YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 43

43
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՓՐԿԵԼ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ
1Հիմա, ո՛վ Յակոբ, քեզ ստեղծողը
Ու ո՛վ Իսրայէլ, քեզ ձեւակերպող Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Մի՛ վախնար, վասն զի ես քեզ փրկեցի,
Քեզ քու անունովդ կանչեցի. դուն իմս ես։
2Երբ ջուրերէն անցնիս, ես քեզի հետ պիտի ըլլամ,
Երբ գետերէն անցնիս, պիտի չընկղմիս,
Երբ կրակի մէջէն քալես, պիտի չայրիս,
Բոցը քեզ պիտի չբռնկեցնէ։
3Քանզի ես՝ քու Տէր Աստուածդ՝
Իսրայէլի Սուրբը՝ քու Փրկիչդ եմ.
Եգիպտոսը քեզի իբր փրկանք,
Եթովպիան ու Սաբան քու տեղդ տուի։
4Քանի որ իմ առջեւս պատուական եղար,
Պատիւ գտար եւ ես քեզ սիրեցի.
Անոր համար քու անձիդ փոխարէն՝ մարդ
Ու քու հոգիիդ փոխարէն ժողովուրդներ պիտի տամ։
5Մի՛ վախնար, քանզի ես քեզի հետ եմ.
Քու սերունդդ արեւելքէն պիտի բերեմ
Եւ քեզ արեւմուտքէն պիտի հաւաքեմ։
6Հիւսիսին պիտի ըսեմ՝ «Տո՛ւր»
Ու հարաւին՝ «Մի՛ արգիլեր».
Իմ տղաքներս հեռուէն
Ու աղջիկներս երկրի ծայրէն բե՛ր,
7Այսինքն բոլոր իմ անունովս կոչուածները.
Վասն զի անոնք իմ փառքիս համար ստեղծեցի,
Զանոնք ձեւակերպեցի ու կազմեցի»։
ԻՍՐԱՅԷԼ՝ ՏԷՐՈՋԸ ՎԿԱՆ
8Աչք ունեցող կոյր ժողովուրդը
Ու ականջ ունեցող խուլերը հանեցէք։
9Բոլոր ազգերը մէկտեղ թող հաւաքուին
Եւ ժողովուրդները թող հաւաքուին.
Անոնցմէ ո՞վ կրնայ ասիկա յայտնել
Ու սկիզբի բաները մեզի գիտցնել։
Իրենց վկաները թող բերեն որպէս զի արդարանան
Եւ մարդիկ լսեն ու ըսեն թէ՝ ‘Ասիկա ճշմարիտ է’։
10«Իմ վկաներս դուք էք», կ’ըսէ Տէրը,
Նաեւ իմ ընտրած ծառաս.
Որպէս զի գիտնաք ու ինծի հաւատաք
Եւ հասկնաք թէ ես եմ.
Ինծմէ առաջ Աստուած չեղաւ
Ու ինծմէ ետքն ալ պիտի չըլլայ։
11Տէրը ե՛ս եմ, ե՛ս եմ
Եւ ինծմէ ուրիշ փրկիչ չկայ։
12Ես պատմեցի ու փրկեցի եւ գիտցուցի,
Երբ ձեր մէջ օտար աստուած չկար
Ու իմ վկաներս դո՛ւք էք, կ’ըսէ Տէրը, որ ե՛ս եմ Աստուած»։
13 # 43:13 Եբր., օրէն Սկիզբէն ի վեր ես նոյնն եմ
Ու չկայ մէկը, որ իմ ձեռքէս կարենայ ազատիլ.
Երբ ես բան մը ընեմ, ո՞վ կրնայ զանիկա արգիլել»։
ՓԱԽՈՒՍՏ ԲԱԲԵԼՈՆԷՆ
14Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝
Ձեր Փրկիչը՝ Իսրայէլի Սուրբը.
«Ձեր սիրոյն համար Բաբելոն կը ղրկեմ
# 43:14 Կամ, Եւ անոնց ամէնքը փախստական կ’իջեցնեմ Ու Քաղդէացիներուն աղաղակը նաւերուն մէջ պիտի ըլլայ։ Եւ անոնց ամէն փախստականները
Ու նաւերու մէջ աղաղակող Քաղդէացիները կ’իջեցնեմ՝ ՝։
15Ես եմ Եհովան՝ ձեր Սուրբը,
Իսրայէլի Ստեղծիչը, ձեր Թագաւորը։
16Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, որ ծովու մէջ ճամբայ
Ու զօրաւոր ջուրերու մէջ շաւիղ կը բանայ,
17Որ կառքն ու ձին, զօրքը եւ հզօրութիւնը կը հանէ,
Անոնք մէկտեղ կը պառկին ու չեն ելլեր,
Անոնք պատրոյգի պէս կը մարին եւ կ’անցնին։
18«Առաջուանները մի՛ յիշէք
Ու հին բաները մտքերնիդ մի՛ բերէք։
19Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի յայտնուի։
Միթէ զանիկա պիտի չգիտնա՞ք։
Ես անապատի մէջ ալ ճամբայ պիտի բանամ
Ու անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի բղխեցնեմ։
20Զիս դաշտի գազանները,
Չագալներն ու ջայլամները պիտի փառաւորեն,
Վասն զի իմ ժողովուրդիս, իմ ընտրեալներուս, խմցնելու համար,
Անապատի մէջ ջուրեր
Եւ անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի տամ։
21Եւ այս ժողովուրդը ինծի համար ստեղծեցի,
Անոնք իմ գովութիւնս պիտի պատմեն։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՄԵՂՔԸ
22«Բայց դուն ինծի չկանչեցիր, ո՛վ Յակոբ.
Հապա ինծմէ ձանձրացար, ո՛վ Իսրայէլ։
23Քու ողջակէզներուդ ոչխարները ինծի չբերիր
Եւ քու զոհերովդ զիս չփառաւորեցիր.
Ընծայի համար քեզ չաշխատցուցի,
Կնդրուկի համար քեզ չյոգնեցուցի։
24Ինծի համար ստակով խունկեղէգը ծախու չառիր,
Քու զոհերուդ ճարպովը զիս չկշտացուցիր,
Հապա քու մեղքերովդ զիս նեղեցիր,
Քու անօրէնութիւններովդ զիս յոգնեցուցիր»։
25«Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ քու յանցանքներդ ինծի համար կը ջնջեմ
Ու քու մեղքերդ ա՛լ պիտի չյիշեմ։
26Միտքս ձգէ՛, մէկտեղ դատի ելլենք.
Դուն խօսիր, որպէս զի արդարանաս։
27Քու նախահայրդ մեղք գործեց
Եւ քու ուսուցիչներդ ինծմէ ապստամբեցան։
28Ուստի ես ալ սրբարանին իշխանները պիղծ սեպեցի
Եւ Յակոբը՝ նզովքի
Ու Իսրայէլը նախատինքի մատնեցի»։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 43: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in