1
ԵՍԱՅԵԱՅ 41:10
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. Քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ Ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ։
Compare
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 41:10
2
ԵՍԱՅԵԱՅ 41:13
Քանզի ես քու Տէր Աստուածդ եմ, Որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ ու քեզի կ’ըսեմ. «Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ»։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 41:13
3
ԵՍԱՅԵԱՅ 41:11
Ահա քեզի դէմ ամէն բարկացողները Պիտի ամչնան ու պիտի պատկառին Ու քեզի հետ վիճող մարդիկը Չեղածի պէս պիտի ըլլան ու պիտի կորսուին։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 41:11
4
ԵՍԱՅԵԱՅ 41:9
Որ երկրի ծայրերէն առի, Քեզ անոր եզերքներէն կանչեցի Եւ քեզի ըսի. «Դուն իմ ծառաս ես, Քեզ ընտրեցի ու չմերժեցի»։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 41:9
5
ԵՍԱՅԵԱՅ 41:12
Քեզի հետ կռուող մարդիկը Պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես. Քեզի հետ պատերազմող մարդիկը Չեղածի պէս պիտի ըլլան։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 41:12
6
ԵՍԱՅԵԱՅ 41:14
Ո՛վ Յակոբի որդի, մի՛ վախնար, Ո՛վ Իսրայէլի մահկանացուներ, Ձեզի պիտի օգնեմ, կ’ըսէ Տէրը Ու Իսրայէլի Սուրբը, քու Փրկիչդ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 41:14
7
ԵՍԱՅԵԱՅ 41:8
Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Իսրայէլ եւ Իմ ընտրեալս Յակո՛բ, Իմ սիրելիիս՝ Աբրահամին՝ սերունդը
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 41:8
8
ԵՍԱՅԵԱՅ 41:18
Բարձր տեղերու վրայ՝ գետեր Ու հովիտներու մէջ աղբիւրներ պիտի բանամ. Անապատը՝ ջուրի լճի Ու չոր երկիրը ջուրի աղբիւրներու պիտի դարձնեմ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 41:18
9
ԵՍԱՅԵԱՅ 41:17
Աղքատներն ու տնանկները ջուր կը փնտռեն, բայց չկայ. Անոնց լեզուն ծարաւէն չորցեր է. Ես Տէրս անոնց խնդրուածքին պիտի պատասխանեմ։ Ես, Իսրայէլի Աստուածը, զանոնք երեսէ պիտի չձգեմ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 41:17
10
ԵՍԱՅԵԱՅ 41:4
Ո՞վ է ասիկա գործողն ու ընողը Ու ազգերը սկիզբէն կանչողը։ Ես, Տէրս, որ առաջինն եմ Ու վերջիններուն հետ պիտի ըլլամ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 41:4
11
ԵՍԱՅԵԱՅ 41:19-20
Անապատին մէջ եղեւին, Սատիմ, մրտենի եւ իւղի ծառ պիտի տնկեմ, Անջուր երկրին մէջ մայրի, Սօսի ու տօսախ մէկտեղ պիտի դնեմ, Որպէս զի տեսնեն ու գիտնան Ու մէկտեղ մտածեն ու հասկնան, Թէ ասիկա Տէրոջը ձեռքը ըրաւ Ու Իսրայէլի սուրբը ստեղծեց։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 41:19-20