1
ԵՍԱՅԵԱՅ 35:10
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան, Երգով Սիօն պիտի գան Եւ անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։ Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան Եւ տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան։
Compare
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 35:10
2
ԵՍԱՅԵԱՅ 35:3-4
Թուլցած ձեռքերը ուժովցուցէ՛ք Ու դողդոջուն ծունկերը զօրացուցէ՛ք։ Թուլասիրտներուն ըսէ՛ք. «Ուժովցէ՛ք, մի՛ վախնաք. Ահա ձեր Աստուածը վրէժխնդրութիւնով Ու Աստուծոյ հատուցումովը պիտի գայ. Անիկա պիտի գայ ու ձեզ պիտի ազատէ»։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 35:3-4
3
ԵՍԱՅԵԱՅ 35:8
Հոն պողոտայ ու ճամբայ պիտի ըլլայ Ու անիկա Սրբութեան Պողոտայ պիտի կոչուի։ Անկէ պիղծ մէ՛կը պիտի չանցնի։ Հապա անիկա անոնց համար պիտի ըլլայ, Որոնք անոր կ’երթան ու յիմարներն անգամ պիտի չմոլորին։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 35:8
4
ԵՍԱՅԵԱՅ 35:5
Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին Ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 35:5
5
ԵՍԱՅԵԱՅ 35:6
Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ Ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ, Քանզի անապատին մէջ ջուրեր Ու անբնակ երկրին մէջ հեղեղներ պիտի բղխին։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 35:6