ԵՍԱՅԵԱՅ 41
41
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ
1Ո՛վ կղզիներ, իմ առջեւս լո՛ւռ կեցէք։
Ժողովուրդները իրենց ոյժը թող նորոգեն,
Թող մօտենան ու ապա խօսին։
Մէկտեղ դատաստանի մօտենանք։
2Ո՞վ արդարը արեւելքէն ոտքի հանեց
Եւ զայն իր ոտքը կանչեց։
Ազգերը անոր առջեւը բերաւ
Եւ թագաւորները ոտքի տակ կոխկռտեց,
Իր սուրով զանոնք փոշիի պէս ըրաւ
Եւ հողմավար մղեղի պէս աղեղով քշեց։
3Զանոնք հալածեց եւ խաղաղութեամբ անցաւ
Այնպիսի ճամբայէ մը, ուր բնաւ ոտք կոխած չէր։
4Ո՞վ է ասիկա գործողն ու ընողը
Ու ազգերը սկիզբէն կանչողը։
Ես, Տէրս, որ առաջինն եմ
Ու վերջիններուն հետ պիտի ըլլամ։
5Կղզիները տեսան ու վախցան,
Երկրին ծայրերը դողացին,
Անոնք հաւաքուեցան ու մօտեցան։
6Ամէն մէկը իր ընկերին օգնեց,
Ամէն մարդ իր ընկերին «Զօրացի՛ր», ըսաւ։
7Արուեստագէտը՝ ոսկերիչին,
Ուռով ծեծողը սալի վրայ զարնողին սիրտ կու տայ
Ու կ’ըսէ. «Ասիկա փակցնելու համար աղէկ է»։
Եւ զանիկա գամերով կը գամէ, որպէս զի չշարժի։
8Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Իսրայէլ եւ
Իմ ընտրեալս Յակո՛բ,
Իմ սիրելիիս՝ Աբրահամին՝ սերունդը,
9Որ երկրի ծայրերէն առի,
Քեզ անոր եզերքներէն կանչեցի
Եւ քեզի ըսի. «Դուն իմ ծառաս ես,
Քեզ ընտրեցի ու չմերժեցի»։
10Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ.
Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ.
Քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ
Ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ։
11Ահա քեզի դէմ ամէն բարկացողները
Պիտի ամչնան ու պիտի պատկառին
Ու քեզի հետ վիճող մարդիկը
Չեղածի պէս պիտի ըլլան ու պիտի կորսուին։
12Քեզի հետ կռուող մարդիկը
Պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես.
Քեզի հետ պատերազմող մարդիկը
Չեղածի պէս պիտի ըլլան։
13Քանզի ես քու Տէր Աստուածդ եմ,
Որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ ու քեզի կ’ըսեմ.
«Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ»։
14Ո՛վ Յակոբի որդի, մի՛ վախնար,
Ո՛վ Իսրայէլի մահկանացուներ,
Ձեզի պիտի օգնեմ, կ’ըսէ Տէրը
Ու Իսրայէլի Սուրբը, քու Փրկիչդ։
15Ահա ես քեզ նոր, սուր եւ ատամնաւոր կամնասայլի պէս պիտի ընեմ։
Լեռները պիտի մանրես ու փշրես
Եւ բլուրները մղեղի պիտի դարձնես.
16Զանոնք պիտի հոսես ու հովը զանոնք պիտի տանի
Եւ փոթորիկը զանոնք պիտի ցրուէ
Ու դուն Տէրոջմով պիտի ցնծաս,
Իսրայէլի Սուրբովը պիտի պարծենաս։
17Աղքատներն ու տնանկները ջուր կը փնտռեն, բայց չկայ.
Անոնց լեզուն ծարաւէն չորցեր է.
Ես Տէրս անոնց խնդրուածքին պիտի պատասխանեմ։
Ես, Իսրայէլի Աստուածը, զանոնք երեսէ պիտի չձգեմ։
18Բարձր տեղերու վրայ՝ գետեր
Ու հովիտներու մէջ աղբիւրներ պիտի բանամ.
Անապատը՝ ջուրի լճի
Ու չոր երկիրը ջուրի աղբիւրներու պիտի դարձնեմ։
19Անապատին մէջ եղեւին,
Սատիմ, մրտենի եւ իւղի ծառ պիտի տնկեմ,
Անջուր երկրին մէջ մայրի,
Սօսի ու տօսախ մէկտեղ պիտի դնեմ,
20Որպէս զի տեսնեն ու գիտնան
Ու մէկտեղ մտածեն ու հասկնան,
Թէ ասիկա Տէրոջը ձեռքը ըրաւ
Ու Իսրայէլի սուրբը ստեղծեց։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ ԿՈՒՌՔԵՐՈՒՆ
21«Ձեր դատը յառա՛ջ բերէք», կ’ըսէ Տէրը.
«Ձեր զօրաւոր փաստերը մօտեցուցէ՛ք», կ’ըսէ Յակոբին Թագաւորը։
22Թող մօտեցնեն ու ինչ ըլլալիքը մեզի պատմեն.
Առաջինները մեզի պատմեն թէ անոնք ի՛նչ էին,
Որպէս զի մտքերնիս պահենք ու անոնց վախճանը գիտնանք,
Կամ ապագայ բաները մեզի գիտցնեն։
23Ասկէ ետքը ըլլալիքները պատմեցէ՛ք,
Որպէս զի ձեր աստուած ըլլալը գիտնանք.
Կա՛մ աղէկ կա՛մ գէշ բան մը ըրէք,
Որպէս զի զարմանանք ու մէկտեղ տեսնենք։
24Ահա դուք ոչինչ էք, ձեր գործն ալ ոչինչ է։
Ձեզ ընտրողը գարշելի է։
25Հիւսիսի կողմէն մէկը արթնցուցի
Եւ պիտի գայ ու արեւելքէն իմ անունս պիտի կանչէ
Եւ իշխանները տիղմի պէս պիտի կոխկռտէ,
Ինչպէս բրուտը կաւը կը կոխկռտէ։
26Ո՞վ պատմեց սկիզբէն՝ որ գիտնանք
Ու առաջուան դարերէն՝ որ «Ճշմարիտ է», ըսենք.
Ո՛չ յայտնող մը կայ, ո՛չ գիտցնող մը
Եւ ո՛չ ալ ձեր խօսքերուն մտիկ ընող մը։
27Առաջ ես զայն ըսի Սիօնին
Ու Երուսաղէմին աւետիս բերող մը տուի։
28Եւ նայեցաւ ու մարդ մը չկար,
Բնաւ խորհրդական մը չկար,
Որուն հարցնէի, որ պատասխան տար։
29Ահա ամէնքը սնոտի են, գործերնին ոչինչ է.
Անոնց ձուլածոյ կուռքերը պարապ հով են։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 41: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.