YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 40

40
1«Մխիթարեցէ՛ք, մխիթարեցէ՛ք, իմ ժողովուրդս»,
Կ’ըսէ ձեր Աստուածը.
2Երուսաղէմին քաղցրութեամբ խօսեցէք
Ու անոր ըսէք թէ՝ իր պատերազմելու ժամանակը լրացաւ
Եւ իր անօրէնութիւնը ներուեցաւ,
Քանզի իր բոլոր մեղքերուն համար
Տէրոջ ձեռքէն կրկին հատուցում առաւ»։
3 # 40:3 Կամ, Ձայն մը կը կանչէ. Անապատին մէջ Տէրոջը Անապատին մէջ կանչողին ձայնը.
«Տէրոջը՝ ՝ ճամբա՛ն պատրաստեցէք
Ու ամայութեան մէջ մեր Աստուծոյն համար շաւի՛ղ շտկեցէք։
4Ամէն ձոր պիտի բարձրանայ,
Ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ,
Ծուռը պիտի շտկուի,
Խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ըլլան։
5Տէրոջը փառքը պիտի յայտնուի
Եւ ամէն մարմին մէկտեղ զանիկա պիտի տեսնէ.
Քանզի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։
6Ձայն մը ըսաւ. «Կանչէ՛»
Ու ես ըսի. «Ի՞նչ կանչեմ»։
Ամէն մարմին խոտ է։
Անոր բոլոր վայելչութիւնը դաշտի ծաղիկին պէս է։
7Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի,
Երբ անոր վրայ Տէրոջը հովը փչէ։
Իրաւցընէ ժողովուրդը խոտ է։
8Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի,
Բայց մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ։
9Ելի՛ր բարձր լերան վրայ,
Ո՛վ դուն, որ Սիօնին աւետիս կը բերես,
Քու ձայնդ ուժո՛վ բարձրացուր,
Ո՛վ դուն, որ Երուսաղէմին աւետիս կը բերես.
Բարձրացո՛ւր, մի՛ վախնար.
Յուդայի քաղաքներուն ըսէ. «Ահա ձեր Աստուածը»։
10Ահա Տէր Եհովան զօրութեամբ պիտի գայ
Ու անոր բազուկը իրեն համար պիտի իշխէ։
Ահա իր վարձքը իրեն հետ է
Ու գործերու հատուցումը իր առջեւն է։
11Անիկա հովիւի պէս իր հօտը պիտի հովուէ.
Գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ
Ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ
Եւ ծիծ տուողները կամաց պիտի քշէ։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԸ
12Ո՞վ իր ափովը ջուրերը չափեց
Ու թիզով երկինքը ծրագրեց
Ու երկրի հողը չափի մէջ ամփոփեց
Ու լեռները կշռաթաթով
Ու բլուրները կշիռքով կշռեց։
13Ո՞վ քննեց Տէրոջը Հոգին
Ու անոր խորհրդակից ըլլալով՝ ուղղութիւն տուաւ անոր։
14Անիկա որո՞ւ խորհուրդ հարցուց,
Ո՞վ անոր իմաստութիւն տուաւ
Ու դատաստանի ճամբան սորվեցուց։
Ո՞վ անոր գիտութիւն սորվեցուց
Ու իմաստութեան ճամբան ճանչցուց։
15Ահա ազգերը դոյլէն կաթած կաթիլի պէս են
Ու կշիռքին մէջի մանր փոշիին պէս կը սեպուին,
Ահա կղզիները #40:15 Կամ, կը վերցնէ փոշիի պէսցրուած փոշիի պէս են՝ ՝։
16Լիբանանը կրակի համար բաւական չէ
Ու անոր անասունները ողջակէզի համար բաւական չեն։
17Բոլոր ազգերը անոր առջեւ ոչինչի պէս
Ու ոչինչէն պակաս եւ ունայնութիւն կը սեպուին։
18Ուստի դուք Աստուած որո՞ւ կը նմանցնէք
Ու զանիկա ի՞նչ նմանութեան հետ կը բաղդատէք։
19Արուեստագէտը կը ձուլէ կուռքը
Ու ոսկերիչը զանիկա ոսկիով կը պատէ
Եւ անոր արծաթէ շղթաներ կը շինէ։
20Այն աղքատը որ չի կրնար մեծածախս նուէրներ տալ,
Անփուտ փայտ կ’ընտրէ,
Իրեն վարպետ արհեստաւոր կը փնտռէ,
Որպէս զի անշարժ կուռք մը շինէ։
21Միթէ չգիտցա՞ք, չլսեցի՞ք,
Ձեզի առաջուրնէ չըսուեցա՞ւ,
Երկրին հիմնադրութենէն չհասկցա՞ք։
22 Ի՛նքն է երկրի շրջանակին վրայ նստողը
Ու անոր բնակիչները մարախներու պէս են։
Ի՛նքն է երկինքը վարագոյրի պէս տարածողը
Ու նստելու համար զանիկա վրանի պէս կանգնեցնողը։
23 Ի՛նքն է իշխանները բնաջինջ ընողը
Ու երկրի դատաւորները ոչնչացնողը։
24Հազիւ թէ անոնք տնկուած, ցանուած են ու
Անոնց բունը հողի մէջ արմատացած է,
Անիկա անոնց վրայ կը փչէ ու անոնք կը չորնան
Եւ փոթորիկը զանոնք մղեղի պէս կը տանի։
25«Արդ՝ որո՞ւ կը նմանցնէք զիս,
Որ ես անոր հաւասար ըլլամ», կ’ըսէ Սուրբը։
26Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք,
Ասոնք ո՞վ ստեղծեց։
Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։
Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ։
Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովը
Անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր։
27Ո՛վ Յակոբ, ինչո՞ւ կ’ըսես
Ու ո՛վ Իսրայէլ, ինչո՞ւ կը յայտարարես թէ՝
«Իմ ճամբաս Տէրոջմէ ծածկուեցաւ
Եւ իմ իրաւունքս իմ Աստուծմէս զանց առնուեցաւ»։
28Միթէ չգիտցա՞ր կամ չլսեցի՞ր
Թէ յաւիտենական Աստուածը՝ Եհովան,
Երկրի ծայրերուն Ստեղծիչը,
Չի յոգնիր ու չի թուլնար.
Անոր իմաստութիւնը չի քննուիր։
29Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը
Ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը։
30Երիտասարդները անգամ պիտի յոգնին ու թուլնան
Եւ ընտիր կտրիճները բոլորովին պիտի իյնան,
31Բայց Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի
Եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն՝ ՝,
Պիտի վազեն ու չթուլնան,
Պիտի քալեն ու չյոգնին։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 40: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in