YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 42

42
ՏԷՐՈՋԸ ԾԱՌԱՆ
1Ահա իմ ծառաս, որուն ձեռնտու պիտի ըլլամ
Ու իմ ընտրածս, որուն իմ սիրտս հաւնեցաւ։
Իմ հոգիս անոր վրայ դրի.
Անիկա ազգերուն իրաւունք պիտի ընէ։
2Անիկա պիտի չպոռայ ու պիտի չաղաղակէ
Եւ իր ձայնը դուրսը լսել պիտի չտայ։
3Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ
Ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ,
Իրաւունքը հաւատարմութեամբ պիտի յայտնէ։
4Անիկա պիտի չտկարանայ ու պիտի չթուլնայ,
Մինչեւ որ իրաւունքը երկրի վրայ հաստատէ։
Կղզիները անոր օրէնքին պիտի սպասեն։
5Երկինքը ստեղծող ու զանիկա կազմող,
Երկիրը ու անոր մէջ բուսածը տարածող,
Անոր վրայ եղող ժողովուրդին՝ շունչ
Եւ անոր մէջ քալողներուն ոգի տուող
Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.
6«Ես՝ Տէրս՝ քեզ արդարութեամբ կանչեցի։
Ձեռքէդ պիտի բռնեմ ու քեզ պիտի պաշտպանեմ։
Քեզ ժողովուրդին՝ իբր ուխտ
Ու ազգերուն իբր լոյս պիտի տամ,
7Որպէս զի կոյրերուն աչքերը բանաս,
Բանտարկեալները բանտէն հանես
Ու խաւարի մէջ նստողները՝ կապանքի տունէն։
8Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է.
Իմ փառքս ուրիշին չեմ տար,
Ո՛չ ալ իմ պատիւս՝ կուռքերուն։
9Առաջուան բաները ահա եղան
Ու նորերը ես կը յայտնեմ։
Անոնք դեռ չեղած ձեզի պիտի իմացնեմ»։
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
10Նոր ե՛րգ երգեցէք Տէրոջը
Ու անոր գովութիւնը՝ երկրի ծայրերէն,
Ո՛վ ծով իջնողներ ու զանիկա լեցնողներ,
Կղզիներ եւ անոնց բնակիչները։
11Անապատն ու անոր քաղաքները,
Կեդարի բնակած գիւղերը թող ձայն բարձրացնեն։
# 42:11 Կամ, Վէմերու Վէմին բնակիչները յաղթանակի երգով
Լեռներուն գլխէն թող ձայն տան.
12Տէրոջը փառք տան
Եւ անոր գովութիւնը կղզիներուն մէջ պատմեն։
13Տէրը հզօրի պէս պիտի ելլէ,
Պատերազմող մարդու պէս իր նախանձը պիտի արթնցնէ.
Պիտի աղաղակէ ու բարձրաձայն պիտի գոչէ
Եւ իր թշնամիներուն #42:13 Կամ, պիտի զօրանայպիտի յաղթէ՝ ՝։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՕԳՆԵԼ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ
14Ես երկար ժամանակ լուռ կեցայ,
Ձայնս կտրեցի ու զիս զսպեցի.
Հիմա ծնանող կնոջ պէս պիտի պոռամ,
# 42:14 Կամ, Շունչ առնելով պիտի փչեմ Պիտի աւերեմ ու մէկէն պիտի կլլեմ՝ ՝.
15Լեռներն ու բլուրները անապատ պիտի ընեմ,
Անոնց բոլոր խոտը պիտի չորցնեմ,
Գետերը #42:15 Կամ, կղզիներուցամաքի պիտի վերածեմ
Եւ լիճերը պիտի ցամքեցնեմ։
16Կոյրերը իրենց չգիտցած ճամբուն մէջ պիտի պտըտցնեմ,
Զանոնք իրենց չգիտցած շաւիղներուն մէջ պիտի քալեցնեմ.
Անոնց առջեւ խաւարը՝ լոյս ու խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ընեմ.
Անոնց այս բաները պիտի ընեմ ու զանոնք երեսէ պիտի չձգեմ։
17Քանդակուած կուռքերու ապաւինողները
Եւ ձուլածոյ կուռքերուն՝ ‘Դուք մեր աստուածներն էք’ ըսողները
Ետ պիտի դառնան ու պիտի ամչնան։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹԵՐԱՑՈՒՄԸ ՍՈՐՎԵԼՈՒ ՄԷՋ
18Ո՛վ խուլեր, լսեցէ՛ք
Եւ ո՛վ կոյրեր, նայեցէ՛ք, որպէս զի տեսնէք։
19Ո՞վ է կոյր իմ ծառայէս զատ,
Կամ խուլ՝ իմ ղրկած դեսպանիս պէս.
Ո՞վ է կոյր՝ Աստուծոյ նուիրեալին պէս
Եւ խուլ՝ Տէրոջը ծառային պէս։
20Շատ բաներ կը տեսնես, բայց զգուշութիւն չես ըներ.
Ականջներդ բաց են, բայց չես լսեր։
21Տէրը իր արդարութեանը համար անոր հաճեցաւ,
Իր օրէնքը մեծցուց ու փառաւորեց,
22Բայց անիկա յափշտակուած եւ կողոպտուած ժողովուրդ մըն է,
Ամէնքը քարայրներու մէջ որոգայթի բռնուեցան
Ու բանտերու մէջ պահուեցան։
Անոնք յափշտակուեցան, բայց ազատող մը չկայ.
Կողոպտուեցան, բայց մէկը չի գտնուիր որ «Ետ տուր», ըսէ։
23Ձեր մէջ ո՞վ կայ, որ ասոր ականջ դնէ
Եւ մտիկ ընէ ու լսէ ինչ որ պիտի գայ։
24Ո՞վ մատնեց Յակոբը՝ յափշտակուելու
Ու Իսրայէլը՝ կողոպտուելու։
Չէ՞ որ Տէրը՝ որուն դէմ մեղք գործեցին,
Վասն զի անոր ճամբաներուն մէջ քալել չուզեցին
Եւ անոր օրէնքին չհնազանդեցան։
25Ուստի իր սաստիկ բարկութիւնը
Ու պատերազմի ուժգնութիւնը անոր վրայ թափեց։
Ամէն կողմէ զանիկա բռնկցուց, բայց անիկա չգիտցաւ.
Զանիկա այրեց, բայց անիկա իր սրտին մէջ չառաւ։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 42: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in