1
ԵՍԱՅԵԱՅ 42:6-7
Western Armenian Bible 1853
WARMB
«Ես՝ Տէրս՝ քեզ արդարութեամբ կանչեցի։ Ձեռքէդ պիտի բռնեմ ու քեզ պիտի պաշտպանեմ։ Քեզ ժողովուրդին՝ իբր ուխտ Ու ազգերուն իբր լոյս պիտի տամ, Որպէս զի կոյրերուն աչքերը բանաս, Բանտարկեալները բանտէն հանես Ու խաւարի մէջ նստողները՝ կապանքի տունէն։
Compare
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 42:6-7
2
ԵՍԱՅԵԱՅ 42:8
Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է. Իմ փառքս ուրիշին չեմ տար, Ո՛չ ալ իմ պատիւս՝ կուռքերուն։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 42:8
3
ԵՍԱՅԵԱՅ 42:1
Ահա իմ ծառաս, որուն ձեռնտու պիտի ըլլամ Ու իմ ընտրածս, որուն իմ սիրտս հաւնեցաւ։ Իմ հոգիս անոր վրայ դրի. Անիկա ազգերուն իրաւունք պիտի ընէ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 42:1
4
ԵՍԱՅԵԱՅ 42:3-4
Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ Ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ, Իրաւունքը հաւատարմութեամբ պիտի յայտնէ։ Անիկա պիտի չտկարանայ ու պիտի չթուլնայ, Մինչեւ որ իրաւունքը երկրի վրայ հաստատէ։ Կղզիները անոր օրէնքին պիտի սպասեն։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 42:3-4
5
ԵՍԱՅԵԱՅ 42:16
Կոյրերը իրենց չգիտցած ճամբուն մէջ պիտի պտըտցնեմ, Զանոնք իրենց չգիտցած շաւիղներուն մէջ պիտի քալեցնեմ. Անոնց առջեւ խաւարը՝ լոյս ու խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ընեմ. Անոնց այս բաները պիտի ընեմ ու զանոնք երեսէ պիտի չձգեմ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 42:16
6
ԵՍԱՅԵԱՅ 42:9
Առաջուան բաները ահա եղան Ու նորերը ես կը յայտնեմ։ Անոնք դեռ չեղած ձեզի պիտի իմացնեմ»։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 42:9