YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 45

45
ՏԷՐԸ ԿԻՒՐՈՍԸ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ
1Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ իր օծեալ Կիւրոսին,
Որուն աջ ձեռքը բռնեցի,
Որպէս զի ազգերը անոր առջեւ հնազանդեցնեմ,
Թագաւորներուն մէջքը թուլցնեմ,
Անոր առջեւ դռներուն փեղկերը բացուին,
Դռները բնաւ չգոցուին։
2Ես քու առջեւէդ պիտի երթամ,
Խորտուբորտ տեղերը պիտի շտկեմ,
Պղնձէ դռները պիտի փշրեմ,
Երկաթէ նիգերը պիտի կոտրտեմ
3Եւ խաւարի մէջ ծածկուած գանձերը
Ու պահուած հարստութիւնները քեզի պիտի տամ,
Որպէս զի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը՝
Իսրայէլի Աստուածը՝ որ քեզ անունովդ կը կանչեմ։
4Իմ Յակոբ ծառայիս համար
Եւ իմ ընտրած Իսրայէլիս համար
Քեզ քու անունովդ կանչեցի։
Քեզի մականուն դրի՝ թէեւ զիս չէիր ճանչնար։
5Ես եմ Տէրը եւ ուրիշ մը չկայ,
Ինծմէ զատ Աստուած չկայ։
Ես քեզի գօտի կապեցի, թէեւ զիս չէիր ճանչնար,
6Որպէս զի արեւելքէն ու արեւմուտքէն գիտնան
Թէ ինծմէ զատ մէ՛կը չկայ։
Ե՛ս եմ Տէրը եւ ուրիշ մը չկայ։
7Լոյսը հաստատողը եւ խաւարը ստեղծողը,
Խաղաղութիւն ընողն ու չարիքը ստեղծողը,
Այս բոլոր բաները ընողը ես Տէրս եմ։
8«Ո՛վ երկինքներ, վերէն ցօղ կաթեցուցէ՛ք
Եւ ամպերը արդարութիւն թող տեղան։
Երկիրը թող բացուի ու փրկութեան պտուղ թող տայ
Ու մէկտեղ արդարութիւն թող բուսնի։
Ասոնք ստեղծողը ես՝ Տէրս եմ։
ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՏԷՐԸ
9Վա՜յ անոր որ իր Արարիչին հետ կը վիճի,
# 45:9 Կամ, Խեցին՝ երկրի խեցիներուն հետ թող վիճի Թէեւ ինք երկրի խեցիներուն պէս խեցի մըն է՝ ՝.
Միթէ կաւը զինք ձեւացնողին կրնա՞յ ըսել թէ ‘Ի՞նչ կը շինես’,
Կամ քու գործդ կրնա՞յ քեզի ըսել թէ ‘Ձեռք չունիս’։
10Վա՜յ անոր որ իր հօրը կ’ըսէ. ‘Ի՞նչ կը ծնանիս’
Ու իր մօրը՝ ‘Ի՞նչ զաւակ կը բերես’»։
11Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝
Իսրայէլի Սուրբը ու անոր Արարիչը.
«Գալու բաներուն վրայով ինծի հարցուցէ՛ք,
Իմ որդիներուս համար ու իմ ձեռքերուս գործերուն համար,
Ինծի պատուէր տուէ՛ք։
12Երկիրը ես շինեցի
Ու անոր վրայ մարդը ստեղծեցի։
Երկինքը իմ ձեռքերս տարածեցին
Եւ անոր բոլոր զօրքին ես պատուէր տուի։
13Ես զանիկա արդարութեամբ արթնցուցի
Ու անոր բոլոր ճամբաները պիտի շտկեմ։
Անիկա իմ քաղաքս պիտի շինէ
Եւ իմ աքսորուածներս ետ պիտի դարձնէ
Առանց հատուցումի ու առանց վարձատրութեան».
Կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
14Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Եգիպտոսի վաստակը,
Եթովպիացիներու եւ երկայնահասակ Սաբայեցիներու վաճառականութիւնը
Քեզի պիտի անցնին ու քուկդ պիտի ըլլան։
Անոնք քու ետեւէդ պիտի քալեն
Եւ շղթաներով պիտի պտըտին
Ու քեզի երկրպագութիւն ընելով՝
Քեզի պիտի աղաչեն ու ըսեն.
‘Միայն քու մէ՛ջդ Աստուած կայ
Ու անկէ զատ ուրիշ Աստուած մը չկայ’»։
15Յիրաւի դուն քեզ ծածկող Աստուած մըն ես,
Ո՛վ Իսրայէլի փրկիչ Աստուածը։
16Անոնք ամէնքը պիտի ամչնան ու պատկառին,
Կուռք շինողները մէկտեղ ամօթով պիտի երթան։
17Իսրայէլ յաւիտենական փրկութիւնով Տէրոջմէն պիտի փրկուի։
Դուք յաւիտեանս յաւիտենից պիտի չամչնաք ու պիտի չպատկառիք։
18Քանզի այսպէս կ’ըսէ երկինքը ստեղծող Տէրը,
Այն Աստուածը, որ երկիրը կազմեց,
Զանիկա շինեց եւ հաստատեց,
Զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց,
Հապա բնակութեան համար կազմեց։
«Տէրը ե՛ս եմ ու ինծմէ ուրիշը չկայ։
19Ես ծածկաբար երկրի մութ տեղը չխօսեցայ,
Յակոբի սերունդին չըսի թէ
‘Քաոսի մէջ զիս փնտռեցէք’. Ես՝ Տէրս՝ արդարութիւն կը խօսիմ
Եւ ճշմարիտ բաներ կը յայտնեմ։
ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԷՐԸ ԵՒ ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԿՈՒՌՔԵՐԸ
20Հաւաքուեցէ՛ք ու եկէ՛ք,
Մէկտեղ մօտեցէ՛ք դուք, ո՛վ ազգերէն ազատուածներ։
Անոնք գիտութիւն չունին, որ իրենց փայտէ կուռքեր կը կանգնեցնեն
Ու փրկելու կարողութիւն չունեցող աստուծոյ աղօթք կ’ընեն։
21Քարոզեցէ՛ք ու զանոնք մօտեցուցէ՛ք
Եւ անոնք մէկտեղ խորհուրդ թող ընեն։
Ո՞վ գիտցուց ասիկա սկիզբէն,
Այն ժամանակէն ի վեր ո՞վ պատմեց.
Չէ՞ որ ե՛ս՝ Տէ՛րս։ Ինծմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ,
Ինծմէ ուրիշ ճշմարիտ Աստուած ու Փրկիչ չկայ։
22Ո՛վ երկրի բոլոր ծայրեր, ինծի՛ նայեցէք, որպէս զի փրկուիք.
Քանզի ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծմէ ուրիշը չկայ։
23Իմ անձիս վրայ երդում ըրի,
Իմ բերնէս արդարութեան խօսք ելաւ ու ետ չի դառնար,
‘Թէ ամէն ծունկ ինծի պիտի ծռի
Եւ ամէն լեզու երդում պիտի ընէ’։
24 Մէկը պիտի ըսէ.
‘Միայն Տէրոջմով արդարութիւն ու զօրութիւն ունիմ’.
Ամէն մէկը անոր պիտի գայ
Եւ անոր դէմ բոլոր բարկացողները պիտի ամչնան։
25Իսրայէլի բոլոր սերունդը
Տէրոջմով պիտի արդարանայ ու պիտի պարծենայ»։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 45: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in