ԵՍԱՅԵԱՅ 35
35
ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ
1Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան
Եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի։
2Անիկա բոլորովին պիտի ծաղկի
Եւ ցնծութեամբ ու երգերով պիտի ուրախանայ։
Անոր պիտի տրուի Լիբանանին փառքը,
Կարմեղոսին ու Սարօնին վայելչութիւնը.
Անոնք Տէրոջը փառքը,
Մեր Աստուծոյն վայելչութիւնը պիտի տեսնեն։
3Թուլցած ձեռքերը ուժովցուցէ՛ք
Ու դողդոջուն ծունկերը զօրացուցէ՛ք։
4Թուլասիրտներուն ըսէ՛ք.
«Ուժովցէ՛ք, մի՛ վախնաք.
Ահա ձեր Աստուածը վրէժխնդրութիւնով
Ու Աստուծոյ հատուցումովը պիտի գայ.
Անիկա պիտի գայ ու ձեզ պիտի ազատէ»։
5Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին
Ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։
6Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ
Ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ,
Քանզի անապատին մէջ ջուրեր
Ու անբնակ երկրին մէջ հեղեղներ պիտի բղխին։
7Խորշակահար երկիրը լիճի պիտի դառնայ
Ու ծարաւուտ երկիրը ջուրի աղբիւրներ պիտի բղխեցնէ
Եւ չագալներուն պառկած բնակարանը
Եղէգի ու կնիւնի գաւիթ պիտի ըլլայ։
8Հոն պողոտայ ու ճամբայ պիտի ըլլայ
Ու անիկա Սրբութեան Պողոտայ պիտի կոչուի։
Անկէ պիղծ մէ՛կը պիտի չանցնի։
Հապա անիկա անոնց համար պիտի ըլլայ,
Որոնք անոր կ’երթան ու յիմարներն անգամ պիտի չմոլորին։
9Հոն առիւծ պիտի չըլլայ
Անոր վրայ պատառող գազան պիտի չելլէ
Եւ հոն պիտի չգտնուի,
Հապա փրկուածները հոն պիտի քալեն։
10Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան,
Երգով Սիօն պիտի գան
Եւ անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։
Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան
Եւ տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 35: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.