անզաւակութիւն եւ որբեւարութիւն՝
Յանկարծ՝ մէկ օրուան մէջ քու վրադ պիտի գան։
Քու դիւթանքներուդ շատութեանը մէջ
Եւ քու անթիւ կախարդութիւններուդ մէջ
Անոնք ամբողջ քու վրադ պիտի գան։
10Դուն քու չարութեանդ ապաւինեցար
Ու ըսիր. «Զիս տեսնող չկայ»։
Քեզ գլխէ հանողը քու իմաստութիւնդ ու գիտութիւնդ են։
Սրտիդ մէջ ըսիր. «Ե՛ս եմ ու ինծմէ զատ մէկը չկայ»։
11Անոր համար քու վրադ ձախորդութիւն մը պիտի գայ,
Որուն ուրկէ ծագիլը պիտի չգիտնաս։
Քու վրադ թշուառութիւն մը պիտի իյնայ,
Որը ետ դարձնելու կարող պիտի չըլլաս։
Քու վրադ յանկարծ աւերում մը պիտի գայ,
Բայց դուն պիտի չգիտնաս։
12Հիմա քու կախարդութիւններուդ եւ շատ դիւթանքներուդ մէջ կեցիր,
Որոնցմով քու մանկութենէդ ի վեր աշխատեր ես,
Թերեւս օգուտ մը գտնելու կարող ըլլաս,
Թերեւս կարենաս յաղթել։
13Խորհուրդներուդ շատութենէն ձանձրացար։
Հիմա երկինքը զննողները, աստղագէտները,
Նոր ամիսներով գուշակութիւն ընողները թող ելլեն
Եւ քու վրադ գալիք չարիքէն քեզ ազատեն։
14Ահա անոնք մղեղի պէս պիտի ըլլան
Ու զանոնք կրակը պիտի այրէ։
Իրենց հոգին բոցին զօրութենէն պիտի չկրնան ազատել։
Տաքնալու համար կայծ մը,
Կամ դիմացը նստելու համար կրակ պիտի չմնայ։
15Այսպէս պիտի ըլլան քեզի անոնք, որոնց հետ աշխատեցար
Ու մանկութենէդ ի վեր առուտուր ըրիր։
Ամէն մէկը իր ճամբան երթալով՝ ցիրուցան պիտի ըլլան
Ու քեզ ազատող մը պիտի չըլլայ։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 47: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in